Հեղինակ՝ Դանիէլ Թիւֆէնքճեան
Գրախօսեց՝ ԴՈԿՏ. ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Առաջին ակնարկով այն տպաւորութիւնը կ՛ունենաս, որ յուշագրութիւն է կարդացածդ կամ՝ գրական բոլոր սեռերը միասին: Այո. հոն կայ յուշագրութիւն, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, ազգայնաշունչ յօդուած, հոգեբանական պատմուածք, գրութիւն՝ ներշնչուած հայ հին գրողի մը գործէն, եւն:
Բայց, նայինք թէ հեղինակը ինք ի՞նչ կ՛ըսէ: Կողքին ետեւ գտնուող շապիկին յաջորդ էջին վրայ կը գտնենք «ներածական»ը, որ բաւական լոյս կը սփռէ գրքի յղացման պարագաներուն վրայ: Այդ էջին վրայ, հեղինակը կը բացատրէ թէ ինչպէս սկսան երեւիլ բոլոր այն յօդուածները կամ գրութիւնները, որոնք ամփոփուած են ԾՈՑԷՆ կոչուող գրքի երկու կողքերուն միջեւ: Ան կ՛ըսէ, թէ իր մանկութեան դասընկերոջ՝ խաչիկ Թէօլէօլեանի թելադրութեամբ է, ոը կը սկսի յօդուածներ տալ Փարիզի ՅԱՌԱæին: Խաչիկին, որ ներկայիս բաղդատական գրականութեան դասախօս է Քընեթիքըթ նահանգի Ուէզլէյըն Համալսարանին մէջ, բուն նպատակն էր այնպէս ընել «որ կարելի ըլլայ հայ մամուլին մէջ Սփիւռքի արեւելեան սահմանները քիչ մը ընդլայնել»:
Շատեր գիտեն որ, 1975ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ պանդխտացան եւ մեկնեցան արաբական երկիրներ, յատկապէս Սէուտական Արաբիա, իրենց եւ իրենց ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար եւ այդ երկիրներուն մէջ տեսակ մը հայկական գաղութներ ստեղծեցին: Անոնք, իրենց ասպարէզներով զինուած եւ արաբերէնի իրենց հմտութեան շնորհիւ, փայլուն յաջողութիւններ ունեցան այնտեղ:
Դանիէլ Թիւֆէնքճեան, ասպարէզով երկրաչափ-ճարտարապետ, 1986էն 1989 կ՛աշխատակցի Փարիզի «Յառա»ջին: Այս գրքի բովանդակութիւնը կը կազմեն սոյն յօդուածները կամ գրութիւնները: Եթէ իրեն հարց տրուի թէ ասոնց բովանդակութիւնը կենսագրակա՞ն բնոյթ ունի, ան հետեւեալ տարտամ պատասխանը կուտայ վերոյիշեալ ներածականին մէջ. «թերեւս, բնաւ երբեք, մասամբ . . .»
Դանիէլ կ՛ըսէ. «Երկար մտածեցի, թէ ի՞նչ կարելի է գրել Ծոցի շրջանէն: Կարելի չէր մրցակցիլ U.P.I.ին, A.F.P.ին, REUITERին հետ (այն ատեն տակաւին C.N.N. գոյութիւն չունէր . . .) , այժմէականն ու առօրեան վերարտադրելու համար: Միւս կողմէ, ոչ մէկ տրամադրութիւն ունէի «Յառա»ջի ընթերցողներուն «կեանքս պատմելու», վստահ ըլլալով, որ ենթակայական այդպիսի մօտեցում ոչ ոք կը հետաքրքրէ: Թերեւս, մտածեցի, կարելի ըլլայ ցանց մը պրկել իրական ու երազուած աշխարհներու միջեւ, անջրպետ մը, որ կը բանի տարտամ տրամաբանութեամբ առանց կտրուկ «այո»- ի, առանց կտրուկ «ո»չ-ի»:
Եւ, այսպէս, 13 տարբեր գրութիւններ լոյս կը տեսնեն, տարածուած 157 էջերու վրայ, զորս Դանիէլ նուիրած է «Հայերէն լեզուի բոլոր ուսուցիչներուս եւ Փարիզի «Յառա»ջ օրաթերթին»: Իսկ, կողքի նկարը գործն է իր արուեստագէտ տիկնոջ՝ Ատրինէ Թիւֆէնքճեանի:
Եւ, իսկապէս, անոնք որ կը ճանչնան Դանիէլ Թիւֆէնքճեանը, զոր իր մտերիմները «Դանօ» կը կոչեն, պրկած է այն ցանցը եւ իրականը խառնելով երեւակայութեան, ստեղծած այս գործը, որուն մէջ միակ վաւերականն ու անփոփոխը կը մնան իր ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ հայուն ճակատագիրը:
Վերոյիշեալ 13 պատմուածքներէն հետեւեալ ութն կը վերաբերին անապատի- Սէուտական Արաբիոյ իր կեանքին:
Առաջին պատմուածքը «Նաւահանգիստները» խորագրով՝ 21րդ դարու ամփոփ հայոց պատմութիւնն է: Կարելի է ըսել նաեւ, որ այս մէկը հայոց պատմութեան դաս է: Իսկէնտէրունէն Հալէպ, Հալէպէն Պէյրութ եւ վերջաւորութեան դէպի արաբական ծոցի երկիրները:
Հետաքրքրական է Դանիէլի հետեւեալ մտորումը.«Ճակատագրի հեգնանքներէն մէկն է, որ ցամաքով շրջապատուած ու պատմութեան մէջ գրեթէ երբեք ծովեզերք ու նաւահանգիստ չունեցած երկրի մը զաւակները իրենց կեանքը անցընեն փրկութեան լաստերու վրայ, մէկ ծոցէն միւսը, միշտ վերսկսելով ուժերը հաւաքել, ամփոփուիլ եւ յուսալ որ վերջին ծոցը նախորդներէն աւելի հիւրընկալ, ջերմ ու բարեբեր ըլլայ:»
«Փոխան Հէքիաթի» պատմուածքը երիտասարդ հայ մեքենագէտ Գէորգի (հիմա սակայն «արաբացած» Թուֆիք Միւսլիմանի) տարիներ առաջ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն բնակիչ դառնալու տարօրինակ պատմութիւնն է: Վերջինը մեծապէս յագեցած է հայ-թուրք, հայութիւն-թրքութիւն յղումներով, զորս Դանիէլ կը վերջացնէ այսպէս, խօսելով Արաբիա ապաստանած հայ երիտասարդներուն մասին. « . . . որոնք իրենց արքայութիւնը լքած, ուրիշներու թագաւորութիւնները կը կերտեն աշխարհի չորս ծագերուն»:
Սէուտցի մեծահարուստներու նոր տուներուն մասին է «Սպանական Քմահաճոյք»ը, որ հատորին երրորդ պատմուածքն է: Հայ երկրաչափներն ու ճարտարապետները իրենց բոլոր շնորհները կը թափեն այս բնակարաններուն վրայ: Իսկ տան տէրերը, հետզհետէ պահանջկոտ դառնալով, նորանոր մանրամասնութիւններով կը փափաքին զարդարել զանոնք, որուն համար պէտք կ՛ըլլայ նոր վարպետներ փնտռել, որոնք կը գտնուին վերջապէս: Երկու լիբանանցի վարպետներ, մէկը Զղարթացի, միւսը՝ հայ, որոնք իրենց գործը կատարեալ յաջողութեամբ գլուխ կը հանեն: Ժամանակ կ՛անցնի, նոր պահանջներ երեւան կուգան: Դարձեալ փնտռտուք: Ի վերջոյ երկու նոր արհեստաւորներ կը գտնուին, երկուքն ալ թուրք: Կ՛ըսուի,թէ միայն այս երկուքին կարելի է վստահիլ այսպիսի նուրբ աշխատանք մը: Բայց՝ յուսախաբութիւն: Թուրքերուն գործը՝ կատարեալ ձախող: Հայ-թուրք առճակատումը կը շարունակուի:
«Տիզբոն՝ Փոթոմաքի Վրայ» այլաբանական պատմուածք մըն է: Չորս հայ երիտասարդներ, նախկին դասընկերներ, ամերիկեան քաղաքացիութեան երդումը կուտան միասին: Եւ փառք կուտան Աստուծոյ, որ վերջապէս ազատեցան իսլամ երկիրներու մէջ ապրելէ: Ապա, անոնք մուտքի դուռը կը փնտռեն դուրս ելլելու համար, բայց կը կորսուին ոլորապտոյտ միջանցքներուն մէջ: Արդեօք ինչո՞ւ:
Դանիէլի իւրաքանչիւր գրութեան մէջ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը ներկայ է. իր ուսուցիչներով, իր դասընկերներով, իր հաճելի յուշերով: «Դեղին Գիծը» պահ մըն է դասընկերներէն մէկուն հետ հանդիպումէն: Երիտասարդ ընկերը յղացած է համակարգիչով հայերէն սորվեցնող մեթոտ մը: Նոյնիսկ արաբական անապատի մէկ խուլ անկիւնը ճեմարանի տղաքը հայութեամբ կ՛ապրին: Անոնք չեն դաւաճաներ իրենց ուսուցիչներուն:
Մարդկային տրամա մըն ալ «Յեսուս Քասթրօ» խորագրուած գրութիւնն է: Երրորդ աշխարհի խեղճուկրակ մարդուկ մը Արաբիա եկած է դրամ շահելու եւ Ֆիլիպեան կղզիներուն մէջ իր շինել սկսած տունը աւարտելու համար: Վատառողջ է. սակայն կ՛աղաչէ կը պաղատի իր մեծաւորին որ զինք տուն չղրկէ: Այս գործը ձեռք ձգելու համար իր միջնորդին երեք հազար տոլար խոստացած է: Այսինքն մեծ պարտք մը, զոր հատուցանելու համար պէտք է ան շարունակէ աշխատիլ, այլապէս կը կորսնցնէ իր տունը: Այս պատմուածքին մէջ ալ Դանիէլ տեղ կը գտնէ ամերիկացի վերահսկիչին պատմելու համար, թէ «ասկէ հարիւր յիսուն տարիներ առաջ հայերը հիմնեցին ու ծաղկեցուցին քարիւղի արդի ճարտարարուեստը» Պաքուի մէջ: Նաեւ կը յիշէ նշանաւոր Մանթաշեան ընտանիքը:
«Քաղքենիութեան Թաքուն Հրապոյրը» Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ի հետեւողութեամբ գրութիւն մըն է: Ֆրանսական դրամատան մը տնօրէնը, պրն. Ռոլան, կ՛ուզէ համոզել պրն. Երուանդը, որ նոր բաժնետոմսեր գնէ: Հոս է, որ Արաբիայէն կ՛երթանք Ծապլվար, որ ընկեր Փանջունիի գործունէութեան դաշտն էր: Մեր հայը կը հասկնայ, թէ իրեն առաջարկուող բաժնեթուղթերը կը պատկանին ընկերութեան մը, որ հայկական բոլոր հաստատութիւնները, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ ծախելով է որ դրամագուխ գոյացուցած է, եւ զայն բաժին առ բաժին ետ պիտի ծախէ հայերուն: Հայութեան չարաշահումը կը շարունակուի: «Ընկեր Փանջունի»ին ծանօթ ընթերցողները, վստահ եմ, զուարթ ժպիտով մը պիտի յիշեն յեղափոխական Փանջունիի նամակներու վերջաւորութիւնը. «մի քիչ փող ուղարկեցէք»:
Երկու իրանահայ զինուորներ, Գրիշա եւ Իշխան, կը կռուին Իրան-Իրաք պատերազմին: Պատմութիւնը ողբերգութեամբ կը վերջանայ, երբ ռումբի մը զոհ կ՛երթայ Իշխան: Գրութեան խորագիրն է «Փոքր Նուագ Թմբուկի ու Փողերու»: Այդ կարճ ժամանակի ընթացքին, երկու երիտասարդները դարձեալ կը խօսին հայութեան ցաւերէն: Իշխան իր ետին ձգած է իր սիրած աղջիկը: Անոնք չեն կրնար ամուսնանալ եւ Ամերիկա մեկնիլ, որովհետեւ աղջկան՝ Շուշիկի հայրը բոլորովին հակառակ է իր աղջիկէն բաժնուելու հեռանկարին: Այստեղ, երկու զինուորներուն խօսակցութիւնը կը ստանայ հայ ազգային վիճաբանութեան բնոյթ: Գրիշա գերի կ՛իյնայ, բայց իրաքահայ սպան զինք ապահով հիւանդանոց մը կը ղրկէ, զայն փրկելով բանտերու աղիտալի արհաւիրքէն:
Իսկ, «Երրորդ Աթոռը» երիտասարդ զոյգի մը ոդիսականն է, զաւակ ունենալու ի խնդիր: Ամուսնութենէն վեց տարի ետք տակաւին, անոնք չեն յաջողիր սկսիլ այդ ծրագիրը: Անոնք գործի իրենց վայրերուն մէջ կը թակեն բժշկական բազմաթիւ հաստատութիւններու դռները, լուծում փնտռելու համար իրենց խնդրին: Նախ՝ Խուպար (Արաբիա), ապա՝ Պէյրութ ապա՝ Փարիզ, հուսկ ապա՝ Ամերիկա: Տեղ տեղ պատմուածքը համեմուած է գրաբար աղօթքներով, զորս երիտասարդին մայրը ղրկած է իրեն եւ յանձնարարած կարդալ հաւատքով, օրը եօթը անգամ մինչեւ քսանմէկ օր, վստահեցնելով որ, այս կերպով ամէն խնդրանք եւ փափաք կ՛իրականանայ:
Պարոն Պօղոս հերոսն է «Երկաթէ Մարդը» պատմուածքին, որ հոգեբանական երանգներով գրութիւն մըն է: Ան միշտ եղած է պարկեշտ եւ աշխատած՝ պատուախնդրութեամբ, մաքուր խիղճով եւ կրցած է ընտանիքին ապրուստը շահիլ վեհանձն կեանքով: Բայց, վերջին տարիներուն Արաբիոյ շահը նոյնը չէր մնացած ինչ որ սկզբնական շրջանին: Եւ երբ առիթը կը ներկայանայ քիչ մը կաշառք վերցնելու, կ՛որոշէ ինքն ալ իր բաժինը ստանալ ըստ իրեն առանց վնասելու ընկերութեան, որուն տարիներու հաշուապահը եղած էր, եւ կը մտածէ կոկիկ գումարով մը վերադառնալ ծննդավայր: Մենախօսութեամբ մը հօրմէն ներողութիւն կը խնդրէ որ, հակառակ անոր տուած խոստումներուն, «հարամ» դրամ ձեռք պիտի անցընէ, եթէ կարենայ՝ անշուշտ: Մեծ դժուարութեամբ առաջարկը կ՛ընէ յաճախորդին, բայց չի յաջողիր: Ժխտական արդիւնքը հիմնովին կը ցնցէ պարոն Պօղոսի էութիւնը, եւ ան խորտակուած սրտով կը դիմէ դէպի տուն:
Վերջին պատմուածքը, «Ցոյցը» եզրակացութիւնն է Դանիէլի հայ ինքնութեան անձկութեան եւ ի վերջոյ ցասումը կը պայթի: Երկրաչափի համեստ օգնական Հայկը՝ ցեղասպանութենէն վերապրող մը, ֆրանսական շինարարական ընկերութեան մը մօտ կ՛աշխատի: Ընկերութիւնը, Տէր Զօրի մէջ, Եփրատ գետին վրայ կամուրջ մը կը փորձէ նետել: Համեստ գործաւորը՝ Հայկ անդադար դիտողութիւններ կ՛ընէ կամուրջի կառոյցին մասին, ըսելով որ, ձիւնհալի ժամանակ, գետը այնքան կ՛ուռի, որ այդ կամուրջը չի կրնար դիմանալ Եփրատի յորձանքին: Հայկ կը մարգարէանայ, որովհետեւ նոյն գիշերն իսկ, խորտակելով ամէն պատնէշ, Եփրատ ջուրերուն տակ կ՛առնէ երկինք, երկիր: Հայկի դիտողութիւնը կ՛արդարանայ եւ ասիկա առիթ մը կը ստեղծէ, որ ան մանրամասն եւ հանգամանօրէն խօսի իր ֆրանսացի տնօրէնին հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Այս պատմուածքներէն դուրս, երկու կտոր եւս կայ: Մէկը թարգմանութիւն մըն է Սինկափուրի մասին, ուր ժամանակին կ՛ապրէր հայ մեծ գաղութ մը, որ այսօր մահամերձ է: Ծերերը կարգով կը մեռնին, իսկ երիտասարդները ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունին հայութեան հանդէպ: Բաւական յուզիչ գրութիւն մըն է:
Իսկ վերջին գրութիւնը կը կոչուի «Վերաշինութիւն՝ Առանց Մարքսի եւ Էնկելսի»: Իբրեւ ճարտարապետ-շինարար, Դանիէլ կը խորհրդածէ Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժին մասին եւ կուտայ մասնագիտական կարգ մը խորհուրդներ, գործածելի՝ վերաշինութեան պարագային: Այս գրութիւնը թէեւ թուական չունի միւս պատմուածքներուն պէս, այսուհանդերձ որոշ է որ գրուած է Խորհրդային կայսրութեան փլուզումէն առաջ:
Պատմուածքներու այլազանութենէն զատ, այս գիրքը ունի նաեւ այլ ուշագրաւ յատկանիշներ, որոնցմէ մէկն է լեզուն, գեղեցիկ հայերէնը, որուն այնքան կարօտը ունինք այս օրերուն: Ան գեղեցիկ է, առանց աւելորդաբանութիւններու եւ ածականներու, գեղեցիկ կնոջ մը նման, որ զարդեղէնի պէտք չունի:
Իսկ, նկարագրութիւնները, նկարչութեան մէկական գեղեցիկ պաստառներ են: Կան գունաւորները, կան սեւն ու ճերմակը, կայ նաեւ մոխրագոյնը: Կան կարգ մը էջեր, որոնք լրիւ նկարագրութիւն են, որ կը թուի ըլլալ Դանիէլ արուեստագէտին ամէնէն անհերքելի տաղանդը: Որքան ուշադրութեամբ կարդացի որ անտեղի կամ աւելորդ բան մը գտնեմ՝ չյաջողեցայ:
Մէկ բան յստակ է: Դանիէլի իբրեւ հայու ինքնութիւնը մտասեւեռումի հասած է այս հատորին մէջ, որ իր գիրքը պատրուակ կը ծառայեցնէ իր ընդվզումի արտայայտութեան: Թէեւ, պատմուածքներու այլազանութեան կողքին, իր հոգիի այս պոռթկումները ոչինչով կը խանգարեն պատումի սահուն ընթացքը:
Վերջապէս, բարձրաճաշակ գիրք մը, նման հեղինակին:
Լոս Անճելըս, 20 Օգոստոս 2009
How do we get the book?