Վերջերս աւելի քան հարիւրեակ մը բարեկամներու ներկայութեան, UCLA-ի Powell Library Rotunda-ի մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ արարողութիւն մը ի պատիւ Ծիա Այվազեանի, որ երկարամեայ ու շնորհակալ աշխատանքէ մը ետք հրաժեշտ կու տար համալսարանի գրադարանին։ Ծիա Այվազեան իբրեւ հայկական եւ յունական բաժիններու գրադարանավար, աւելի քան քառասուն տարիներ իր ներդրումը ունեցած է UCLA-ի Հետազօտութեանց գրադարանին մէջ։ Ան այսօր հանգստեան կը կոչուի այն խոր գոհունակութեամբ, որ իր օրով զարգացած են ու ճոխացած համալսարանի գրադարաններու հայկական հաւաքածոները, որոնց գրքացանկերը արդիականցած են ու մատենագրուած են հայկական նիւթերը՝ զանոնք ի սպաս դնելով ոչ միայն UCLA-ի այլեւ միջազգային հետազօտութեան նպատակով։ Հրաժեշտի հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Ծիա Այվազեանի երկարամեայ գործակիցներու եւ գրադարանի բարեկամներու կողմէ։ Հրաւիրուած էին նաեւ դասախօսական կազմէն, ուսանողներու շրջանակէն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Բոլորն ալ մեծ հաճոյքով ու խանդաղատանքով տօնախմբեցին Ծիայի «Նոր Սկիզբը» Powell Rotunda-ի մէջ։ Օրուան հանդիսավարուհին էր Նորա Աւետեան, որ պիտի յաջորդէ Այվազեանին՝ գրացանկագրելով հայկական նիւթերը։ Իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստի խօսքերէն ետք ներկայացուց տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամները, բոլորն ալ գործընկերներ, ինչպէս՝ Լուիզ Ռէթլիֆ, Փիթըր Ֆլեչըր, Շարըն Պենամու եւ Քարոլայն Միլլըր։ Յանձնախումբին մաս կը կազմէր նաեւ Անի Այվազեան։ Նախ հրաւիրուեցաւ պրն. Կէրի Սթրոնկ՝ համալսարանի գրադարանապետը, որ խօսեցաւ հայկական հաւաքածոները ճոխացնելու եւ կանոնաւորելու մէջ Ծիա Այվազեանի հսկայական ներդրումին մասին՝ UCLA-էն ներս։ Ան յատկապէս ըսաւ. «Ծիայի հսկողութեան տակ հայկական հաւաքածոները հարստացան՝ գնումներու, փոխանակումներու եւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ։ 70ականներու վերջաւորութեան բացայայտ դարձաւ, որ UCLA-ի հաւաքածոն ամէնէն ճոխն է ԱՄՆի տարածքին, անցնելով Հարվըրտի ու Քոնկրէսի գրադարանը»։
Զուարթախօսութեամբ յատկանշուող ելոյթ մը ունեցաւ համալսարանի գրադարանապետ եւ գրացանկագրման եւ Metadata-ի վարիչ պրն. Ճոն Ռիմըր։ Ան անդրադարձաւ Ծիա Այվազեանի հինգ տասնամեակի վրայ երկարող գրադարանավարի ասպարէզին եւ ըսաւ. «Ան յայտնուեցաւ մեզ մօտ եզակի գործ մը ընելու հաստատ համոզմունքով։ Ան ցանկագրեց հայերէն, ֆրանսերէն, յունարէն, իտալերէն ու թրքերէն նիւթերը։ Ի յաւելումն իր գրադարանավարի գործունէութեան», շարունակեց պրն. Ռիմըր, «ան տիրացած է անգլերէն լեզուի Պսակաւոր արուեստից տիտղոսին եւ դոկտորական թեկնածու է հայ գրականութեան գծով։ Ինչպէս ոեւէ արհեստավարժ, ան այն համոզումին եկած է, որ պէտք է միշտ կիսուիլ այլոց հետ։ Տակաւին յարաբերաբար նոր գրադարանավարուհի մը, ան գրած է ԱՄՆի Քոնկրէսի գրադարանին հայոց պատմութեան, լեզուի ու գրականութեան տրուած անհամաչափ յատկացումներուն մասին, եւ ստացած է Քոնկրէսի գրադարանի հաւանութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու հայկական նիւթերու ժամանակացուցային դասակարգումը։ «Եզակի նիւթերու հետազօտման ցանկագրման հաճոյքը վայելելէ քիչ ժամանակ անց», շարունակեց պրն. Ռիմըր, «Ծիան փափաքեցաւ օգտակար հանդիսանալ մեր գրադարանին՝ ստանձնելով հաւաքածոներու տնտեսվարման պատասխանատուութիւններ, որուն համար յաճախ ճամբորդեց արտասահման եւ օգնեց մէջտեղ բերելու ԱՄՆի ամէնէն ճոխ ու աչքի զարնող հաւաքածոները»։ Այնուհետեւ, պրն. Ռիմըր իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց Գրացանկագրման ու Metadata-ի կեդրոնի անունով, եւ լաւագոյն մաղթանքները յղեց Ծիա Այվազեանին։
Օրդ. Լուիզ Ռէթլիֆ բաւական ժամանակ յատկացուցած է հանդիսութեան պատշաճող բանաստեղծութեան մը անգլերէն թարգմանութիւնը գտնելուն։ Ներկաները հաճելի անակնկալի մը առջեւ գտնուեցան, երբ իմացան իր կատարած ընտրութեան մասին։ Բանաստեղծութիւնը Խորէն Նար Պէյի «Արմէնիա»ն էր, որ հրաշալի կերպով անգլերէնի թարգմանուած էր Ալիս Սթոն Պլաքուելի կողմէ եւ Ռէթլիֆ մեկնաբանեց մեծ հմտութեամբ։ Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ օրդ. Աւետեան, որ մեծարեալը կը ճանչնար 2002էն ի վեր։ Ան ըսաւ. «Ես տեսած եմ թէ ինչպէս Ծիան իր պարտականութեան շրջանակէն անդին երթալով՝ իր կարողութեան եւ ունակութեանց սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսացած է հովանաւորներուն եւ հայ համայնքին։ Ան սկսաւ իբրեւ գրադարավար մը, երբ UCLA-ը ունէր հայկական գիրքերու համեստ ժողովածու մը միայն»։ Այնուհետեւ, օրդ. Աւետեան բացատրեց, թէ օրդ. Այվազեան սկզբնապէս որոշած էր ուսուցչուհի դառնալ, բայց պարտաւորուած զգաց խորանալ գրադարանավարութեան մէջ, որովհետեւ հայերէն գիրքերը պէտք ունէին արհեստավարժ ձեռքերու խնամքին, եւ որովհետեւ UCLA-ի Հայկական ուսումնասիրութեանց ծրագիրը կ՛ընդարձակուէր, իսկ գիրքերը անօգտագործելի պիտի մնային ուսանողութեան կողմէ, եթէ անոնք չցանկագրուէին։ «Այդ ժամանակ», ըսաւ օրդ. Աւետեան, «ոչ ոք կը ցանկագրէր հայկականները, նոյնիսկ Քոնկրէսի գրադարանը։ Տառադարձման տախտակները եւ դասակարգման ժամանակացանկերը հին էին։ Շատ քիչեր գիտեն, թէ Ծիայի ջանքերուն շնորհիւ էր, որ մէթոտներ մշակուած են հայկական նիւթերը ցանկագրելու։ Դարձեալ Ծիայի ճիգերուն կը պարտինք արդիականացումը եւ վերաճումը մատենագրական հսկողութեան՝ սկսուած UCLA-ի մէջ 60ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 70ական թուականներու սկիզբները։ Ան փոփոխութիւններ մտցուց հռոմէատառ թուագրման տախտակներու մէջ եւ Քոնկրէսի գրադարանը ընդունեց այդ բարեփոխութիւնները։ Ան հայոց պատմութեան նիւթերուն խորագիրները ենթարկեց ենթաբաժանումներու։ Ծիան ներմուծեց նաեւ կարգ մը փոփոխութիւններ դասական եւ աշխարհաբար (արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն) լեզուով խորագրերու դասակարգման մէջ։ Ի վերջոյ, ան Քոնկրէսի գրադարանին ներկայացուց իր փոփոխութիւնները, որոնք շուտով որդեգրուեցան ու ընդունուեցան։ Մարդիկ չեն գիտեր, թէ այդ բոլոր փոփոխութիւնները ոչ թէ Քոնկրէսի գրադարանէն եկան մեզի, այլ UCLA-էն գացին Քոնկրէս»։ Օրդ. Աւետեան խօսեցաւ նաեւ այն մասին, որ գործի սկզբնական տարիներուն, երբ չկային համակարգիչներ, ինչպիսի՜ ջանասիրութեամբ օրդ. Այվազեան իր շաբաթավերջերն ու արձակուրդի օրերը կ՛օգագործէր, որպէսզի շրջէր գրախանութները ԱՄՆի թէ Եւրոպայի մէջ՝ կազմելու համար ցանկը անհրաժեշտ գիրքերու, ապա ստուգելու համալսարանի գրադարանի ունեցածները եւ կատարելու անհրաժեշտ պատուէրները։ Ծիան նոյնպէս լաւ յարաբերութիւններ ստեղծած էր Հայաստանի հաստատութիւններու հետ, որոնց հետ կարգադրութիւններ կատարած է ստանալու նուէրներ եւ կամ կատարելու գիրքի փոխանակումներ։ Օրդ. Աւետեան աւելցուց՝ ըսելով, թէ UCLA-ի հայկական հաւաքածոն զգալիօրէն ճոխացաւ շնորհիւ Ծիայի յամառ աշխատանքին ու հոգատարութեան։ «Այն տպաւորիչ ծրագիրներէն մէկը, զոր Ծիան սկսաւ շատ տարիներ առաջ», ըսաւ օրդ. Աւետեան, «կը կոչուի Annotated Bibliography of Armenian Mythology and Folk Literature, («Հայ բանահիւսութեան ու դիցաբանութեան մատենագրութեան ծանօթագրում»)։ Այս հսկայական ծրագիրը, ուր ինք հաւաքած է մեծ քանակութեամբ նիւթեր, կը յուսանք, որ կը թուայնացուի (digitize) ու մօտ ապագային կը զետեղուի համացանցի մէջ»։
Ծ. Այվազեանին յղելէ ետք իր խորագոյն բարեմաղթանքներն ու յաջողութիւնները իր ապագայ ծրագիրներուն մէջ, օրդ. Աւետեան բեմ հրաւիրեց UCLA-ի Գրադարանի անձնակազմի ընկերակցութեան նախագահը, որպէսզի յանձնէ Ընկերակցութեան գեղեցկօրէն պատրաստուած գնահատանքի վկայագիրը։ Ամպիոն հրաւիրուեցաւ Արդի հայ պատմութեան Հայկական ուսումնասիրութեանց հիմնարկի ատենապետ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան։ Ան իր ելոյթը սկսաւ կարօտով յիշելով 1960ական թուականներու կէսերուն UCLA-ի Հայկական ուսմանց ծրագրի մեկնարկման տարիները, եւ թէ ինչպէ՛ս Ծիան միշտ պատրաստ գտնուեցաւ մասնակցելու տրամադրուած բոլոր դասընթացքներուն, որոնք առաջարկուած էին փրոֆ. Աւետիս Սանճեանի եւ իր կողմէ։ Փրոֆ. Յովհաննիսեան խանդաղատալից բառերով յիշեց Ծիայի անհրաժեշտ ներկայութիւնը UCLA-էն ներս, ինչպէս նաեւ իր անխոնջ մասնակցութիւնը հայկական ձեռնարկներու մէջ։ Ան յատապէս ընդգծեց Ծիայի յարատեւ ու խոր ընդգրկումը Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան (ՀՈւԸ, SAS) աշխատանքներուն մէջ, ի մասնաւորի իբրեւ 80ականներու չորս տարուան գանձապահուհի, ինչպէս նաեւ վերջերս կայացած ՀՈւԸ 35ամեակի նուիրուած տօնակատարութիւններուն առթիւ կազմակերպուած եռօրեայ գիտաժողովին։ Փրոֆ. Յովհաննիսեան աւելցուց՝ ըսելով, թէ Ծ. Այվազեան եղած է մղիչ ուժ մը UCLA-էն ներս, եւ հանդիսացած է թէ՛ համալսարանի եւ թէ՛ հայ համայնքի հաւատարիմ ծառան։ Այնուհետեւ UCLA-ի Երաժշտութեան դպրոցէն Լուք Սանթանասթասօ ջութակի վրայ հրաշալիօրէն մեկնաբանեց կարօտալի ու երազային յատկանիշներով օժտուած Կոմիտասի «Կռունկը»։ Ամպիոն հրաւիրուեցաւ UCLA-ի Նարեկացիի անուան Հայագիտական ուսմանց ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի, որ զուարթախօս երանգով մը ներկայացուց «Ծիա Այվազեան» երեւոյթը։ Ան յատկապէս նշեց Ծիայի յոյժ գործօն ջանքերը իբրեւ վերջին երեք տարիներու ատենապետուհի UCLA-ի Հայոց լեզուի ու մշակոյթի բարեկամներու ընկերակցութեան։ «Իր կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է, անկասկած, ստեղծումը յատուկ հիմնադրամի՝ օգնելու նպատակով գրադարանին, որպէսզի ընդլայնէ հայկական հաւաքածոն, ինչպէս նաեւ ապահովել մշտական գումար մը այս տնտեսական անորոշ օրերուն», ըսաւ ան։
Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան՝ Կլէնտէյլ քաղաքի Համայնքային քոլէճէն, ինչպէս նաեւ Armenian Observer-ի խմբագիր, յայտնեց, թէ ինք շուրջ հինգ տասնամեակներէ ի վեր կը ճանչնայ Ծիա Այվազեանը, ապա յիշեց Պէյրութի երիտասարդական տարիները, երբ Ծիան հանրածանօթ էր իբրեւ հոյակապ մարզիկ մը եւ կայացած աստղ մը դրօշարշաւի, երկար վազքի, սկաւառակի եւ ցատքի մարզաձեւերուն մէջ։ Ան յիշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս տարի մը ան գերազանցեց ինքզինք ու սկաւառակի մէջ AUB-էն ներս հաստատեց կանանց նոր մրցանիշ մը։ Այնուհետեւ փրոֆ. Քէշիշեան գնահատանքով ներկայացուց Ծիայի բազում տարիներու անձնուէր ու կամաւոր աշխատանքը հայ համայնքէն ներս, յատկապէս՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, (ծառայելով միութեան Կեդրոնական վարչութեան մէջ), եւ Թէքէեան մշակութային միութեան (որուն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մէկն է), Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հոգաբարձական կազմէն ներս։ Ծառայած է Armenian Rights Council of California (Քալիֆորնիոյ Հայ իրաւանց խորհուրդ, որուն հիմնադիրներէն մէկն է) եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններէ ներս։ Փրոֆ. Քէշիշեան յղում կատարեց այն մասին, թէ Ծիա Այվազեանի ակադեմական ասպարէզը տուժած է որոշ չափով իր աշխատանքին չափազանց նուիրուած ըլլալուն հետեւանքով։ Ան յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ Ծիան աւելի շատ ժամանակ պիտի ունենայ հետապնդելու իր ակադեմական ուսումնասիրութիւնները եւ հրատարակութեան յանձնէ իր ծրագրած գիրքերը։ Յղուած էին երկու շնորհաւորական նամակներ, որոնցմէ մէկը ղրկուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանի կողմէ։ Ան կը շնորհաւորէր Ծ. Այվազեանը եւ կը շեշտէր անցեալի արգասաբեր գործակցութիւնը, նաեւ յոյս կը յայտնէր, որ այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակուի այդ համագործակցութիւնը, մանաւանդ որ 2012ին հայրենիքի մէջ պիտի նշուի հայ տպագրութեան ստեղծման 500ամեակը եւ տեղի պիտի ունենան տօնակատարութիւններ, ուր կը սպասուին նաեւ սփիւռքահայ մասնագէտներ։ Օրդ. Ռէթլիֆ ներկայացուց հատուածներ Ճոան Թորիկեանի շնորհաւորական նամակէն։ Տիկ. Թորիկեան գործադիր տնօրէնուհին է Հայ կանանց արխիւին, որուն առաքելութիւնն է փաստագրել Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայ կանանց գործունէութիւնը։ Ծիա Այվազեան ստացած էր բարեկամներէ ու նախկին ուսանողներէ բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ, զորս կարդալու համար ժամանակը չէր ներեր, բայց հետաքրքրութեան համար, ահաւասիկ հատուած մը՝ վերջերս դոկտորական աստիճան ստացած անձնաւորութենէ մը.
«Ես առիթը ունեցած եմ անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի՝ վերջերս ինծի ցոյց տուած ձեր օգնութեան առթիւ, երբ կը գրէի իմ դոկտորական աւարտաճառս. այժմ կը փափաքիմ ընդհանուրին առջեւ յայտնել իմ երախտագիտութիւնը։ …Մեր գիտայետազօտական աշխատանքներն ու աւարտականի հետ առնչուող հնարաւորութիւնները պիտի չիրագործուէին UCLA-ի մէջ, եթէ մեր տրամադրութեանց տակ չունենայինք հայկական հրատարակութիւններն ու հարուստ աղբիւրները, զորս դուք մեծ բծախնդրութեամբ ու հմտութեամբ հաւաքած էիք տարիներու ընթացքին… Շնորհակալութիւն…»։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոյակապ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին գործակիցներ ու բարեկամներ վայելեցին համադամ ուտելիքներ ու հաճելի զրոյց։