ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Այսօր, այսքան տարի ետք, երբ ակնարկ մը կը նետենք Միջին Արեւելքի հայ կուսակցութիւններու անցեալի կեանքին, կառոյցներուն գործունէութեան վրայ, անմիջապէս մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն տարուած մեծ աշխատանքը, ցանուած հունտն ու արդար քրտինքը, հոգեկան թէ բարոյական յաջողութինները, հայակերտումի թէ մարդակերտումի օրհնեալ բերքը։ Ու մենք կը հիանանք մեր տեսածով։
Աստուած իմ, գաղափարական այդ ի՛նչ զօրաւոր հաւատք ու գիտակից նուիրում էր, այդ ի՛նչ խիզախ կամք ու եռանդ էր, զոր մեր կուսակցութիւնները նուիրաբերեցին՝ հայ ազգին թափառական զաւաներուն հոգիին մէջ ազգային գիտակցութիւն սերմանելու, ազգային սրբազան կրակ վառելու։
Բայց այսու մեր նպատակը այդ հոգեկան թէ բարոյական, նիւթական թէ ֆիզիքական յաղթանակներուն մասին խօսիլ չէ։ Այլ, մեր ըսել ուզածը այն է, թէ մարդկային այդ ի՛նչ խուռներամ բազմութիւններ էին, հայրենի հողին կարօտով մրրկած այդ ի՛նչ մարդիկ էին, որոնք ազգային տեսլականներով համակուած՝ կը լեցնէին թէ Հալէպի եւ թէ Պէյրութի կուսակցական ակումբները։ Թէեւ, խորքին մէջ, հայրենիքէն հալածուած, ջարդուած հայոց մնացորդացն էր, որ ինքնիր ամբողջականութեամբ կը շաղախուէր, ինքնիրմով կը մրրկէր ու կը դառնար մէկ ամբողջութիւն, մէկ ուժ, որ կը ծառայէր հայ ու Հայաստան տեսլականին։ Թէեւ տարբեր անուններով եւ ճիւղաւորումներով։
Հոն՝ ասպնջական Սուրիոյ թէ Լիբանանի մէջ, կուսակցութիւն թէ ժողովուրդ, ամէն կուսակցութիւն ունէր իր ժողովուրդը, կարծես՝ մէկը միւսով կ՛ամբողջանար։ Կարծես՝ մէկը միւսով կը զօրանար։ Քանի կուսակցութիւն թէ ժողովուրդ, այնքա՛ն շաղախուած էին իրարու, այնքա՛ն միացուլուած էին իրարու մէջ, որ մարդ կը դժուարանար զանոնք զանազանել իրարմէ։
Այդ օրերուն, կուսակցական ակումբները դարձած էին տեսակ մը ժողովրդային տուն, դարձած էին ձեւով մը ժողովուրդային ջերմիկ օճախ՝ հաճելի, մտերիմ։
Յարգելի ընթերցող, դուք տեսա՞ծ էք Հալէպի Թիլէլ պողոտային վրայ գտնուող ՀՄԸՄի ակումբը՝ այդ հնամեհի ոճով, բայց մեծղի, հաճելի կառոյցը, որ նստած էր ծանր, խոհուն, եւ իբրեւ նահապետական ընտանիքի զաւակ՝ կը դիտէր ՀՄԸՄի աշխատանքը, երգն ու բերքը, խաղն ու տաղը բազմաճիւղ։
Յարգելի ընթեցող, դուք վայելա՞ծ էք ասպնջական ընդունելութիւնը ՀՄԸՄի ակուբին։ Դուք ըմբոշխնա՞ծ էք անոր մեծարանքն ու պատիւը փառաւոր…։ Ուստի, հաճեցէք նստիլ սանկ քովս, սա համեստ աթոռին վրայ, ու ես կամաց-կամաց ձեզի պատմեմ անոր կեանքը, անոր փառքն ու տառապանքը հաճելի։
Թուրքին կազմակերպած հայոց Մեծ æարդէն ետք, ազգային ինքնակերտումի, վերականգնումի օրերուն, կուսակցական ակումբները դարձած էին յոյսի, լոյսի խորան, ուր սերունդները սերունդներուն ձեռք տուած՝ կու գային ուխտի։ Կու գային գաղափարական հաւաքի։ Անոնք՝ այդ միամիտ անկեղծ տղաքը, կու գային ակումբ նուիրուելու, ծառայելու այն մաքուր հաւատքով, թէ՝ իրենք պարտական են իրենց ազգին, իրենց պապերուն արեան հանդէպ։ Թուրքին, քիւրտին տուած վէրքը դեռ կը կոտտար իրենց սրտին մէջ։
Անոնք՝ ուխտեալ թէ համակիր, կու գային ակումհայրենի խապրիկ մը առնելու, իրենց կարօտին, իրենց տարտին յոյս մը, լոյս մը լսելու։
Մինչ իրիկուան մութը հազիւ թէ թեւերը կը տարածէր հայակերտ Նոր գիւղին վրայ, ՀՄԸՄի սկաուտը կը դիմէր հօրը ըսելով.
– Հայրիկ, այսօր Ուրբաթ է, սկաուտական ժողովիս օրն է։ Ուստի, ակումբ պիտի երթամ։ Այսօր մեր խմբապետը կարեւոր նիւթի մը մասին պիտի խօսի։ Նկատի ունեցէք, որ կրնամ ուշանալ։
Ու կ՛երթար։ Կ՛երթար՝ դաստիարակուելու, բան սորվելու, մարդանալու։ Նոյն ժամերը քիչ մը անց, ուրիշ մը կը ձայնէր.
– Կնի՛կ, ակումբ կ՛երթամ։
Դաշնակցական շարքային մըն էր։ Շեշտը քիչ մը հրամայական. ու կ՛երթար։ Բայց տիկինը տարիներու փորձառութենէն գիտէր, որ այդ գիշեր, ամուսինը կուսակցական ժողովի կ՛երթար, «Զաւարեան» ակումբ կ՛երթար։ Զաւարեան բառը՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մասնակից Սիմոնին մականունն էր։ Բայց այս պարագային, փոխաբերաբար ե՛ւ դպրոցին ե՛ւ գրադարանին ե՛ւ Դաշնակցութեան կոմիտէին ե՛ւ պատանեկան միութեան մակդիրն էր։ Հոն, դպրոցէն ներս, ցերեկները հայ սերուդներ կը դաստիարակուէին՝ հայ գիր ու բանին խորհուրդով։ Իսկ գիշերները, հայ ազգին ցաւը շալկած կուսակցական ժողովներ տեղի կ՛ունենային։ Երբեմն, «ջան ֆետայի»ներ կ՛իջնէին ժողովի՝ յոյս ու լոյս ներշնչելու։
ՀՄԸՄի ակումբը։ Այս խօսքը այդ հեռաւոր օրերուն այնքա՛ն խոր ու խորունկ իմաստ ունէր, այնքա՛ն ուժականութիւն ու խորհուրդ ունէր, որքան եթէ մէկը ըսէր՝ եկեղեցի կ՛երթամ։ Թերեւս եկեղեցի գացողին կարելի ըլլար բանի մը համար առարկել։ Բայց ակումբ գացողին համար՝ վերապահ կը գտնուէին։ Ակումբէն ներս ազգային հարց կար, խորհուրդ կար։ Հոն ազգին համար խոր ու խորունկ ժողով կար։ Հոն երկրի կարօտով մրրկող, տուայտող հայ մարդուն համար հոգեկան հայրենիք կար, ցաւ ու հոգ կար։ Հոն ազգին ապագայ սերունդներուն համար լսելու սորվելու, սուրբ ու սրբազան լսարան կար, գաղափարական պատգամ կար։ Հոն ակումբը գաղափարական հաւատամքի բագինն էր, ուր ուխտեալները պիտի գային գաղափարական շունչով, կրակով ջերմանալու։
Եւ դեռ՝ պալատական այդ կառոյցը, իբրեւ ակումբ մկրտուած օրէն, առանց ցերեկ գիշեր ըսելու, առանց կարգ կանոն նկատի առնելու, առանց յոգնելու սպասարկած է ՀՄԸՄի աշխատանքներուն, սպասարկած է ՀՄԸՄի երգին ու բերքին։ ՀՄԸՄի նեղ օրերուն, ինքն ալ նեղուած ու դեղ-դարման փնտռած է։ Իսկ յաջողութեան, ուրախութեան հետ՝ ինքն ալ ուրախացած ու քէյֆ ըրած։
Եւ դեռ, ակումբը մաս կը կազմէր շատերու առօրեային, կեանքին։
Շատերուն համար սովորութիւն դարձած էր գործէն արձակուելէ ետք, տուն չգացած, գործի հագուստով գալ ակումբ՝ ընկեր բարեկամ տեսնելու, քիչ մը խօսելու, ֆութպոլի մասին տեղեկութիւն ստանալու եւ հոգեպէս լիցքաւորուած՝ տուն դառնալ՝ վաղը նորէն գալու, վաղը նորէն զիրար տեսնելու, իրարու բարեւելու եւ բարեւին իմաստը զօրացնելու։
Ու, չէին մոռնար… Ու դեռ, ուրիշներ ակումբ կու գային, պարզապէս ակումբին մթնոլորտէն համ առնելու։ Ու դեռ, ուրիշներ ակումբ կու գային՝ կօշկակար Սիմոնին նարտիի խաղը դիտելու, Հրաչ Փափազեանին իմաստալի խօսքերը մտիկ ընելու։ Ապա «Լեւոն աղբարին» (սրճեփին) համով սուրճը խմելէ ետք, հոգեպէս բաւարարուած տուն կը դառնային։ Ու դեռ, չեմ խօսիր այլազան ժողովներու, մտային աշխատանքներու, գրադարաններու, փինկ-փոնկի սեղաններու եւ այլ խաղերու տուած զբաղումներուն մասին, որոնք մաս կը կազմէին ակումբային կեանքին։ Նաեւ, երիտասարդութիւնը մեծապէս հետաքրքրուած էր ազգային կեանքով։ Իրապէս գնահատելի եւ ուրախալի էր անոնց մօտեցումը։ Բայց այս բոլորին մէջ գագաթը, այդ բոլորին մէջ ամէնէն ժողովրդայինը, այդ բոլորին ամէնէն հետաքրքրականը, փառք ու պատիւ բերողը ՀՄԸՄի ֆութպոլի մրցումն էր՝ հազար հազարներու նախասիրածը, հազար հազարներու կուռքը։ Կիրակի օրով, ֆութպոլի մրցումին, խումբը յաղթէր թէ, պարտուէր՝ ակումբը պիտի լեցուէր։ Ակումբը ծոցը պիտի բանար, սիրտը պիտի բանար եւ հազարաւոր ժողովուրդին տեղ պիտի տար։ Ու այդ գիշեր ակումբը պիտի շէննար։ Ու այդ գիշեր ակումբը պիտի թնդար այդքան մարդու բացագանչութիւններէն, «հուռա՜, հուռա՜» կանչերէն։ Ակումբը մաս կը կազմէր այդքա՛ն մարդու ուրախութեան, այդքա՛ն մարդու հայանալուն։ Ու այդ էր կարեւորը։ Ու այդ էր ակումբին գլխաւոր դերը։ Նաեւ, այդ էր ՀՄԸՄը յաջողութեան տանող առաջնորդը։ ՀՄԸՄի մէն մի յաղթանակին, մէն մի բաժակին, հազար հազարներ կը հայանային, հազար հազարներ փառք ու պատիւ կու տային ՀՄԸՄին։
Ու այդ գիշեր, յաղթանակէն տուն դարձի ճամբուն վրայ, հազարաւոր հայորդիներ, ֆետայական երգերով ուրախ՝ կը թնդացնէին հայակերտ Նոր գիւղը՝ պզտիկ Հայաստանը, հայրենակարօտ հայը…։
Այդ գիշեր օրօրոցի մանուկն անգամ, ոտքի կանգնած կը գոռար.
– Հա՛յ եմ ես, Հա՛յ եմ ես, Քաջ Վարդանին թո՛ռն եմ ես։
Այդ ի՜նչ անուշ օրեր էին։ Մարդակերտումի, հայակերտումի այդ ի՜նչ հիանալի օրեր էին։ Ակումբը՝ ՀՄԸՄի «Թիլէլ»ի ակումբը, տակաւին կայ ու կը գործէ։ Շատերու յիշողութեան մէջ՝ դեռ կ՛երգէ, դեռ կը պարէ։ Ու թեւեր առած կ՛երթայ Մուշ, Սասուն։ Կ՛երթայ Գէորգ Չաւուշի շիրիմին ու կը ձայնէ.
– Գէորգ, լաօ ե՛լ, ե՛լ երթանք տուն, երթանք Սասուն, Հայոց աշխարհը կարօտ է քու քաջութեան, կարօտ է քու սխրանքին։ Ե՛լ…։
Աստուա՜ծ իմ, երգի, բերքի այդ ի՜նչ անուշ օրեր էին, հայկական այդ ի՜նչ աննման տղաք էին, որոնք եկան ու գացին ինչպէս երազ։ Բայց անոնց յիշատակը դեռ կը մնայ, դեռ կը խօսի շատերու հոգիին մէջ, իբրեւ հեքիաթ, իբրեւ անցեալէն եկած զրոյց անմոռանալի։
Այս էր իմ տեսած ու ապրած Հալէպի ՀՄԸՄ ակումբը։ Գուցէ, կեաքի պայմաններու բերումով, շատ բաներ մոռցած ըլլամ։ Բայց ակումբը՝ ՀՄԸՄի յաղթանակ կերտող ակումբը, ուր սովորութիւն դարձած էր գործէն արձակուելէ ետք, տուն չգացած, գործի հագուստով գալ՝ ընկեր, բարեկամ տեսնելու, զրուցելու, նարտի խաղալու, վիճելու… Ապա, տուն կը դառնային՝ վաղը նորէն գալու, վաղը դարձեալ զիրար տեսնելու տեսլականով։ Տուն կը դառնային… Աւելի՛ հայացած, աւելի՛ հաւատաւոր, աւելի՛ վճռակամ…։
Ո՛վ հայ մարդ, այս հեռաւոր ափերուն վրայ, այդ ակումբը տուր մեզի: