ՓՕԼ ՉԱՏՐՃԵԱՆ
Անցեալ Շաբաթ օր, Ամերիկայի Դաշնակցային հետախուզական գործակալութեան համար նախապէս իբրեւ թարգման աշխատած Սիպիլ Էտմընտզի երդուեալ վկայութեամբ, ի յայտ եկան ցնցող մանրամասնութիւններ, թէ՝ ինչպէ՛ս թրքական կառավարութիւնը սերտօրէն առնչուած է մարդկանց եւ կազմակերպութիւններու ցանցի մը, որ կաշառած, համոզած եւ, առնուազն կայ մէկ պարագայ, ուր նաեւ ահաբեկած է ամերիկացի օրէնսդիրներ եւ կառավարական կաշառակեր պաշտօնատարներ:
Կաշառք, ահաբեկում, ճնշում: Ամէն միջոցի դիմուած է, որպէսզի արգելք հանդիսանան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Անցեալին, թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչներ միշտ ալ փորձած են ամէն հնարաւոր միջոցներով արգելակել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ այդ հարցին մասին մամուլի հրապարակումները խափանելով, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու վրայ ճնշում բանեցնելով:
Բայց Սիպիլ Էտմընտզի վերջին զգայացունց վկայութենէն ետք է միայն, որ կարելի է իսկական պատկերացում կազմել, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մինչեւ ո՛ւր պատրաստ է խախտելու օրէնք ու միջազգային չափանիշներ, պարզապէս խափանելու համար ճշմարտութեան տարածումն ու Հայ Դատը:
Սեպտեմբեր 11ի սարսափազդու գործողութենէն ետք Դաշնակցային հետախուզական գրասենեակը (ԴՀԳ) գործի հրաւիրած էր լեզուագէտ Սիպիլ Էտմընտզը իբրեւ թարգման: Մէկ տարի ետք սակայն, Էտմընտզ գործէ արձակուած էր, երբ զեկուցած էր թուրք քաղաքացիներու կողմէ կատարուող ապօրինի արարքներու մասին, որոնք քօղարկուած են իր ղեկավարներուն կողմէ:
Էտմընտզ տարիներով քաջաբար պայքարած է արդարադատական համակարգին դէմ, որ կարենայ իր ձեռք ձգած տեղեկութիւնները պատմել աշխարհին: Անցեալ Շաբաթ օր, Սիպիլ Էտմընտզ ի վերջոյ յաջողեցաւ ազատօրէն խօսիլ՝ շնորհիւ ամերիկահայ Տէյվիտ Գրիգորեանին, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ ըլլալու թեկնածութիւնը դրած է Օհայիօ նահանգէն:
Դեմոկրատ կուսակցութեան ցանկով իր թեկնածութիւնը առաջադրած Գրիգորեանի մրցակիցը հանրապետական Ճին Շմիթն է, որ 2002ի իր ընտրապայքարի ընթացքին թրքական լոպպիիստական կազմակերպութիւններէ ամէնէն մեծ նուիրատուութիւնը ստացողն է: Շմիթ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ աշխատող ամէնէն գործունեայ քոնկրէսականներէն է:
Տէյվիտ Գրիգորեան այս իրողութիւնը երբ մատնանշեց ու Շմիթին խարանեց ի դիմաց Ցեղասպանութեան ճանաչման խափանման աշխատանքներուն՝ թուրքերէ արիւնով ներկուած դրամ առնելու համար, Քոնկրէսի անդամ Շմիթը բողոքեց Օհայիոյի ընտրական յանձնաժողովին: Անցեալ Շաբաթ օր, հարցի քննարկման ընթացքին, քոնկրէսական Շմիթի ու Ամերիկացի թուրքերու պաշտպանութեան հիմնադրամի շահերու պաշտպանութիւնը ստանձնեց տխրահռչակ իրաւաբան, թրքական քարոզչական մեքենային տարիներով իբրեւ խօսափող ծառայած Պրուս Ֆայնը:
Ամերիկեան կառավարութիւնը փորձած է արգելք դնել Էտմընտզի վրայ՝ սահմանափակելով անոր որոշ նիւթերու մասին խօսելու իրաւունքը: Էտմընտզ կառավարութենէն սպառնալի նամակներ ստացած է, որպէսզի չխօսի ԴՀԿի, ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան, արդարադատութեան նախարարութեան եւ Քոնկրէսի մէջ առկայ փտածութեան մասին:
Էտմընտզ կառավարութեան այս սպառնալիքները անտեղի կը նկատէ, որովհետեւ իր հրապարակած տեղեկութիւնները ոչ մէկ ձեւով ազգային անվտանգութեան համար վնաս կը պատճառեն: Զինք լռեցնել ջանալով, Էտմընտզ կը հաւատայ, որ կառավարութիւնը պարզապէս կ՛ուզէ ծածկել ու քօղարկել որոշ պաշտօնատարներու անօրինականութիւնները:
Անցեալ Շաբաթ օրուան իր տուած վկայութեանց ընթացքին, Էտմընտզ մանրամասնութեամբ պատմեց զգայացունց իրողութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Տենիս Հասթըրտ եւ Տան անդամներ Տիք Կեփհարտն ու Սթեֆըն Սոլարզ կաշառք ստացած էին: Ան նաեւ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Ներկայացուցիչներու մէկ այլ անդամ, ամուսնացած ու զաւակներու տէր կին մը, որուն անունը չտուաւ, թրքական լոպպիիստներու կողմէ լարուած թակարդի մէջ ինկած էր, երբ սեռային յարաբերութիւն ունեցած էր յատկապէս զինք հրապուրելու համար ղրկուած պոռնիկներու հետ: Քոնկրէսի այս անդամը հետագային ահաբեկման ենթարկուած էր, որպէսզի փոխէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերուն հանդէպ իր դրական դիրքորոշումը:
Տենիս Հասթըրտի պարագան մատնանշելով՝ Էտմընտզ յայտնած է, որ «Վանիթի Ֆէր» թերթի մէջ 2005ին լոյս տեսած էր յօդուած մը, ուր գրուած էր Ներկայացուցիչներու տան այդ ժամանկուան այս ամէնէն ազդեցիկ անդամին կողմէ կաշառք ստանալու մասին, իրողութիւն մը, որ հաստատուած էր ԴՀԳի եւ արդարադատութեան նախարարութեան քանի մը պաշտօնատարներու կողմէ:
Էտմընտս զարմանալի կը գտնէ, որ Հասթըրտ այս վերագրումին մասին որեւէ հերքում չկատարեց եւ միայն մէկ տարի ետք հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Ներկայիս, ըստ պետութեան մօտ արձանագրուած տեղեկութեանց, Հասթըրտ կը գտնուի օտար պետութեան համար աշխատողներու պաշտօնական ցուցակին վրայ, գտնուելով թրքական կառավարութեան ծառայութեան մէջ եւ ստանալով ամսական 35,000 տոլար աշխատավարձ՝ ընդարձակելու համար թրքական կառավարութեան ազդեցութեան շրջանակը Քոնկրէսէն ներս:
Թրքական կառավարութեան այս գործողութիւնները որքա՞ն տարողութիւն ունին:
«Վանիթի Ֆէր» թերթը տեղեկագրած էր, թէ ԴՀԳ իննսունական թուականներէն սկսեալ քննութիւն բացած էր թուրք քաղաքացիներու դէմ եւ ապացոյց գտած, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը կաշառեն ամերիկացի պաշտօնատարներ:
Այսուհանդերձ, Էտմընտզ կը պնդէ, որ կառավարութիւնը օգտագործած է «պետական գաղտնիք» բառակապակցութիւնը, քօղարկելու համար այս տեղեկութիւնը ու զայն թաքցնելու մամուլէն ու հանրութենէն:
Տէյվիտ Գրիգորեանի դէմ Շմիթի բողոքի առաջին քննարկումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Օգոստոս 13ին, իսկ վերջին ունկնդրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 3ին, երբ բոլոր ապացոյցները պիտի ներկայացուին: