«Երեւակլուր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրովի կարծիքով, Մատրիտեան սկզբունքներու նոր տարբերակը դժուար թէ էականօրէն տարբերի նախորդէն, որուն բովանդակութիւնը հրապարակուած էր վերջերս։
Ըստ անոր, փոփոխութիւնները կը վերաբերին միայն ժամկէտներուն։ Ռուս փորձագէտին համոզումով, մինչեւ 2009ի աւարտը ոչ մէկ համաձայնագիր պիտի ստորագրուի։ Քիչ հաւանական է նաեւ, որ հիմնական սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ։
Քազիմիրովի դիտարկումով, Մատրիտեան սկզբունքներու շուրջ ներքաղաքական քննարկումները անհրաժեշտ են հասարակական կարծիքի ձեւաւորման համար, սակայն շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքանո՛վ կարելի պիտի ըլլայ երկու կողմերէն ծայրայեղականները չէզոքացնել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.