ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Սատաքօ» ցուցադրասարհը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ Ալեքսանտր Սատոյեան ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսին բացումը: «Սատաքօ» ցուցադրասարհին հասցէն է՝ 305 N. Brand Blvd.:
Արուեստագէտը ծնած է Երեւան, 1954ին: Ան 1975ին աւարտած է «Թերլեմեզեան» գեղարուեստի համալսարանը եւ մասնակցած է անհատական եւ խմբային աւելի քան 100 ցուցահանդէսներու, աշխարհի տարածքին:
Անոր գործերը մաս կը կազմեն անհատական հաւաքածոներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քանատայի, Անգլիոյ, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Զուիցերիոյ, Հարաւային Քորէայի, Չինաստանի, Նորվեկիոյ եւ Լիբանանի մէջ:
1995ին, ան անդամ դարձած է «Եունէսքօ»ի Արուեստի միջազգային միութեան: Անոր գործերը լոյս տեսած են նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան հրատարակութեանց մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել Ալեքսանտր Սատոյեանի համացանցային կայքը՝ www.alexandersadoyan.com հասցէով: