ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ տարածքային տնտեսական զարգացման վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, թէեւ նախորդ տարուան առաջին վեց ամիսներուն համեմատ, այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին 0.1 տոկոսով աճած է զբօսաշրջիկներուն թիւը Հայաստանի մէջ, սակայն մինչեւ 2008 գրանցուած վիճակագրական տուեալներու համեմատ, անիկա նուազած է՝ նկատի ունենալով տնտեսական ճգնաժամը։
Նախարարութեան պաշտօնեան նշած է, որ մինչեւ 2008 թուական, իրենք իւրաքանչիւր տարի արձանագրած են զբօսաշրջային այցելութիւններու 20-25 տոկոսի աճ, մինչ այս տարի կ՛ակնկալեն 7-10 տոկոսի աճ միայն, այսինքն շուրջ 600 հազար զբօսաշրջիկի այցելութիւն։ Ըստ Ապրեսեանի, իրենք կ՛աշխատին իրենց ակնկալածին հասնելու ուղղութեամբ եւ յոյս ունին, որ տարուան երկրորդ կէսին, Հայաստան կ՛այցելէ 400 հազար զբօսաշրջիկ։