Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը պատմական օր մը դարձաւ ՀՄԸՄի եւ հայութեան համար։ 91 տարուան պատմութիւն ունեցող Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը կրցաւ իրականացնել տարիներու իր երազը եւ Համա-ՀՄԸՄական իր 8րդ մարզախաղերը ծրագրեց եւ բացման հանդիսութիւնը կատարեց հայրենի հողին վրայ։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2009ի երեկոյեան ժամը 8ին, մարզախաղերու մասնակից մարզիկ-մարզիկուհիներու տողանցքով։ Հիւրընկալ Հայաստանի կողքին, աշխարհի 15 երկիրներէն՝ Աւստրալիայէն, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Աղեքսանդրիայէն, Գահիրէ, Երուսաղէմ-Հայֆա-Եաֆայէն, Փարիզէն, Լոնտոնէն, Պուլկարիայէն, Հունգարիայէն եւ Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն ժամանած 450 մարզիկներ, մարզիչներ եւ վարչական պատասխանատուներ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտներու գլխաւորութեամբ Երեւանի Հիւսիսային պողոտայէն տողանցեցին դէպի Թումանեան փողոց ու ժամանեցին «Հանրապետութեան» հրապարակ։ Տողանցող շարքերը առաջնորդեց Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան փողերախումբը։ Հրապարակը տեղադրուած բեմին վրայ, տողանցող շարքերը դիմաւորեցին Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Արմէն Գրիգորեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ անցեալի անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Երեւանի փոխքաղաքապետներ Կամօ Աժէեան եւ Տարօն Մարգարեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ախոյեանութիւններու տիրացած հայրենի մարզիկներ։ Բացման հանդիսութեան հետեւելու համար հրապարակը խճողած էր 30,000 հաշուող ժողովուրդ մը, որուն մէջ ուշագրաւ էր յատկապէս մարզախաղերուն համար Սփիւռքէն ժամանած ՀՄԸՄականներու ներկայութիւնը։
Օրուան հանդիսավարներ՝ Կարէն Կիլոյեան եւ Զարուհի Կարապետեան, ներկայացուցին ՀՄԸՄի հիմնադրութեան պատմականը եւ մասնակից իւրաքանչիւր երկրի մասին կարճ պատմականով մը անդրադարձան անոր հիմնադրութեան, կիրարկած մարզաձեւերուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն։ Բոլոր երկիրներու մասնակիցներուն հրապարակ մուտքէն ետք, բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներով, շեփորախումբին կատարողութեամբ։ Ապա, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Տ. Սիոն եպս., որ շեշտեց ՀՄԸՄի առաքելութեան վսեմութիւնն ու տարիներ շարունակ ազգապահպանման համար իր կատարած աշխատանքը Սփիւռքի տարածքին։
Խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթեց մարզախաղերու մասնակիցներուն իրենց հայրենիքին մէջ, նշելով, որ հայրենի հողը միշտ կարօտը ունի իր զաւակներուն։ Յաջորդեց մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Արմէն Գրիգորեանի խօսքը, որ կարեւորեց նման մարզախաղերու կազմակերպումը Հայաստանի մէջ, որ կը ծառայէ նաեւ Սփիւռքի երիտասարդութեան հայրենիք այցելելու եւ հայրենի հողին վրայ մարզական ոգիով մրցելու իրենց եղբայրներուն դէմ։ Ան նշեց, որ հայրենի ախոյեանները եւս ներկայ են հանդիսութեան, բարի գալուստ մաղթելու բոլորին։ Արմէն Գրիգորեան փոխանցեց, թէ Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ յատուկ դասաւորումով պատրաստուած է բաժակ մը, որ պիտի ունենայ շրջուն բաժակի դրութիւն եւ պիտի փոխանցուի այն շրջանին, որ մարզախաղերուն առաւելագոյն յաջողութիւնները կ՛արձանագրէ։
Հիւրընկալ շրջանին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան։ Ան յոյս յայտնեց, որ Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը կը դառնայ հզօրացման նոր ազդակ եւ կը նպաստէ հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման ու ամրապնդման։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Գրիգորիս Պողարեան։ Ան նշեց այս մարզախաղերուն իւրայատկութիւնը, նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ։ Եղբ. Պողարեան փոխանցեց որ այդ առիթ է ներկայ ՀՄԸՄականներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը, հաւատարիմ մնալու Հայաստանեայց եկեղեցիին, ծառայելու ազգին ու հայրենիքին եւ գործելու անդուլ մինչեւ որ «կատարն հայրենի լեռանց հեռագոյնը կարելի ըլլայ կոթողել Դրօշն Եռագոյն»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մարզախաղերուն առիթով յղած էր իր օրհնութեան խօսքը, զորս ընթերցեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեանը։ Արամ Ա. վեհափառ իր խօսքին մէջ առաջին հերթին կ՛ողջունէր ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը, որ դարձեալ հաւաքած է իր աշխարհացրիւ անդամները հայրենի հողին վրայ՝ հաւատարիմ իր որդեգրած սկզբունքներուն, դաւանած արժէքներուն ու հետապնդած երազներուն։ Ապա կոչ ուղղած է բոլո՛ր ՀՄԸՄականներուն, ներկայ թէ բացակայ, միութեան հիմնադիրներուն օրինակով եւ անցնող տասնամեակներու բոլոր տիպար ՀՄԸՄականներու ծառայութեան ճամբով շարունակելու ՀՄԸՄի ազգակերտ ու հայրենաշէն առաքելութիւնը։
Այնուհետեւ, մարզախաղերու մասնակից մարզիկներու անունով Վիգէն Յովհաննէսեան կատարեց ՀՄԸՄական մարզիկին երդումը։
Վերջին խօսքը արտասանեց Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄականներուն համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Ան գնահատեց «հայապահպանան գործին մէջ իր ուրոյն դերն ու տեղը ունեցող միութիւնը» եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Ապա ան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժնին յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր՝ մասնակցութեամբ հայրենի երգի ու պարի խումբերու եւ երգիչ-երգչուհիներու։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ երեկոյեան ժամը 11ին՝ հրավառութեամբ։