«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ամերիկայի դաշնակցային վճռաբեկ ատեանը Հինգշաբթի օր իր վրայ վերցուց իր հանգամանքին բոլորովին անյարիր պարտականութիւն մը՝ հանդէս գալով որոշումով մը, որ կը բռնանայ այս երկրի քաղաքացիի թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային իրաւունքներուն նկատմամբ:
Ամերիկեան քաղաքացիի մը ազգային պատկանելութեան խնդիրը կրնայ այնքան չհետաքրքրել ամերիկեան դատարանը, սակայն քաղաքացիի օրինական շահերուն պաշտպանութիւնը արգիլելը բաւական ծանրակշիռ կեցուածք մըն է, որուն համար այդ ատեանը պէտք է հաշիւ տայ:
Արդարեւ, ոեւէ ամերիկահայ, որ գերմանական ապահովագրութեան ընկերութենէ մը օրինական պահանջ ունի՝ իր հարազատ հօր կամ մեծ հօր կեանքի ապահովագրութեան ցարդ չվճարուած, ցարդ տմարդօրէն գողցուած գումարը ստանալու ուղղութեամբ, ամերիկեան դատարանի վճիռով կը կորսնցնէ հատուցում պահանջելու իրաւունքը, որովհետեւ դաշնակցային վճռաբեկ ատեանը որոշեց, թէ հայկական ծագումով ամերիկացի քաղաքացին չի կրնար վկայակոչել Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ ապացոյց իր ընտանիքի անդամի սպանութեան, պարզապէս որովհետեւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը չի ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ այդպիսին:
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի կողմէ որդեգրուած օրինագիծը, որ հնարաւոր կը դարձնէր Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիներու ժառանգներուն՝ հետապնդելու իրենց իրաւունքը վերականգնելու դատական պահանջը, այսպիսով անվաւեր կը հռչակուի վճռաբեկ ատեանին կողմ:
Մէկ խօսքով՝ ամերիկեան այս բարձր դատարանը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը ծառայէ թրքական կառավարութեան հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քարոզչական արշաւին՝ որդեգրելով կեցուածք մը, որ արգելք կը հանդիսանայ իր երկրի քաղաքացիին մարդկային տարրական իրաւունքի ձեռքբերման եւ արդարութեան գոնէ մասնակի վերականգնման:
Քալիֆորնիոյ նահանգի հայ քաղաքացիներու իրաւունքին վրայ բռնացում կը կատարուի այս ատեանին կողմէ նաեւ արգիլելով անոնց՝ իրենց նահանգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն հետ պաշտօնապէս ոգեկոչել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած ազգակիցներուն յիշատակը:
Վճռաբեկ ատեանը քաղաքական որոշում մը առած ըլլալով՝ ինքզինք կը դնէ խոցելի կացութեան մը մէջ ու իրեն վրայ կը հրաւիրէ քաղաքացիական արդար զայրոյթը հարիւր հազարաւորներու:
Այդ զայրոյթը գործնական քայլերու վերածելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած է քալիֆորնիահայութիւնը, որ վճռաբեկ ատեանին որոշումը բեկանելու օրինական բոլոր միջոցներուն պիտի դիմէ անմիջապէս: