ԱՐՑԱԽ, «Հետք».- Օգոստոս 10ին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի «Արցախֆոնտ» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն եւ լիբանանահայ խումբ մը գործարարներու հետ: Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, հիւրերուն Արցախ այցելութեան նպատակն է ծանօթանալ ներդրումային դաշտին, ինչպէս նաեւ Քաշաթաղ շրջանին մէջ իրականացնել տնտեսութեան զարգացման ներդրումային ծրագիր։
Ընդառաջելով նախորդ հանդիպման ժամանակ Ա. Յարութիւնեանի՝ Քաշաթաղ շրջանի բնակիչներուն եղջերաւոր անասուններ բաժնելու նոր ծրագիրի մը սկսելու մասին առաջարկին, լիբանանահայերը հանդիպած են շրջանի բնակիչներուն հետ, ծանօթացած միջավայրի առանձնայատկութիւններուն եւ իրենց մտահոգութիւնները, առաջարկներն ու պայմանները ներկայացուցած են վարչապետին: Պարզաբանելով գործարարները յուզող հարցերը՝ վարչապետը նշած է, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի «Արցախֆոնտ» ընկերութեան, ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան» հիմնադրամի եւ կառավարութեան համատեղ ջանքերով։