ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի ելեւմուտի փոխնախարար Վարդան Արամեանի հաւաստումով, Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ, որ տարեվերջին երկրի տնտեսութեան մէջ արձանագրուի 12-15 տոկոսի անկում, վերջին շրջանի 16.3 տոկոսին փոխարէն։
Ըստ փոխնախարարին, Եւրոմիութեան երկիրներուն մէջ, երկրորդ եռամսեակին կազմած տնտեսական անկումը հասած է 6 տոկոսի, որ աննախադէպ է նախորդ տարուայ ցուցանիշներուն համեմատ։ Կառավարութեան ներկայացուցիչին խօսքերով, թէեւ տնտեսական անկումը աւելի շատ էր քան կանխատեսուածը, սակայն իրավիճակը համահունչ է միջազգային տնտեսական իրավիճակին։
Վ. Արամեանի հաւաստումով, կառավարութիւնը ընդլայնողական քաղաքականութիւն կը վարէ՝ զսպելու համար տնտեսական անկումը։
Ասուլիսի ընթացքին խօսելով տնտեսական անկման մասին՝ Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր, տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վարդան Բոստանջեան նշած է, որ իրեն համար զարմանալի է, որ մենք կը մտածէինք, թէ ճգնաժամը մեզի չի սպառնար, հակառակ անոր, որ անիկա մեծ յամառութեամբ կը թակէր մեր դռները։
Պատգամաւորը բաւական մռայլ գոյներով ներկայացուցած է ներկայ իրավիճակը՝ նշելով, որ անիկա ճգնաժամին նկատմամբ «աչքերը փակելու» հետեւանք է։ «Մի քիչ լաւ, թէ մի քիչ վատ, կառավարութիւնը քայլեր կատարում է այս իրավիճակից դուրս գալու համար», յայտնած է Բոստանջեան՝ լաւատեսութիւն յայտնելով, որ երկրի տնտեսութիւնը դրական միտումներ կ՛արձանագրէ 2010 թուականին։
Իսկ Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ, այժմ ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրէսի անդամ Բագրատ Ասատրեան, իր կարգին յայտարարած է, թէ 2010ին Հայաստանի տնտեսութիւնը կրկին անկում պիտի ապրի՝ սակայն աւելի նուազ քան այս տարուանը։ Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ տնտեսութիւնը աճ կրնայ ապրիլ միայն 2011ին, նկատի ունենալով, որ աշխարհի տնտեսութիւնները առողջանալու միտում կը ցուցաբերեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.