ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը (ԵՀՄ) հետաքննութիւն սկսած «Եւրոտեսիլ-2009» միջազգային երգի մրցոյթին վերաբերեալ Ատրպէյճանի մէջ սկսած քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ մրցոյթին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն օգտին քուէարկած ատրպէյճանցիները Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւն հրաւիրելու եւ հարցաքննելու դէպքին շուրջ:
Միութեան նախագահ, «Եւրոտեսիլ» մրցոյթի ղեկավարը «ԱՊԱ» գործակալութեան յայտնած է, որ ԵՀՄ տեղեակ է մամուլի հրապարակումներուն մասին, եւ այդ իսկ պատճառով, անցեալ շաբաթ սկսած է հարցի քննութեան: Ըստ իրեն, հետաքննութեան պիտի մասնակցին իրենց գիտարուեստի բաժնի գործընկերները, հնարաւորութիւն պիտի տրուի նաեւ տեղական հեռարձակողներուն յստակեցնելու այդ հարցը:
ՀԵՄի նախագահը միաժամանակ յայտնած է, որ քանի տակաւին հետաքննութիւնը չէ աւարտած, միութիւնը չի կրնար որեւէ մեկնաբանութիւն տալ: «Հետաքննութեան աւարտէն ետք ԵՀՄ իր տեսակէտը կը յայտնէ հարցին վերաբերեալ», ըսած է ան:
Նոյն ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրային հեռուստային ընկերութեան գործադիր տնօրէնի յատուկ նախագիծերու գծով խորհրդական Դիանա Մնացականեան յայտնած է, որ հեռուստաընկերութիւնը պաշտօնապէս, նամակով մը դիմած է «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթը իրականացնող Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան՝ յայտնելով, որ մրցոյթի ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչի օգտին քուէարկողներուն հեռախօսային թիւերը Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան նախարարութեան ներկայացնելը ակնյայտ խախտում է։
Նշենք, որ Ձայներու հաշուարկով կը զբաղէր միջազգային «Տիկամէ» ընկերութիւնը, որ իրաւունք ունէր տրամադրելու հեռախօսահամարները:
«Ակնյայտ է, որ երգի մրցոյթը քաղաքականացւում է, եւ մենք նամակով հարցրել ենք, թէ արդեօ՞ք կարող են տալ այնպիսի երաշխիքներ, որ յաջորդ տարի մրցոյթի ժամանակ Հայաստանի ներկայացուցչի պոտենցիալ ձայները չեն կորչի, քանի որ շատերը իրաւապահ մարմինների հետ խնդիրներ ունենալուց խուսափելու համար, պարզապէս չեն քուէարկի, ինչքան էլ դուր գայ երգը», ըսած է Դ. Մնացականեան:
Ան ատրպեճանական կողմի քայլը համարած է անհեթեթութիւն՝ յիշեցնելով, որ Հայաստանէն 1024 մարդ քուէարկած է Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու օգտին, եւ ոչ ոք մտածած է, թէ կրնայ պարզաբանման համար յայտնուիլ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: «Երգը դուր է եկել մարդուն, եւ նա քուէարկում է: Վերջ ի վերջոյ՝ մշակոյթը սահմաններ չի ճանաչում», նշած է Դ. Մնացականեան: Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւն հարցաքննութեան հրաւիրուած էին «Եւրոտեսիլ-2009» միջազգային երգի մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող Ինգա եւ Անոյշ Արշակեաններուն օգտին քուէարկողները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.