ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի կառավարութեան ընդդիմադիր խումբ մը կուսակցութիւններ անցնող շաբաթավերջին միացեալ կոչով մը դատապարտեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնել փորձող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ պնդելով, որ անոնք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ի նպաստ դիրքորոշուած են։
Ատրպեճանական Յանուն ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած կոչը կը նշէ, թէ «Այս հարցը լուծելու համար միջնորդութիւն ընող երկիրներ Հայաստանը կասեցնելու որեւէ քայլի չդիմեցին։ Ընդհակառակը, տագնապը լուծելու պատրուակով, անոնք Ատրպէյճանի վրայ բացայայտ ճնշում կը բանեցնեն բռնագրաւումը ընդունելու եւ Լեռնային Ղարաբաղին անկախութիւն պարգեւող իրաւաբանական գործընթացները ընդունելու համար։ Այս ճնշումին կ՛ընկերակցի Ատրպէյճանի իրաւունքներու բռնաբարումը։ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը կարելի է Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ եւ միջազգային սկզբունքներու համաձայն»։