ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմ-րիի մէջ շուտով պիտի տեղադրուի 7րդ դարու փիլիսոփայ Անանիա Շիրակացիի պազալտէ արձանը, որուն հեղինակն է քանդակագործ Սամուէլ Պետրոսեանը։ Հեղինակը միջնադարեան հայ մտածողի արձանի ստեղծման աշխատանքերուն ձեռնարկած էր նախքան 1988ի երկրաշարժը, սակայն ծրագիրը սկսած է իրականանալ միայն 2007ին՝ Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նախաձեռնութեամբ։
Ըստ քանդակագործին, 8 մեթր բարձրութիւն ունեցող արձանը նուիրատուութիւն է Գիւմրիին՝ իր եւ ճարտարապետներ Արթուր Թարխանեանի ու Վարդան Շախուլեանի կողմէ:
Հեղինակին եւ քաղաքապետին նախնական որոշումին համաձայն, արձանը պիտի տեղադրուի Շիրակացի փողոցին վրայ։