ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի Լոս Անճելըսի գրասենեակէն Հինգշաբթի, Օգոստոս 20 թուակիր հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ նահանգապետը նահանգին հինգերորդ շրջանի վճռաբեկ ատեանի դատաւոր նշանակած է Չարլզ Փուչիկեանը:
60ամեայ Փուչիկեան նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ (1998էն 2006), ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ (1994-1998) ու ծառայած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետներ Ճորճ Տէօքմէճեանի ու Փիթ Ուիլսընի կառավարութեանց մէջ (1981էն 1990):
Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Փուչիկեան պիտի փոխարինէ վերջերս մահացած դատաւոր Թամըս Հէրիսը: Անոր տարեկան վարձատրութիւնը 204,599 տոլար պիտի ըլլայ: