ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու ու գիտնականներու ընկերակցութեան (ԱՃԳԸ) Սեւանայ Լիճի խնամքի նախագիծին (CARE 4 SEVAN) նուիրուած ժողովրդային տեղեկատուական հանդիպման թուականը փոխուած է եւ այժմ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Օգոստոս 22ին, կ.ա. ժամը 11:30ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ: Հոն պիտի ներկայացուին լիճին վերաբերող հարցերը եւ անոր ապականման դէմ դնելու համար առնուող քայլը:
Օրուան հրաւիրեալ դասախօսն է Միհրան Աղբաբեան, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Շինարարական ճարտարագիտութեան բաժնի նախկին դասախօսն էր եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիր ու անոր պատուոյ ցմահ տնօրէնն է: