ԵՐԵՒԱՆ.- Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը Չորեքշաբթի օր, շարունակուեցան Երեւանի մէջ։ Խաղերու կողքին, մասնակիցները՝ 550 հոգի՝ մարզիկներ, պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բարեկամներ, երէկ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։
Ծիծեռնակաբերդի մէջ, միութեան մեծ ընտանիքին կողմէ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները։ Ապա, բոլորը մէկական ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ՝ վայրկեան մը լռութեամբ յարգելով նահատակներուն յիշատակը, ապա «Յառաջ նահատակ» քայլերգով հրաժեշտ տուին յուշահամալիրին։
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութենէն առաջ, մարզախաղերու մասնակիցները ունեցան դաստիարակչական յայտագիր։ ՀՄԸՄի եւ Հայ Դատի մասին դասախօսութիւններով հանդէս եկան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ ՀՅԴ Երեւանի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը։
Նաեւ երէկ, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները առանձին այցելութիւն մը տուին Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծանօթացան թանգարանի զանազան բաժիններուն։ Ապա, անոնք հիւրընկալուեցան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ։