Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յանձնառու որեւէ թերթի պէս, ու իբրեւ դաշնակցական մամուլի նահապետներէն, «Ասպարէզ» ահաւասիկ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր յանձն առած է բազմաճիւղ առաքելութիւն մը, զոր կը շարունակէ անշեղօրէն։
Առաքելութեան խորագիրները բազմաթիւ են. «Ասպարէզ»ը ընթերցողին համար կամուրջ մըն է Մայր Հայաստանին, Արցախին, æաւախքին ու Արտերկրի հայկական օճախներուն հետ, Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, Միջին Արեւելք, «Ներքին սփիւռք» ու Աւստրալիա։ Անոր էջերուն ճամբով, ընթերցողը իրազեկ կը դառնայ հայկական տարբեր երկինքներու տակ միեւնոյն հասարակ յայտարարին վրայ ու միեւնոյն նպատակներով կատարուող իրականացումներուն։

Դաշնակցական մամուլի ընտանիքին անդամներուն պէս, «Ասպարէզ»ը սոսկական լրագիր մը չէ, այսինքն, չի բաւականանար կարեւոր կամ նուազ կարեւոր լուրերու հաղորդմամբ, այլ ունի իր տեսանկիւնը, կ՛արձագանգէ հայկական թէ միջազգային բեմերու մեծ ու փոքր իրադարձութիւններուն, պատասխան որոնելով այն հարցումին, թէ հայ ընթերցողը ինչո՞վ հետաքրքրուած է, ինչո՞վ հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ: Անոր համար, հայութեան ու մարդկութեան հարցերը, իրաւուքներն ու բարելաւման առաջադրանքները կը հանդիսանան հիմնական ուղեցոյց. անիկա իր կեցուածքն ու դիրքորոշումները չի պայմանաւորեր ժամանցուող ու յարափոփոխ զարգացումներու հետ, որքան ալ որ տիրապետող ու ազդեցիկ ըլլան անոնք, մինչեւ իսկ եթէ պահ մը դառնան ժողովրդական ու իրենց հոսանքին հետ տանին նաեւ հայութեան հանրային կարծիքը։
Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր միայն հայկական բեմի զարգացումներուն, այլ նոյնքան ալ կ՛առնչուի շրջանային ու միջազգային յարակից գործընթացներու։ Դաշնակցական մամուլի այս անդամին համար, եթէ խոցելի վիճակներ կան Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի մէջ կամ այլուր, անոնք կը դառնան դարմանելու միտող գրիչ-նշդրակին սեռի խնդիրները։ Ուղիղ ու անշեղ կեցուածքը թերթին էջերէն օրը օրին կամ պարբերաբար կը բարձրացնէ իր գլուխը ու այդ մասին յուշարար կը հանդիսանայ ընթերցողին, ան ըլլայ դաշնակցական, համակիր թէ ընդդիմախօս, մինչեւ իսկ մեր հարցերով շահախնդիր պետական անձնաւորութիւն կամ թուրք հակառակորդ։ Չենք ուզեր այս մասին օրինակներու ցանկ մը բանալ. կը բաւէ յիշողութիւնները գրգռել ու մտաբերել մեր ապրող պատմութեան մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի հանգրուանային պահերը, տեսնելու համար այս ճշմարտութիւնը։
***
Առաքելութեան մէկ այլ ճիւղն է քայլ պահել մեր մշակութային զարգացումներուն հետ, զանոնք ներկայացնել քննարկողի ակնոցով ու Հայ Մշակոյթի վերելքին նախանձախնդրութեամբ։ Անհատական թէ միութենական արուեստի արտայայտութիւնները ըստ կարելւոյն իրենց տեղն ու արձագանգը կը գտնեն թերթին էջերուն։
Մեր մշակոյթի զարգացումներու ընդհանուր ծիրին մէջ, «Ասպարէզ»ն ալ իր դերն ու ներդրումը ունի մեր լեզուի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ։ Ան եւս մաս կը կազմէ այն փաղանգին, որ կը հաւատայ, թէ հայուն համար, սեփական լեզուն, անոր միջոցով հաղորդակցիլը անփոխարինելի արժէքներ ու միջոցներ են, հակառակ անոր, որ այս աշխատանքը, մանաւանդ սփիւռքեան ծանօթ պայմաններուն մէջ, կը նշանակէ թիավարել ուժեղ հոսանքներու դէմ, որոնք երբեմն կը թողուն յաղթանակողի տպաւորութիւն։ Հոսանքին դէմ թիավարելով, թերթը անպայման որ կը վստահի, պէ՛տք է վստահի նախանձախնդիր ընթերցողներու զանգուածին, ճիգ ընէ տարածելու անոր օղակը, հոն ներգրաւելով պատանին ու երիտասարդը, որովհետեւ «Ասպարէզ» չի պատկանիր խմբակին այն թերթերուն, որոնք առաւելաբար կ՛առաջնորդուին առեւտրական-շահադիտական առաջադրանքներով (մի զարմանաք. հայկական տարբեր երկինքներու տակ, ու հակառակ գրաւոր մամուլի նահանջին մասին այլազան վարկածներու եւ փաստարկումներու, առեւտրական նկատառումներով հրատարակութիւններ տիրական ներկայութիւն են հոս-հոն)։ Ան, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր, կը ճգնի նիւթին ու քանակին չզիջիլ որակը, ու անոր համար ալ, իր առաքելութիւնը յառաջ կը տանի զոհաբերումներով։
Բարեբախտաբար, «Ասպարէզ»ը առանձին չէ այս ճամբուն մէջ, հոգ չէ թէ «միւսներ»ը երբեմն կը ստեղծեն ողողումներ…
***
Բազմաճիւղ այս առաքելութիւնը արդեօք յառաջ կը տարուի՞ անթերի կերպով։
Բնականաբար ոչ. յաճախ կ՛արձակուին արդար քննադատութիւններ, որոնք կը բխին լաւագոյնին սպասման նախանձախնդրութենէն։ Քննադատութիւններուն կ՛ընկերանան նաեւ բարելաւման առաջարկներ, գաղափարներ, որոնց հեղիակները երբեմն կ՛անտեսեն այն իրականութիւնը, թէ թերթի խմբագիրներն ու աշխատակազմի անդամներ շատերէ աւելի՛ իրազեկ են թերութիւններուն, անոնց պատճառներուն…
Աշխատակազմի անձուկ պայմաններէն բխող այս բացատրութեան (ոչ՝ արդարացումի փորձի) դիմաց, կայ անշուշտ մերօրեայ աշխարհի հարկադրանքները, որոնց քիչ թէ շատ տուրք կու տանք հաւաքաբար, թէ՛ իբրեւ մամուլ, թէ՛ կրթական հաստատութիւններ եւ թէ մշակութային այլազան պատնէշներ։ Որոշ չափով նահանջած է ԱՌՈՂæ ՈՒ ՇԻՆԻՉ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ-ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւնը, որ հիմնական մէկ առաքելութիւնն է մամուլին (Աստուած հոգին լուսաւորէ Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի ու Լեռ Կամսարի պէս մամուլի մարդոց). որովհետեւ նման մօտեցում կենսական ու անփոխարինելի է որեւէ հաւաքականութեան ինքնագիտակցութեան հասունացման, յառաջդիմութեան մէջ։
Նման մօտեցումով ալ, կարելի է առողջ քննադատողի մօտեցում ցուցաբերել մեր մամուլի այսօրուան լեզուին հանդէպ, մայրենիին նկատմամբ ոչ-ամբողջանուէր նախանձախնդրութեան նկատմամբ, մինչդեռ, ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, հայ մամուլը ունի նա՛եւ Հայերէնին պահապան, զայն բարելաւման-զարգացման ճամբու մէջ դնելու առաքելութիւնը, Հայերէնին տարածման, ժողովրդականացման ու նոր սերունդներուն իբրեւ աւանդ փոխանցելու գործին մէջ բաժնեկից է Հայ Ընտանիքին, Հայ Դպրոցին ու Հայկական Միութիւններուն առաքելութեան, մինչեւ իսկ ունի զանոնք առաջնորդողի դեր։
…Ամեակները առիթ են պահիկ մը կանգ առնելու, ինքնաքննարկում ընելու, կտրած ուղիդ խորաչափելու, եւ կերտուած վաստակին հիմամբ աւելի լաւին հետամուտ ըլլալու։
«Ասպարէզ»ին համար հանգրուանային սա պահուն, այս ալ, ինքնին, առաքելութիւն է ու առաքինութիւն՝ միանգամայն։