ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ աշնանային վարժողական ծրագրին մասնակցիլ փափաքողներուն համար դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամը Սեպտեմբեր 7ն է: Հետաքրքրուողները կրնան դիմումնագիրները ստանալ յանձնախումբի համացանցային կայքին (www.ancglendale.org) «For Students» բաժինէն: Ծրագրին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան մօտէն ծանօթանալու յանձնախումբի գործունէութեան եւ ընդհանրապէս ամերիկահայ համայնքը մտահոգող հարցերուն:
Նաեւ, Սեպտեմբեր 9ին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 11, Կլէնտէյլի «BJs» ճաշարանը խոստացած է ուտեստեղէնի վաճառքին եկամուտին 15 տոկոսը տրամադրել Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին «Relay for life» արշաւին, քաղցկեղի դէմ պայքարելու նպատակով: Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին անդամները ճաշարան պիտի այցելեն երեկոյեան ժամը 7ին: Ճաշարանին հասցէն է՝ 101 N. Brand Blvd.:
Վերջապէս, Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ ներկայ գտնուի քաղաքին ոստիկանութեան խորհրդակցական յաջող հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 21, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, քաղաքապետութեան երկրորդ յարկի սրահին մէջ (613 E. Broadway): Հոն, Կլէնտէյլի ոստիկանութեան խորհրդակցական մարմինին առջեւ, կարելի պիտի ըլլայ ոստիկանութեան առնչուող հարցերու կամ մտահոգութեանց մասին արտայայտուիլ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ (818) 243-3444 թիւով կամ info@ancglendale.org համացանցային հասցէին միջոցաւ: