ԱՆԳԱՐԱ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19ին փորձած են մեղմացնել Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ թրքական ուժերու կատարած միացեալ ռազմափորձերուն հետեւանքով Իրանի հետ ստեղծուած լարուածութիւնը՝ պնդելով, թէ այդ ռազմափորձերը այլ երկիրներու դէմ ուղղուած չեն։ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երեքշաբթի օր Իրանի դրացի երկիրները իսրայէլեան շահերուն ծառայելու յանցանքով ամբաստանեց: «Կը ցաւինք, որ սիոնականներուն ծառայող եւ աշխարհի մէջ Իսրայէլի տիրապետութիւն ստեղծելու միջնորդող մեր դրացիներուն համար: Որոշ դրացի երկիրներ չեն հասկնար, որ իրենց արարքներով կը ծառայեն սիոնականներու շահերուն», ըսաւ ան:
Ընդգծելով միացեալ ռազմափորձերուն «ակնյայտ ոչ սպառնական բնոյթը»՝ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը յայտնեց, որ ամբաստանութիւնները աւելորդ են, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ հետզհետէ աճող ազդեցիկ դերակատարութիւնն ու դրացիներուն հետ «զերօ հարցեր, առաւելագոյն գործակցութիւն» քաղաքականութիւնը։
Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժերուն միացեալ ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ Ուրբաթ օր։