ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Ուրբաթ, Օգոստոս 28ին կոչ ըրաւ դատելու ընդդիմութեան ղեկավարները, յետընտրական խռովարարութիւնները հրահրելու յանցանքով: Ան աւելցուցած է, թէ ներկայիս դատի ենթարկուող բարձրաստիճան գործիչները միակ պատժուողները պէտք չէ ըլլան։
Ահմատինեժատ Թեհրանի մէջ հանրային ելոյթի մը ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս դատող ականաւոր գործիչներուն նկատմամբ պէտք է «իսլամական գթութիւն» ցուցաբերուի՝ զանոնք «խաբուած» նկատելով։ «Այս խաբուած եւ երկրորդական տարրերուն հետ պէտք է իսլամական գթութեամբ վարուիլ։ Բուն տարրերուն անձեռնմխելիութիւն եւ պաշտպանութիւն մի տաք եւ խաբուածներն ու երկրորդական անձնաւորութիւնները մի պատժէք», ըսաւ ան։
Ահմատինեժատ նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ընդունեց, որ արգելափակեալ ցուցարարներուն դէմ վատ վերաբերմունք ցոյց տրուած է, սակայն հերքեց կառավարութեան մեղսակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.