ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ հայաստանեան լրատուամիջոցներուն, ատրպէյճանցի «հաքըր»ներ (համակարգչային ծրագիրներ ներխուժող ու քանդող չարագործներ) վերջին շրջանին կրկին փորձած են յարձակում գործել հայկական կայքէջերու վրայ, յատկապէս՝ պետական եւ ելեւմուտի «ֆինանսական» կառոյցներու կայքէջերուն։
«Թերթ Էյ.Էմ»ի ստացած Օգոստոս 17 թուակիր նամակի մը համաձայն, ատրպէյճանցի «հաքըր»ները քանդած են սփիւռքի նախարարութեան կայքէջը, որուն իբրեւ փաստ՝ նամակագիր Յ. Նիկողոսեան ներկայացուցած է ջարդուած կայքին լուսանկարները։
Վերջին օրերուն չեն գործած նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւններուն պաշտօնական կայքէջերը, նաեւ վնասուած են երկու դրամատուներու կայքէջեր:
Օգոստոս 17ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, տեղեկատուական անվտանգութեան վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւններն ու մեկնաբանութիւնները ներկայացուցած են այդ ոլորտի փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանն ու «Միտք» վերլուծական կեդրոնի ներկայացուցիչ Էդուարդ Աբրամեանը։ Սամուէլ Մարտիրոսեան յարձակումներու վերջին հոսքը որակած է աննախադէպ։ «Սա շատ լուրջ յարձակում է, որովհետեւ հիմնական հարուածը գնում է պետական եւ տեղեկատուական կայքերի վրայ։ Վատն այն է, որ նախարարութիւնները չեն ընդունում, որ՝ «կոտրել են» իրենց կայքերը», յայտնեց Մարտիրոսեան։
Իբրեւ փաստ՝ ներկայացուած է «Թերթ» լրատուամիջոցին ստացած նամակը, ուր ամերիկաբնակ հայաստանցի, գիտութիւններու դոկտոր Սահակ Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ հակառակ տնտեսական նախարարութեան տուած տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց՝ «հաքըր»ներու կողմէ յարձակում չէ եղած իրենց կայքէջին վրայ, իրականութիւնը այն է որ յարձակում եղած է եւ քանդուած է կայքին webmail-ը, իսկ Google-ի եւ Firefox-ի կողմէ կայքը նշուած է իբրեւ՝ «attack site», այսինքն՝ յարձակման ենթարկուած, բացատրած է Մարտիրոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.