ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պրայզան է դարձեալ խօսողը:
Ատրպեճանական մամուլի գործակալութեան հետ է անոր հարցազրոյցը: Կարեւոր փաստ է ասիկա, որովհետեւ այս պաշտօնեան, ինչպէս հաւանաբար բոլոր հմուտ դիւանագէտները, ըստ պահի եւ ըստ հանդիսատեսի կը կարէ ու կը ձեւէ իր խօսքը:
Այսօր Պրայզա պիտի երթայ Հայաստան ու Ծաղկաձորի մէջ առիթ պիտի ունենայ հայ հանրութեան փոխանցելու իր պատգամը, իր վերլուծումն ու մեկնաբանութիւնները:
Նախքան Երեւան մեկնումը, մէկ ուրիշ ատրպէյճանցի դիւանագէտ պաշտօնատարի մը մէկ արտայայտութեան մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի բնութագրումը գողնալով՝ Պրայզա իր «միտքի գոհարները» կը փորձէ շաղ տալ ատրպէյճանցիներուն ականջին մեկնաբանելով Ղարաբաղեան բանակցութիւններու վերջին փուլի զարգացումները:
Մատրիտեան սկզբունքներու վերաբերեալ, Պրայզա կը բացայայտէ, որ համանախագահները Քրաքովի մէջ հիմնական որեւէ փոփոխութեան չեն ենթարկած այդ սկզբունքները:
Հապա ի՞նչ էր իրենց ըրածը Քրաքովի մէջ:
Պատասխանը.
«Մենք ուշադիր լսեցինք Մատրիտի փաստաթուղթի մեր ներկայացման առաջին օրէն՝ Նոյեմբեր 2007էն ետք եղած բոլոր արտայայտութիւնները: Մենք գնահատեցինք երկու նախագահներուն ըսածները, բանակցութիւններու ընթացքին անոնց կարիքները, եւ մէջտեղ բերինք մեր լաւագոյն առաջարկները, թէ՝ ինչպէ՞ս կրնանք կամրջել երկուքին միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքերը, եւ իսկապէս կրցանք բաւական մօտեցնել զանոնք: Հետեւաբար ասոնք հիմնական փոփոխութիւններ չեն, բայց նաեւ ձեւական ալ չեն»:
Մանրամասնութիւններէն խուսափող (ի վերջոյ, սատանան մանրամասնութեանց մէջ է, չէ՞) Պրայզա, ողջունելէ ետք ԱՄՆի, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հրապարակային զօրակցութիւնը մատրիտեան սկզբունքներուն, կը նշէ, թէ Քրաքովի մէջ համանախագահները այժմէականացուցած են այդ սկզբունքները «մեծ յարգանքով», հիմնուելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու եզրակացութիւններուն ու տեսակէտներուն վրայ:
Պրայզա, վկայակոչելով ատրպեճանական հեռատեսիլէն հնչած նոյնանման գնահատում մը՝ կը պնդէ, թէ մատրիտեան հիմնադրոյթները հակամարտութեան լուծման համար «արդար նախագիծ» մը կը տրամադրեն:
«Ահագին բան շարժած է եւ մենք թեւակոխած ենք Մինսկի գործընթացի նոր փուլ մը, որ կը նշանակէ թէ մօտեցած ենք հիմնադրոյթները վերջնական տեսքի բերելու իրողութեան», կ՛ըսէ Պրայզա:
Յանկարծ, գրեթէ բանակցութեանց աւարտին հասնելու այս աւետիսին հետ, կ՛արծարծուի «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանցի եւ հայ համայնքներու» մասնակցութեան հարցը:
Ասիկա արդէն սպառնալիքի պէս բան մըն է՝ ուղղուած հայկական կողմին, որ չմտածէ իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ընտրեալ ներկայացուցիչներուն մասնակցելու հարցը առաջադրել, որովհետեւ, նման պարագայի, անմիջապէս ատրպէյճանցի համայնքով կը չէզոքացուի ու կը նսեմացուի այդ առաջարկը:
Պրայզա, կը «յստակացնէ», թէ որեւէ լուծում տեսական չի կրնար ըլլալ, եթէ նկատի առնուած չըլլան «Ղարաբաղի հայերու եւ ազերիներու» տեսակէտները: Ա՛յս հանգրուանին, Պրայզա ու իր ընկերները այդ տեսակէտներուն կը ծանօթանան անպաշտօն հանդիպումներու ճամբով, եւ Պրայզա չի մոռնար ըսելու, որ ինք իր Պաքու կատարած յաջորդ այցելութեան, անպայմանօրէն պիտի հանդիպի ատրպէյճանցի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Բանակցութեանց մէջ յաւելեալ կողմեր ներգրաւելու հարցը, ըստ Պրայզայի, կրնայ լուծուիլ միայն Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ: Ղարաբաղը մինչեւ 1998 բանակցութեանց սեղանին նստած էր, սակայն Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները որոշեցին, որ իրենք պիտի բանակցին Ղարաբաղի կողմէ: Հիմա այդ որոշումը փոխելու համար, երկու կողմերն ալ պէտք է համաձայնին: Մինչ այդ, սակայն, Պրայզայի համար հաւասարապէս կարեւոր դարձած է մատրիտեան սկզբունքները այնպէս մը ձեւակերպել, որ ընդունելի ըլլան Ղարաբաղի «նախկին եւ ներկայ բնակչութեան»:
Տոկոսային առումով կարելի է գնահատական մը տալ, թէ հիմնադրոյթներէն որքա՛նը ընդունուած է կողմերէն, եւ որքա՛նը մնացած է: Ատրպէյճանցի լրագրողի այս հարցումին պատասխան չէ տուած Պրայզա:
«Կրնամ (միայն) ըսել, թէ, առաջին՝ ոչ մէկ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ առանց ամբողջը համաձայնեցնելու», ըսած է Պրայզա եւ առաւել պատկերաւոր ձեւով բացատրելու համար ըսածը, տուած է հետեւեալ նկարագրութիւնը.
«Ես կ՛ուզեմ Ա.ը, եւ ստանելու համար (տալու համար) Ա.ը, դուն ինծմէ կ՛ուզես Բ.ը: Եթէ ես տամ քեզի Բ.ը, ապա դուն ինձմէ պիտի պահանջես Գ.ը, իսկ եթէ քեզի տամ Գ.ը, ապա ես Ա.էն մէկ այլ բաժին ալ պիտի ուզեմ: Կը փորձես բանակցութիւնները այսպէս առաջ տանիլ: Բայց նաեւ, պարտաւորուած կ՛ըլլաս երբեմն ետ վերադառնալու եւ վերանայելու այն կէտերը, որոնց շուրջ արդէն մասնակի համաձայնութիւն գոյացած էր: Ուրեմն, բոլոր հարցերը իրարու կապուած են: Հետեւաբար, երբեմն ստիպուած կ՛ըլլաս սանթիմեթր առ սանթիմեթր յառաջանալ, ինչ որ մենք ըրինք Քրաքովի մէջ»:
Այս բոլորէն ետք Պրայզայի կողմէ ըսելը, թէ՝ երկու նախագահները «աւելի կամ պակաս» ընդունած են մատրիտեան հիմնադրոյթները, որոնք կը հանդիսանան «խաղաղութեան համաձայնագիրի մը տանող շրջանակը», որեւէ բան կը նշանակէ՞:
Կրնայ ան աւելի ծանրակշիռ հաստատում ալ ընել՝ ըսելով, որ երկու նախագահները «ըստ էութեան», կամ «հիմնականին մէջ», ընդունած են մատրիտեան սկզբունքները», բայց նման յայտարարութիւն մը, գոնէ այսօր, ոչ մէկ արժէք ունի: Այսուհանդերձ, մատրիտեան սկզբունքներուն հակադրուած կողմ ըլլալով՝ մեզի համար նման յայտարարութիւն մը կ՛ուղղորդէ հակազդման մեր լծակները վերարժեւորելու, որպէսզի պատրաստ ըլլանք այն հաւանական օրուան, երբ Ա.էն Գ. ճանապարհը լրիւ հարթուած նկատուի կողմերուն միջեւ: Այդ օրը, տակաւին շատ հեռու կը թուի ըլլալ: