ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հաւաքական ապահովութեան ուխտի (ՀԱՈՒ) կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտուժա Հինգշաբթի, Օգոստոս 6ին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման այլընտրանք գոյութիւն չունի»։
Ան ըսած է, որ մէկ տարի առաջ Կովկասի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ ուժի գործածութիւնը պետութիւններու միջեւ հարցերու լուծումի չ՛առաջնորդեր։ «Միայն կողմերուն կողմէ միասնաբար առնուած խաղաղ որոշումները կրնան Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ապահովել», նշած է ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Հաւաքական պաշտպանութեան ուխտի կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ, եթէ Ատրպէյճան ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տիրանալ զինուորական միջոցներով եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ ծագի, Պորտուժա յայտնած է. «Հաւաքական պաշտպանութեան ուխտի 4րդ յօդուածը կ՛ըսէ, թէ Հաւաքական պաշտպանութեան ուխտի անդամ երկիրներէն մէկուն դէմ յարձակում մը անոր բոլոր անդամներուն դէմ յարձակում պիտի նկատուի։ Մենք միայն ասիկա նկատի կ՛ունենանք։ Մնացեալը միայն արգելակիչ խօսքեր են եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման չեն նպաստեր։ Մասնաւորաբար, Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ռուս, հայ եւ ատրպէյճանցի նախագահներուն հանդիպումները կը հաստատեն, թէ գործընթացը կը շարունակուի եւ իւրաքանչիւր կողմ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման»։
Հաւաքական պաշտպանութեան ուխտ կազմակերպութեան անդամ են Հայաստանը, Պելոռուսը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, Ռուսիան, Տաճիկիստանն ու Իւզպէքիստանը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.