ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Երեքշաբթի, Օգոստոս 18ին անդրադարձած է Պոլսոյ պատրիարքարանի «Լրաբեր» կայքին վրայ հրատարակուած այն ծանուցումին, ըստ որուն՝ Եւրոմիութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը Թուրքիոյ հայ համայնքէն եւս պաշտօնեաներ վարձել կ՛ուզէ եւ թեկնածուներու ցանկ մը խնդրած է պատրիարքարանէն։
Պատրիարքարանին այս ծանուցումը որոշ անհանգստութիւններ պատճառած է կարգ մը շրջանակներու, որովհետեւ «Հիւրրիյէթ»ի մէջ Օքան Քոնուրալփի ստորագրութեամբ հրատարակուած է թղթակցութիւն մը, որուն խորագիրը նշանակալից է՝ «Եւրոմիութեան սեղանին հայ պաշտօնեայ»։
«Հիւրրիյէթ»ի թղթակիցը այս մասին խօսած է Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանին հետ, որ ըսած է, թէ պատրիարքարանը պէտք է ընտրէ թեկնածուները, «որովհետեւ մեր համայնքը կրօնական համայնք մըն է, ուստի կարեւոր է, որ ընտրուին մեր պատրիարքարանի կանոններուն յարմար անձեր։ Կարելի չէ Եւրոմիութեան փոխանցել մեզի կատարուած բոլոր դիմումները. առաջին զտումը մենք պիտի ընենք։ Ընդհանուր քարտուղարութիւնը իր ընտրութիւնը պիտի ընէ մեր ղրկելիք ցանկին վրայէն»։
«Հիւրրիյէթ» խօսած է նաեւ Եւրոմիութեան ընդհանուր քարտուղարութեան փոխքարտուղար Պուրաք Էրտէնիրի հետ, որ ըսած է, թէ Եւրոմիութեան ընդհանուր քարտուղարութեան կազմին մէջ փոքրամասնութենէ պաշտօնեայ չկայ եւ Թուրքիա իր 50 տարուան Եւրոմիութեան գործընթացին մէջ պէտք ունի երկրի հաւաքականութեան բոլոր հատուածներէն ընտրուած անձնակազմի մը։
Իր կարգին, «Մարմարա» հարց կու տայ, թէ՝ «Եւրոմիութիւնը միայն եկեղեցական հարցերո՞վ կը զբաղի, կամ թէ միայն եկեղեցական հարցերու համա՞ր է որ մեր համայնքէն պաշտօնեայ ունենալ կը ցանկայ։ Ծայր աստիճան դժգոհ ենք պատրիարքարանէն, որ այսքան կարեւոր ծանուցում մը կը հրատարակէ միայն իր համացանցի կայքէջին վրայ, ինչպէս իր միւս լուրերը։ Պէտք է հարցնել, թէ հայ թերթերը ո՞ր օրուան համար են արդեօք, եւ ի՞նչ գործի համար են, եթէ այսքա՛ն կարեւոր ծանուցում մը պիտի չփոխանցեն իրենց ընթերցողներուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.