Խմբագրութիւնս ստացաւ Դանիէլ Թիւֆէնքճեանի «Ծոցէն» գիրքը։
Հատորի 15Օ էջերուն մէջ զետեղուած են հետաքրքրական 13 կարճ պատմուածքներ, բոլորն ալ գրուած արեւմտահայերէնով։ Գիրքին պարունակութիւնը նախապէս լոյս տեսած է Փարիզի «Յառաջ»ին մէջ, պարբերական գրութիւններով 198…-1989 տարիներուն։
Դանիէլ Թիւֆէնքճեան այս հատորը ձօնած է Հայերէն լեզուի բոլոր իր ուսուցիչներուն եւ Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին։
Հեղինակին հասցէն է՝ Taniel Tufenkjian, 2422 Pocatello Ct., Simi Valley, CA 93065. իսկ համացանցային հասցէն՝ taniel.54@yahoo.com.