ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հայոց առաքելական եկեղեցիի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Մայր տաճարի հիմնադրամի տարեկան երկրորդ նուիրահաւաք ճաշկերոյթին, որուն խորագիրն է «Ականատես Լինենք Առաջընթացին», տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Արշակ եւ Էլէանոր Տիգրանեան» համալիրի «Նազարէթ եւ Սիմա Քալայճեան» սրահին մէջ։ Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հաղորդեց, որ շինարարութիւնը բարեյաջող ընթացքի մէջ է եւ նշեց, որ ճաշկերոյթին ծրագիրը եւ պատրաստութիւնները արդէն ամիսներէ ի վեր կ՛իրականացուին յանձնախումբի ատենապետ Աւօ Մարգարեանի առաջնորդութեամբ։
Մարգարեան նշեց, որ անցեալ տարուան նման, ճաշկերոյթին հրաւիրուած են ամերիկահայ համայնքին յատուկ կազմակերպութիւններ, որոնք իրենց ներկայութեամբ պիտի աջակցին Մայր տաճարի նախագիծին։ Անցեալ տարի ներկայ էին քսանէ աւել քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ կրօնական կազմակերպութիւններ։
Ձեռնարկի ընթացքին պիտի գործադրուի երաժշտական յատուկ ծրագիր, եւ պիտի ցուցադրուի Մայր տաճարի կառուցման մասին ձայնագրուած տեսաերիզ:
Երեկոն պիտի սկսի ժամը 7ին, յատուկ ընդունելութեամբ, եւ պիտի շարունակուի ընթրիքով, որ պիտի մատուցուի ժամը 8ին։ Ճաշկերոյթի հանդիսավարն է Լեւոն Քէշիշեանը։ Հիւրերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան ունկնդրելու Մայր տաճարի Շինարարութեան յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Համբարի եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետի՝ իրաւաբան Ճոզէֆ Կանիմեանի զեկոյցները։
Ճաշկերոյթի հրաւիրատոմսերը կ՛արժեն 125 տոլար։ Տոմսերու կամ նուիրատուութեանց համար դիմել Արեւմտեան թեմի գրասենեակ՝ (818) 558-7474 թիւով: