ԹԻՖԼԻՍ, «ՓանԱրմինըն».- Ըստ «Երկիր» միութեան տուած տեղեկութիւններուն, վրացական իշխանութիւններու կողմէ սադրանք կը նախապատրաստուի ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանի դէմ, եւ անոր նպատակն է Չախալեանի չէզոքացումը:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 31ին Վահագն Չախալեան Թիֆլիսի Կլտանիի թիւ 8 մեկուսարանէն տեղափոխուած էր Ռուսթաւի քաղաքի թիւ 2 բանտ, ուր բարենպաստ պայմաններ կան՝ հնարաւոր սադրանք կազմակերպելու համար։
«Երկիր» միութիւնը վրացական իշխանութիւններէն կը պահանջէ երաշխաւորել Վահագն Չախալեանի անվտանգութիւնը եւ զայն տեղափոխել իր բանտարկութեան նախկին վայրը, իսկ Վրաստանի հանրային պաշտպան Սոզար Սուպարիէն, Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն կը խնդրէ միջոցներու ձեռնարկել Վահագն Չախալեանի անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: