ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ հակաահաբեկչական մեծագոյն հետաքննութեան ծիրին մէջ, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, նախկին լրտեսին ձերբակալման հրամանագիր հրապարակուած է։
Խնդրոյ առարկայ անձը, որ ծանօթ է Մեւլութ Ք. անունով, կը կարծուի, թէ 2007-2008 թուականներուն Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած «Քայիտա»ի չորս անդամներուն պայթուցիկ նիւթեր փոխանցած է։
Ձերբակալուածներէն երկուքը թուրք քաղաքացիներ էին։
Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը 400 քիլոկրամ «Թի.Էն.Թի.» յայտնաբերած էր եւ կը հաւատայ, որ «Քայիտա»ի անդամները զայն պիտի օգտագործէին Գերմանիոյ մէջ ամերիկեան զօրակայաններու եւ Ֆրանքֆուրթի օդակայանին դէմ իրենց ծրագրած յարձակումներուն համար։
«Վաթան» նաեւ կը նշէ, որ ՄԻԹ հաստատած է, որ Մեւլութ Ք. մինչեւ 2002 թուականը իր գործակալներէն եղած է։