ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Վերանայման իններորդ շրջանի ատեանը անցեալ շաբաթ դատական անընդունելի տեսակէտ մը հրապարակեց՝ վճռելով, թէ Քալիֆորնիոյ այն օրէնքը, որ կ՛երկարաձգէ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանէն չվճարուած իրաւունքներու պահանջքով կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններուն դէմ յարուցուած քրէական գործին մէջ ամերիկահայերուն համար ճշդուած ժամկէտը, սահմանադրական չէր։ Առաւել արագ որոշումով մը, ատեանը կատարեց ընդհանուր յայտարարութիւն մը՝ հռչակելով, որ Քալիֆորնիա նահանգը բեկանած է այն արտաքին հարցեր տնօրինելու իշխանութիւնը, որ Սահմանադրութեամբ բացարձակապէս վերապահուած է դաշնակցային կառավարութեան, եւ այդ մէկը պարզապէս, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ օրէնքը կը պարունակէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերագրում մը։ Երեք դաշնակցային դատաւորներէն երկուքը հաստատեցին, թէ Քաղաքային գործընթացներու Քալիֆորնիոյ օրէնքներուն 354.4 բաժինը, որ որդեգրուեցաւ 2000 թուականին Քալիֆորնիոյ Օրէնսդրութեան կողմէ, կը հակասէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու դաշնակցային կառավարութեան քաղաքականութեան։
Այդ օրէնքը որդեգրելով՝ Քալիֆորնիա նահանգը կը մտադրէր իր բնակիչներուն եւ ուրիշներու տալ իրենց օրինական իրաւունքները պաշտպանելու առիթը, արտօնելով, որ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2010, քրէական գործ յարուցեն օտար եւ տեղական կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններուն դէմ, որոնք չեն վճարած Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին իրենց ընտանիքներուն իրաւունքները:
Այդ օրէնքին հիման վրայ, խմբային քրէական գործ մը յարուցուեցաւ Նիւ Եորքի «Լայֆ Ինշուրընս Քամփընի»ին դէմ, որ լուծուեցաւ 2005ին, քսան միլիոն տոլարի վճարումով։ Երկրորդ խմբային քրէական գործը յարուցուեցաւ «Աքսա»ի դէմ, որ կեանքի ապահովագրութեան ֆրանսական ընկերութիւն մըն է։ Այդ մէկը լուծուեցաւ 17.5 միլիոն տոլարի վճարումով։ Երրորդ խմբային քրէական գործը յարուցուեցաւ «Վիքթորիա Վերիշերանկ Էյ.Ճի.» եւ երկու ուրիշ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ՝ 2003ին։ Հայր Վազգէն Մովսէսեան՝ Կլէնտէյլի Ս. Պետրոս հայկական եկեղեցւոյ հովիւը, գլխաւոր բողոքը ներկայացնողն էր։
Գերմանական ընկերութիւններուն փաստաբանները դէմ կեցան կատարուած քրէական դիմումին եւ չեղեալ համարելու դիմում ներկայացուցին։ Դաշնակցային դատախազ Քրիսթինա Սնայտըր մերժեց պաշտպանեալներուն հակադիմումը՝ արձակելով այն վճիռը, թէ 354.4 բաժինը խախտում մը չէր դաշնակցային կառավարութեան արտաքին հարցեր տնօրինելու իշխանութեան։ Պաշտպանեալները ապա կատարեցին վերանայման դիմում մը՝ դիտել տալով, որ Քալիֆորնիոյ օրէնքը «կը հակասէ (Հայկական Ցեղասպանութեան) ճանաչումը արգիլող Գործադիր թեւին քաղաքականութեան»։ Անոնք մատնանշեցին, թէ նախագահներ Պուշի եւ Քլինթընի վարչամեքենաները դէմ դրած էին Հայկական Ցեղասպանութեան երեք օրինագիծերուն, որոնք ներկայացուեցան Ներկայացուցիչներու տան՝ 2000ին, 2003ին եւ 2007ին։
Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Վերանայման իններորդ շրջանի ատեանը ջնջեց դատաւոր Սնայտըրի որոշումը՝ հաստատելով, թէ Քալիֆորնիոյ խնդրոյ առարկայ օրէնքը «անարտօնելիօրէն կը խախտէ» Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան իրաւասութեան սահմանը։ Վերանայման դիմումներու ատեանի երեք դատախազներէն երկուքը՝ Տէյվիտ Ռ. Թոմսըն եւ Տորոթի Տապըլիու Նելսըն, գերմանական ապահովագրութեան ընկերութիւններուն կողմ բռնեցին։ Երրորդ դատաւորը՝ Հարի Փրեկըրսըն, յարեցաւ հայ բողոքողին կողմը՝ պնդելով, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգը իրաւունք ունի երաշխաւորելու իր բնակիչներուն հանդէպ ապահովագրութեան ընկերութիւններուն արդար վարմունքը։ Ան նաեւ հաստատեց, թէ չէր կրնար գտնել «որեւէ փաստ դաշնակցային բացայայտ քաղաքականութեան մը», որ կ՛արգիլէր նահանգային իշխանութիւններուն «Հայկական Ցեղասպանութիւն» եզրին գործածութիւնը:
Այս վերանայման դիմումներու ատեանի վճիռը շատ լուրջ հետեւանքներ ունի Հայկական Դատին համար, որ շատ աւելի անդին կ՛անցնի քան կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններէն պահանջքի հարցը:
Շատ արտասովոր էր, որ դատաւոր Տորոթի Նելսըն բացակայ էր դատական ամպիոնէն, երբ երկու կողմի փաստաբանները կը ներկայացնէին իրենց բանաւոր պատճառաբանութիւնները Վերանայման ատեանին առջեւ։ Այս դատին նկատմամբ անոր բացայայտ անտարբերութիւնը մտածել կու տայ, թէ արդեօք ան այդ լսարանի տեսաերիզը իր օգնականներո՞ւն դիտել տուաւ։
Ամերիկահայերը պէտք է պահանջեն դատաւորներ Թոմսընի եւ Նելսընի հարցաքննութիւնը՝ բացակայութեան գծով, այն սխալ յայտարարութեան համար, թէ՝ Քոնկրէսին եւ նահանգային իշխանութիւններուն «արգիլուած» է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծեր որդեգրելը, ինչպէս նաեւ իրենց դատական կարծիքին մէջ քաղաքական տեսակէտներ ներարկելու համար։ Անհաւատալի է, որ դատաւորներ, որոնք կ՛ապրին Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր կը գտնուի աշխարհի հայ ամենամեծ համայնքը, տեղեակ չեն Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամէնէն հիմնական իրականութեան մասին։
Նաեւ կան լուրջ սխալներ 20 Օգոստոս, 2009ին երկու դատաւորներուն հրապարակած կարծիքին մէջ։ Օրինակի համար, էջ 11434ին մէջ անոնք կը նշեն, թէ ««Հայկական Ցեղասպանութեան» վերաբերող միւս երեսունինը նահանգային օրէնքներուն մէջ ո՛չ մէկ մէջբերում կամ փաստ կայ»։ Այս հաստատումը բացայայտօրէն սխալ է։ 30 Ապրիլ 2008ին ներկայացուած «Պատասխաններու Ծրար»ի էջ տասնիննին մէջ, բողոքողին փաստաբանները կը հայթայթեն հետեւեալ մէջբերումը. «Ցայսօր երեսունինը նահանգներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ օրէնսդրութեամբ կամ հռչակագիրով։ Տե՛ս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչում» կայքէջը՝ http://www.anca.org/genocide_resource/states_map.php»։
Քալիֆորնիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գործադիր թեւի քաղաքականութեան խախտուած ըլլալը փաստելու իրենց ջանքին մէջ, դատաւորներ Թոմսըն եւ Նելսըն կը խօսին միայն այն օրինագիծերուն մասին, որոնք Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան չարժանացան։ Դատաւորները չեն նշեր այն շօշափելի իրականութիւնը, թէ՝ Քալիֆորնիոյ 354.4 օրէնքին հետ զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծեր վաւերացուց երկու անգամ՝ 1975ին եւ 1984ին, իսկ նախագահ Ռիկըն հրապարակեց Նախագահական հռչակագիր մը՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Այս դատաւորները նաեւ յստակօրէն կը սխալին, երբ կը պնդեն, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսն ու նահանգային իշխանութիւններ միջամուխ եղած են Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան բանաձեւման մէջ։ Քառասունմէկ նահանգներու կողմէ որդեգրուած օրինագիծերը եւ կառավարիչներու, քաղաքապետներու եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին շրջանային վերահսկիչներու կողմէ հրապարակուած հարիւրաւոր հռչակագիրները իրենց բնոյթով յիշատակման համար են, պարզապէս վերահաստատելով Հայկական Ցեղասպանութեան նշումը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ նոյնը կատարէ։ Առաւել, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ՉՈՒՆԻ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւն մը։
Հետաքրքրականօրէն Վերանայման ատեանի դատաւորները բացայայտեցին, թէ թուրք պաշտօնատարներ չարաշուք փորձ մը կատարած էին միջամտելու իրենց վճիռին։ Անոնք նշեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Սենսօ իրենց յղած էր նամակ մը՝ արտայայտելով իր երկրին փուռն ընդդիմութիւնը Քալիֆորնիոյ 354.4 օրէնքին, եւ խնդրելով, որ ատեանը շրջէ զայն։ Թուրքիոյ դեսպանը նոյնպիսի նամակ մը յղած էր նախապէս ուրիշ դաշնակցային դատաւորի մը՝ փորձելով միջամուխ ըլլալ գերմանական դրամատուներու դէմ հայ բողոքողներու յարուցած քրէական գործին։ Հակառակ անոր, որ դատաւորներ Թոմսըն եւ Նելսըն կը վստահեցնեն, թէ իրենք անտեսած էին Թուրքիոյ դեսպանին զայրոյթ արտայայտող նամակը, անիկա վստահաբար ամրացուցած է իրենց սեփական տեսակէտը, թէ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգը միջամուխ կ՛ըլլար իր արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու Ուաշինկթընի ոճին։ Պարզապէս զզուելի է այն իրականութիւնը, թէ՝ թրքական կառավարութիւնը փորձած է միջամուխ ըլլալ ամերիկահայերուն եւ գերմանական ապահովագրութեան ընկերութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քրէական գործի մը մէջ, հակառակ անոր, որ բողոքողները այս պարագային ո՛չ ամբաստանեցին թուրք պաշտօնատարներ որեւէ մէկ սխալի համար, ո՛չ ալ որեւէ պահանջք ներկայացուցին անոնց։
«Կերակոս անտ Կերակոս», «Քապաթէք, Պրաուն, Քելնըր Էլ.Էլ.Փի.» եւ Եղիայեան իրաւաբանական գրասենեակները՝ բողոքողը ներկայացնող իրաւաբանական հաստատութիւնները, պէտք է անդրադարձած ըլլային մինչեւ հիմա, որ ասիկա կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններու կողմէ իրենց յաճախորդներուն իրաւունքը վճարած չըլլալու հարց չէ։ Այս դիմումը ներկայիս աճած է ըլլալու դատ մը, որ հարցականի տակ կ՛առնէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քալիֆորնիոյ եւ քառասուն ուրիշ նահանգներուն ունեցած իշխանութիւնը։ Առաւել զարմանալի է, թէ ինչո՛ւ բողոքողին փաստաբանները չեն հրաւիրած Քալիֆորնիոյ Ընդհանուր դատախազը, որպէսզի ներկայանայ ատեան եւ պաշտպանէ իր նահանգը ընդդէմ այն ամբաստանութիւններուն, ըստ որոնց՝ անիկա վաւերացուցած է օրէնք մը, որ յայտնապէս կը խախտէ Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութիւնը։ Յուսանք, որ այս լուրջ շրջանցումը կարելի կ՛ըլլայ դարմանել՝ դիմելով Նահանգային ընդհանուր դատախազին, որ իր կարգին դիմում կատարէ Վերանայման դիմումներու ատեանին՝ աւելի մեծաթիւ կազմի մը ներկայութեան վերալսելու համար բողոքողի դատին։ Սակայն եթէ բոլոր դիմումները ձախողին, հայերը կրնան լոպպիինկի աշխատանք տանիլ Քալիֆորնիոյ մէջ նոր օրէնքի մը որդեգրման համար, որ կ՛արտօնէ ապահովագրութեան օտար ընկերութիւններու դէմ քրէական գործ յարուցելը, առանց խնդրայարոյց բառամթերքի։
Տարիներ շարունակ նուաստս կը դիմէ ամերիկահայ համայնքին եւ անոր քաղաքական ղեկավարութեան, որ դադրին հետապնդելէ որդեգրումը յաւելեալ քոնկրէսական օրինագիծերու, որոնք պարզապէս կը կրկնեն այն, ինչ որ արդէն իսկ իրագործուեցաւ 1975ին եւ 1984ին, փոխարէնը՝ վերաուղղեն իրենց ջանքերը Թուրքիոյ կառավարութենէն կատարուելիք աւելի արդիւնաւէտ օրինական պահանջներու, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական ատեաններու միջոցաւ։ Այժմ յստակ է, որ նախապէս արդէն վաւերացուած օրինագիծեր յաջողեցնելու շարունակ կատարուած եւ ձախողած հայկական փորձերը ոչ միայն արժէքաւոր ժամանակի եւ աղբիւրներու կորուստ են, այլեւ կրնան մահացու ըլլալ հայկական օրինական պահանջներու հետապնդման:
Վերջապէս նախագահ Օպաման եւ շարք մը նախկին նախագահներ պէտք է իրենց պատասխանատուութեան բաժինը յանձն առնեն այս անբաղձալի արդարադատական զարգացման մէջ, տրուած ըլլալով, որ իրենք խոստում տուած են ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրենց նախագահական թեկնածութեան շրջանին, եւ դրժած են իրենց խոստումը, երբ պաշտօնի գլուխ անցած են։ Նախագահ Օպաման պէտք է գիտակցի այն օրինական լուրջ հետեւանքներուն, զորս իր վստահութեան խախտումը յառաջ կը բերէ, եւ անոր պէտք է դիմուի իր քարոզարշաւի խոստումը կատարելու պահանջքով։
Հայերը եւ բոլոր անոնք, որոնք արդարութեան կը հաւատան, պէտք է պահանջեն ամերիկեան յանձնաժողովի մը հաստատումը, ինչպէս կայ Ողջակիզման զոհերուն համար, որպէսզի լուծէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակէն մնացած կալուածային եւ ստացուածքի վերաբերող բոլոր իրաւունքները։ Հակառակ անոր, որ ասիկա դիւրին գործ մը պիտի չըլլայ, սակայն առնուազն, սկիզբը պիտի ըլլայ շօշափելի եւ իմաստալից գործընթացի մը։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր