ԱԼՄԱԹԻԱ.- Նախաձեռնութեամբ «Լոյս» հայ մշակութային կեդրոնին, վերջերս Ալմաթիոյ մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցաւ ստեղծագործական երեկոյ մը՝ նուիրուած հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի 140ամեակին:
Հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին սաները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի զանազան հեքիաթներու բեմադրութիւնները եւ անոր շարք մը ստեղծագործութիւնները:
Աւարտին «Լոյս» հայ մշակութային կեդրոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան վկայագիրներ յանձնեց կիրակնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.