ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Նախքան քրտական հարցին լուծման համար իր ճամբու քարտէսին մանրամասնութիւնները հրապարակելը, Անգարա անգամ մը եւս յստակացուց այս հարցով իր անբանակցելի պայմանները՝ միաժամանակ պնդելով, թէ անկէ ետդարձ պիտի չըլլայ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Օգոստոս 27ին պատկերասփռուած ճառի մէջ յայտնեց, թէ «Մեր կառավարութիւնը միշտ շեշտած է՝ մէկ ազգ, մէկ երկիր, մէկ դրօշ, մէկ պետութիւն»։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Ուրբաթ օր կը նշէ, որ Էրտողանի «կարմիր գիծեր»ը թրքական բանակին Երեքշաբթի օր յայտարարած «կարմիր գիծեր»ուն շատ նման են։
Էրտողան ըսած է, որ այս քայլին նպատակն է հաստատել «ժողովրդավարական միջավայր մը, ուր այս երկրին մէջ բնակողները կրնան ազատ կերպով իրենք զիրենք արտայայտել։ Այս ժողովրդավարական քայլը արեւելք կամ արեւմուտք, հիւսիս կամ հարաւ բնակող մեր ժողովուրդին համար սահմանափակուած չէ։ Ժամանակը հասած է արիւնահեղութեան «կա՛ց» ըսելու։ Այս վէրքը հիմա պէտք է բուժենք»։
Էրտողան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ապահովական ուժերուն, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանած են երկրին միութիւնը։
Թուրքիոյ վարչապետը անուղղակի կերպով քննադատած է վերոնշեալ քայլը դաւաճանական ծրագիր համարողները։ «Անոնք, որոնք եղբայրութեան այս ծրագիրը դաւաճանութիւն մը կը նկատեն, Թուրքիոյ վնաս կը հասցնեն», ըսած է ան։