Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի (Սէն Կրէկուար) նախկին սաներէ կազմուած ժամանակաւոր յանձնախումբ մը ծրագրած է 2010ի Յունուար 16-23ին վերահանդիպում մը իրականացնել, Հայ կրթական հիմնարկութեան տարեկան աւանդական նաւապտոյտին ընթացքին: Յանձնախումին անդամներն են՝ տոքթ. Վարդան Թաշճեան, Վահան Ճանսըզեան, Սահակ Պալեան, Հրայր Շիրիքճեան, Ռոժէ Խտրեան ու Պօղոս Գուբելեան: Մեկնումը պիտի ըլլայ Ֆլորիտայի Ֆորթ Լաթըրտէյլի նաւամատոյցէն, իսկ եօթնօրեայ զբօսապտոյտի մասնակիցները պիտի վայելեն Քարիպեան կղզիներու արեւշատ ծովափները: Հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ ճեմարանականցիներուն, որ դասընկերներու վերամիանալով՝ ուրախ պահեր անցընեն եւ վերյիշեն պատանեկան զուարթ օրերը:
Տեղին է յիշել, որ նախորդ երկու տարիներուն Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանի նախկին սաները ունեցան նոյն նաւապտոյտով նման վերահանդիպումներ, որոնք բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցան:
Յանձնախումբը նպատակայարմար գտած է նաւապտոյտին հրաւիրել նաեւ քոյր վարժարաններու՝ Մխիթարեանի, Մեսրոպեանի, Սրբուհի Շուշանի, Սրբուհի Ագնէսի եւ Հռիփսիմեանցի նախկին սաները: Մասնակցութեան սակը 779 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել տոքթ. Վարդան Թաշճեանին, Վահան Ճանսըզեանին՝ (818) 246-6468 կամ newarmeniadaily@aol.com, Պօղոս Գուբելեանին՝ (818) 957-5019 կամ rkupelian@sbcglobal.net, Հրայր Շիրիքճեանին՝ (818) 427-9316, Սահակ Պալեանին՝ (818) 352-8371 եւ Ռոժէ Խտրեանին՝ (818) 278-2020:
Կը խնդրուի մասնակիցներէն, որ ճամբորդական ընկերութեան յիշեցնեն, թէ իրենք Սէն Կրէկուարի վերահանդիպումին մաս կը կազմեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.