Պուէնոս Այրէսի մշակոյթի նախարարութեան Պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ու արժանթինահայ համայնքային կառոյցներու համագործակցութեամբ, Օգոստոս 10ին սկիզբ առաւ «Հայկական Պուէնոս Այրէս» անունը կրող միջոցառումը:
Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան կողմէ իրականացուող այս պատմամշակութային ծրագիրին նպատակն է ցոյց տալ Արժանթինի մայրաքաղաք բնակող հայերուն դերակատարութիւնը՝ քաղաքի մշակութային, տնտեսական, հանրային, մարդասիրական ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացնել հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, հայերու Արժանթին ներգաղթելու պատճառներն ու անցած գրեթէ 100 տարիներու ընթացքին անոնց նուաճումները՝ իբրեւ Արժանթինի քաղաքացիներ:
«Հայկական Պուէնոս Այրէս» ծրագիրի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի հնագոյն շինութիւններէն մէկուն՝ արժանթինեան հանրապետութեան Ա. խորհրդարանի նիստերու սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Լեթիսիա Մարոնեսէ, Խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի Արժանթինի ազգային հիմնարկի փոխնախագահ Փետրօ Մուրատեան, Ժառանգութեան ու պատմութեան հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Լիլիանա Պարելա եւ Արժանթինի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Վլադիմիր Կարմիրշալեան:
«Հայկական Պուէնոս Այրէս» ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ «Հայերուն ներգաղթը Պուէնոս Այրէս», «Հայերը եւ կրօնը», «Ցեղասպանութիւն եւ ժխտողականութիւն», «Հայ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ», «Հայկական մամուլ», «Հայկական արուեստ», «Հայկական խոհանոց» եւ այլ թեմաներ, պիտի աւարտի համայնքային խումբերու համերգով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.