Երէկ, երմուկի մէջ աւարտեցաւ Ճատրակի համաշխարհային դաշնակցութեան (ՖԻՏԷ) Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի «Կրան Փրի»ի 5րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն ընթացքին տեղի ունեցան 13րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները։
Նախքան վերջին հանգրուանը, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան առիթը ունէր տիտղոսին տիրանալու, այն պայմանով սակայն, որ ինք եւ իր ազգակիցը՝ Վլատիմիր Յակոբեան, պէտք է յաղթանակ արձանագրէին։ Արոնեան իր յաղթանակը արձանագրեց՝ պարտութեան մատնելով ռուս Էռնեսթօ Ինարքիեւը (57րդ շարժումին)։ Սակայն Յակոբեան չյաջողեցաւ նոյնը ընել եւ պարտուելէ ետք ուքրանացի իր մրցակիցէն՝ Վասիլի Իվանչուքէն (62րդ շարժումին), վերջինիս առիթ տուաւ, որ տիրանայ տիտղոսին՝ կէս կէտով գերազանցելով Արոնեանը։ Արոնեանի հետ երկրորդ դիրքը գրաւեց (դարձեալ 8 կէտով) Պորիս Կելֆանտ (Իսրայէլ), որ 12րդ հանգրուանին պարտուած էր Արոնեանէն:
æերմուկի ճատրակի մրցաշարքը մօտաւորապէս երկու շաբաթէ ի վեր իր վրայ կեդրոնացուցած էր ճատրակի աշխարհի ուշադրութիւնը:
Հայաստանի ուժեղագոյն ճատրակիստ Լեւոն Արոնեան, որ ամէնէն բարձր վարկանիշն ունէր այս մրցաշարքին մէջ, երկրորդ հանդիսանալով հանդերձ կարեւոր արդիւնք մը ապահովեց «Կրան Փրի» մրցաշարքի ընդհանուր դասաւորման մէջ։ Մրցաշարքը կը շարունակուի անցեալ տարուընէ ի վեր՝ վեց փուլով, եւ տակաւին փուլ մը եւս կայ վերջնական արդիւնքը հրապարակելու համար։ Լեւոն Արոնեան երկու անգամ յաղթանակով վերջացուցած է զանազան երկիրներու մէջ կայացած մրցաշարքերը, իսկ միւսներուն մէջ ալ )բացի Պաքուի մէջ կազմակերպուած փուլէն) յաջող արդիւնքներ ցոյց տուած է, հետեւաբար ընդհանուր դասաւորման մէջ մաս կը կազմէ առաջատարներու խումբին եւ վերջին փուլն ալ յաղթանակով կամ գոնէ 2րդ տեղը գրաւելով՝ կրնայ միասնական ախոյեան հռչակուիլ։ Այդ մրցաշարքին յաղթելու պարագային, պիտի պայքարի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար, 2011ին:
Ինչպէս բացման հանդիսութեան, æերմուկի մրցաշարքին փակման հանդիսութեան եւս ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ:
Փակման հանդիսութիւնն ու մրցանակատուչութիւնը տեղի ունեցան Կիրակի երեկոյեան եւ մասնակիցները առիթն ունեցան վայելելու նաեւ հիասքանչ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի նշանաւոր արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներու։ Մրցանակներն ու նուէրները յանձնուեցան նախագահին ձեռամբ. բոլոր մասնակիցները ստացան յուշանուէրներ։ Ի պատիւ ճատրակի վարպետներուն, տեղի ունեցաւ նաեւ գեղեցիկ հրավառութիւն մը։
Մրցաշարի փակման արարողութեան ներկայ էր նաեւ 1963-1969 թուականներու ճատրակի աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի որդին՝ Վարդան Տիգրան Պետրոսեանը:
Նախագահը Լեւոն Արոնեանին յանձնեց նաեւ Երեւան քաղաքի կեդրոնի նորակառոյց շէնքերէն մէկուն մէջ բնակարան ձեռք բերելու իրաւունքը հաստատող սեփականութեան վկայագիրը: