ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ սպայակոյտի նախկին նախագահ Հիլմի Էօզքէօք «Միլլիյէթ»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ կարգ մը շրջաններու եւ քաղաքներու նախկին անունները վերակենդանացնելու հարցին։ Նախկին զօրավարը բնականաբար կողմնակից չէ հին անուններու վերակենդանացման: «Այն ատեն Իզմիրին ալ Զմիւռնիա՞ ըսենք: Զմիւռնիայէն առաջ գործածուած անուն կայ եթէ, այդ անո՞ւնը գործածենք։ Կամ Անգարային ալ Անկորա՞ ըսենք», հարց կու տայ Էօզքէօք՝ աւելցնելով, թէ պահանջները «քիչ մը աւելի տրամաբանական պէտք է ըլլան»: