ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իսլամական սրբազան Ռամատան տօնին առիթով, Պոլսոյ Շիշլի շրջանի քաղաքապետութիւնը իր առաջին «իֆթար»ի ճաշկերոյթը սարքեց՝ ճաշասեղաններու շուրջ համախմբելով երկրի երեք դաւանանքներու ներկայացուցիչները։
Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլի տանտէրութեամբ սարքուած ճաշկերոյթին մասնակցեցան Հայոց պատրիարքութենէն Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, ասորի համայնքէն՝ Եուսուֆ Չէթին պատրիարքը, ասորի-կաթոլիկ համայնքի առաջնորդ Եուսուֆ Սաղը եւ Յունաց պատրիարքութենէն հայր Փայիսիոս Քոքինաքին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հաշտութեան ու եղբայրութեան կոչեր եկան ելոյթ ունեցողներէն։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ յիշեցուց, որ Ռամատան այն ամիսն է, երբ կ՛ակնկալուի, որ հասկացողութիւնը հասնի իր ամենաբարձր մակարդակին եւ անոնք, որոնք վշտացած կամ նեղացած են իրարմէ՝ հաշտուին իրարու հետ։
Շիշլիի քաղաքապետութեան ճաշկերոյթի վրանները ամէն օր կրնան սպասարկել երեք հազար հոգիի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.