Օգոստոս 14ի իր հաղորդագրութեան մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի (ՌԱՀՀԿ) տնօրէն Ռիչարտ Կիրակոսեանի մէկ յայտարարութեան, ըստ որուն՝ Ռուսիան ու Թուրքիան գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն՝ Թուրքիոյ տարածքով Հայաստանի մէջ գտնուող Գիւմրիի ռազմակայանը մատակարարելու ուղղութեամբ։
Յիշեցնենք, որ ատրպեճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ տարածած էին, որ Թուրքիան արգիլած է Ռուսիոյ իր տարածքով Գիւմրիի ռազմակայանը մատակարարել: Ըստ ատրպէյճանցի ռազմական փորձագէտներու, այսպիսով Ռուսիան պիտի զրկուի Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարածքով իր ռազմակայանները մատակարարելու հնարաւորութենէն, եւ անոր պիտի մնայ միայն Իրանի տարածքով կատարել իր մատակարարումը: Այս ծիրէն ներս ատրպէյճանցի քաղաքագէտներէն մէկը առաջարկած էր վերականգնել «Caspian guard» («Կասպիական Պահապան») ծրագիրը՝ պարզելու համար, թէ որքա՛ն զէնք կը մատակարարուի Ռուսիայէն Իրան եւ ապա այլ երկիրներ:
Հակադարձելով այդ տարաձայնութիւններուն, Օգոստոս 15ին, ատրպեճանական «Թրէնտ» լրատուական գործակալութիւնը Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ հերքած է վերոնշեալ լուրը՝ պնդելով, որ «Այսօրինակ տեղեկատուութիւն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը սասանելու ուղղուած քայլ է»:
Նշենք նաեւ, որ ըստ Ռ. Կիրակոսեանի, «Caspian guard» ծրագիրը որեւէ կապ չունի Իրանի տարածքով զէնքի մատակարարման հետ, իսկ Ռուսիան ու Հայաստանը իրաւունք ունին Գիւմրիի ռազմական կեդրոնին զէնք կամ այլ բան տալու, եւ Ատրպէյճանը ոչինչ կրնայ ըսել, իսկ եթէ Թուրքիան հրաժարի իր տարածքը տրամադրելէ, ապա, փորձագէտին հաւաստումով, Ռուսիան կրնայ մատակարարումները իրականացնել Իրանի տարածքով, որուն համար որեւէ մէկը իրաւունք չունի արգելք հանդիսանալու։
Ուշագրաւ է, որ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) խօսնակ Պուրաք Օզիւկեարկին չէ ժխտած Կիրակոսեանի մեկնաբանութիւններուն էութիւնը, այլ պարզապէս քննադատած է զայն՝ նշելով, որ «Ասիկա բացայայտ սադրանք է՝ ուղղուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարեկամական յարաբերութիւններու խաթարման»։
Մեկնաբանելով իր յայտարարութիւններուն վերաբերեալ Թուրքիոյ կեցուածքը՝ Ռիչարտ Կիրակոսեան նկատած է, որ Թուրքիոյ ԱԳՆ պաշտօնական արձագանգը ինքնին կը վկայէ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ վստահութեան էական բացակայութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան թուլութեան մասին:
Ան յայտնած է, որ տեղի ունեցածը «հարցականի տակ է դնում Թուրքիայի՝ Հայաստանի հետ նոր յարաբերութիւններ կառուցելու, ներառեալ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգութիւնը քննարկելու վերաբերեալ նախկինում տուած խոստումների անկեղծութիւնը», եւ աւելցուցած՝ «Բեռն այժմ Թուրքիայի ուսերին է, քանի որ միջազգային հանրութիւնը գնալով աւելի ու աւելի անհամբեր է դառնում Թուրքիայի չկողմնորոշուածութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ բարի կամքի դրսեւորման բացակայութեան հանդէպ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.