ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի խորհրդարանի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող հայկական խմբակցութեան ղեկավար երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հինգշաբթի օր այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ֆաուզի Սալլուխին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ կապուած հարցերը:
Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան նշանակումներուն մէջ նկատի առնուին հայ համայնքին իրաւունքները:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Արցախի հարցին վերաբերող վերջին իրադարձութիւնները: Բագրատունի այս կապակցութեամբ բացատրութիւններ պահանջեց զանազան համագումարներու ընթացքին Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքներուն շուրջ:
Նոյն օրը, երեսփոխան Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու գործակատար Ճերըմի Քորնֆորթի, որուն կ՛ընկերանային դեսպանատան բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, երեսփոխան Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան՝ շեշտը դնելով կառավարութեան կազմութեան ներկայ հանգրուանի դժուարութեանց վրայ: Միաժամանակ ան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի ժողովրդավարութեան իւրայատուկ դիմագիծը:
Բագրատունի ներկայացուց նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները ընդհանրապէս Լիբանանի քաղաքական իրավիճակին եւ յատկապէս իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր բաժանումին մասին:
Ամերիկացի դիւանագէտը, իր կարգին, ներկայացուց ամերիկեան կեցուածքները Լիբանանի անցուդարձերուն նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.