ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ գործունէութեան վերսկսման պաշտօնական յայտարարութեան տարեդարձն է այսօր:
Աւելի կանուխ արդէն սկսած աշխատանք մը պաշտօնապէս եւ օրինապէս շարունակելու յայտարարութիւնն էր, որ հրապարակուած էր այդ օրը, ճիշդ տասնինը տարիներ առաջ:
Պատմական օր էր այդ օրը իւրաքանչիւր Դաշնակցականի եւ ազգային գաղափարախօսութեան հաւատացող իւրաքանչիւր հայորդիի համար:
Պատմական էր, որովհետեւ անուղղակիօրէն, Դաշնակցութեան այդպէս բացայայտ վերադարձով Հայաստան, կ՛ազդարարուէր մէկ այլ հիմնաւոր փոփոխութիւն մեր հայրենիքի իրականութեան մէջ, որ այլ յեղաշրջող փոփոխութեանց հետ միասին, ի վերջոյ շօշափելիօրէն մօտիկ պիտի բերէր մինչ այդ միայն երազուած անկախութեան վերականգնումը:
Արդարեւ, խորհրդային կարգերու թուլացման, համայնավար ոստիկանական ամբողջատիրութեան քանդման պայմաններուն տակ, միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կրնար բացայայտ աշխատիլ Հայաստանի մէջ: Հետեւաբար, Օգոստոս ութն պիտի հանդիսանար այդ քանդումի նշաններէն ու ապացոյցներէն մէկը:
Հիմա, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը արդէն անքակտելի մասը դարձած է Հայաստանի հանրապետութեան իրականութեան: Այժմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամէն օր անօրինակ խայտանքով կ՛ապրի ու կը գործէ անկախ Հայաստանի հողին վրայ՝ անշահախնդրօրէն իր կարելին ներդնելով երկիրը բարգաւաճ, արդար ու հզօր դարձնելու ճիգերուն:
Հիմա, Օգոստոս ութը սովորական օր է Դաշնակցութեան ու իր համակիրներուն համար, որովհետեւ անկախ Հայաստանի մէջ կան աւելի մեծ իրագործումներու տարեդարձներ այլեւս, որոնց փառահեղութեան դիմաց, մեր՝ դաշնակցականներու մեղսակցութեամբ, կը նսեմացնենք այս օրը:
Ի՞նչ տարեդարձներ:
Սեպետեմբեր 21, Մայիս 9ը: Այս երկուքը բաւարար են: Այդ չափերով պէտք է մտածել այլեւս: