ՊՈԼԻՍ.- Աշխարհի մէջ խօսուող լեզուներու մասին ուսումնասիրութիւն մը հրատարակուած է «Էթնոկրաֆ» կայքին կողմէ։
Թուրքիոյ առնչուող բաժինին մէջ նշուած է, թէ 36 տարբեր լեզուներ կը խօսուին հոն։
Այս ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է բնականաբար, սակայն պէտք է նկատի առնել, որ բոլոր տուեալները կու գան 1980ական ու 1990ական թուականներէն։
Հայերէնը լեզուներէն մէկն է եւ ուսումնասիրութիւնը կ՛ըսէ, թէ Թուրքիոյ 70 հազար հայերուն 40 հազարը՝ հայերէն կը խօսի։
«1980ին թերեւս այս արդիւնքէն ալ դժգոհ պիտի մնայինք, որովհետեւ 40 հազարը քիչ պիտի նկատէինք, բայց այսօր կրնանք երանի տալ այդ 40 հազարին, որովհետեւ դժուար չէ ենթադրել, թէ այդ ալ երազ դարձած է այլեւս 70 հազար հայերէ բաղկացեալ այսօրուան հաւաքականութեան մէ»ջ, կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։