ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Կիրակի, Օգոստոս 30ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Մարզպետ Մարկոսեանի նոր հրատարակուած հատորին՝ «Քաղաքներու Կախարդանքը»ին գինեձօնը:
Օրուան բանախօսն է Երուանդ Գոչունեանը: Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ Կարօ Պետրոսեան, Վաչէ Սեմէրճեան եւ Մհեր Պապեան, իսկ հանդիսավարն է՝ Բարսեղ Գարթալեան:
Գինեձօնը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ՝ (222 E. Harvard Ave.): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: