ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Վերջապէս հասաւ Օգոստոս ամիսը՝ արձակուրդի եւ հանգիստի ամիսը: Արձակուրդի ու հանգիստի մեկնելէն առաջ, նաեւ կը փափաքինք շատ աւելի սիրուն եւ տարբեր ու հանգիստ տեսք ունենալ այդ միջոցին: Նորաձեւութենէն դուրս չենք ուզեր մնալ: Շատ յոգնելու ու մտահոգուելու կարիքը չունինք, եւ ոչ ալ չափազանց նորաձեւութեան գերին դառնալու պէտք ունինք: Յիշենք, որ սիրուն երեւալու համար ինքնավստահ ու խաղաղ ըլլալը ամէնէն կարեւորն է: Ասոր կողքին, կ՛առաջարկենք կարգ մը խորհուրդներ. միշտ դիմեցէք պարզին, գեղեցիկին, կարեւորին ու գործնականին:
Սակայն նկատելի է երբեմն, որ կարգ մը կիներու համար չափազանց անտեսուած է ճամբորդական օրերու հագուածքը: Այդ մէկն ալ հաճելի չէ: Գտէք միջին եզրը եւ հաւանաբար այս խորհուրդները պիտի նպաստեն: Անշուշտ շատ կարեւոր է արձակուրդի վայրին յարմարուիլը: Վայրը իր հիմնական խօսքը ունի տարազի ընտրութեան մէջ: Արկածախնդրական ճամբորդութեան մը համար շատ կոկիկ ու նուրբ հագուածքը անկարելիութիւն է: Անոր կողքին արձակուրդի ընթացքին համերգի մը ներկայ գտնուիլը թափթփած «շորթ»ով, կրկին անյարմար է:
1- Ճամբորդած միջոցին թոյլ տարազներ հագուեցէք: Խուսափեցէք ճինզէ, բարձր կրունկէ եւ ամէն բանէ, որ ձեր մարմինը կը ճնշէ:
2- Թեթեւ ամառնային սանտալներ եւ մարզական կօշիկներ հագուեցէք ճամբորդութեան միջոցին:
3- Ձեր այցելած վայրին համաձայն կամ այդ վայրը խորհրդանշող բան մը հագուեցէք:
4- Ձեր գլխարկները նախապէս պատրաստեցէք: Վերջին վայրկեանին օդակայանի մէջ ընտրուած գլխարկը վստահաբար միշտ ճիշդ ընտրութիւնը պիտի չըլլայ: Հապճեպով եղած բանի մի վստահիք, այլապէս պատկերներով միշտ պիտի յիշէք այդ տաղտուկը:
5- Ձեր հետ ունեցէք անպայման մարմինը ծածկող pashmina կապոցներէն: Անոնք զանազան հագուածքի սխալները կը ծածկեն եւ նաեւ սիրուն տեսք մը կը պարգեւեն: Արեւու ակնոցները եւս լաւ դերակատարութիւն ունին այս իմաստով: Ճամբորդութենէ սպառած աչքերը եւ յոգնած երեւոյթը ակնոցի միջոցաւ կը չքանան:
6- Ձեր ընտրած հագուստին կերպասը նաեւ հանգիստ պէտք է պարգեւէ ձեզի: Առաձգական կերպասներով պատրաստուած շատ սիրուն ու յարմարաւէտ հագուածք որդեգրեցէք եւ ըստ այնմ ճամբայ ելէք: Անշուշտ քաջալերելի չէ միշտ կատարեալ մարզական երեւոյթով ըլլալը:
7- Ճամբորդութեան ժամանակ սեւ գոյնին շատ մի վստահիք: Այս ըսելով նաեւ կը շեշտենք, որ պաշտօնականութեան համար անպայման սեւ գոյնի երկու կտոր ունեցէք ձեզի հետ: Սեւ տաբատ մը ու սեւ հագուստ մը: Անշուշտ այս երկուքին հետ միասին յարմարող յարակից մասերը եւ զարդեղէնի բաժինը:
8- Ձեր մազերը լաւ հոգատարութեան կարիք ունին: Ամբողջ օրը երեխաներու համար վազվզելէ ետք, արձակուրդի մեկնելէ առաջ, ձեր մազերը լաւ խնամեցէք ու այդպէս ճամբայ ելէք: Highlight կրնաք ընել եւ կամ կատարեալ շիտակ պահել զանոնք, ըստ ձեր հագուածքին ու այցելած վայրին:
9- Գիշերային եւ լուրջ առիթները մի մոռնաք: Ինչպիսի՛ ճամբորդութեան համար ալ մեկնիք, անպայման ձեզի հետ ունեցէք գիշերային կռնակը բաց հագուստ մը, լաւ անուշահոտ մը, բարձր ու բարակ կրունկով սանտալ մը, աչքառու ականջի զոյգ օղ մը եւ ամէն ինչ, զոր պիտի օգտագործէք պաշտօնական առիթի մը համար:
Այս բոլորը պիտի պատրաստեն ձեզ ֆիզիքական իմաստով, սակայն հոգեպէս դուք ձեզ պատրաստելը ամէնէն կարեւորն է: Մանաւանդ նախքան մեկնիլը, ամբողջութեամբ դրական մօտեցում ունեցէք ճամբորդութեան մասին եւ դէպի լաւը պատրաստուեցէք: Անակնկալներու պարագային, որոնք անախորժ կրնան ըլլալ, հանդարտութեամբ վերաբերեցէք եւ «ամէն ինչ խանգարուեցաւ»ի հոգեբանութեամբ երբեք մի դիտէք հարցերը: Իւրաքանչիւր դէպք, նոյնիսկ եթէ անախորժ է, իր դաստիարակիչ կողմը ունի: Այդ լուսաւոր ու դաստիարակիչ բաժինին վրայ կեդրոնացէք ու հարցը լուծելով՝ անցէք ձեր հաճոյքի օրերուն եւ ժամերուն:
Յիշեցէ՛ք, ամբողջ տարին սպասած էք այս արձակուրդին եւ ահագին դրամ ծախսած էք, որ այդ օրերը նպաստեն ձեր երջանկութեան ու հանգիստին: