ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ուրախութեան եւ տրտմութեան արցունքները տեղ մը իրարու կը խառնուին: Գիտականօրէն հաստատուած է, որ մարդկային աչքին արցունք հայթայթող գեղձերը միայն աղի արցունք կը հոսեցնեն աչքերու աւազանին մէջ, անկախ լացող անձին այդ պահուն ունեցած ուրախ կամ տխուր հոգեվիճակէն: Ուրեմն, ուրախ ըլլանք թէ տխուր, մեր արցունքի կաթիլները միշտ աղի են, եւ մեր էութենէն՝ զգացական աշխարհի խորքէն գալով՝ կը յուզեն թէ՛ մեր ներաշխարհը եւ թէ՛ մեր շրջապատը:
Արցունքները կը խօսին, կը պատմեն, կը կանչեն, կը ներգրաւեն, կը խղճահարեն, կը ներեն, կը քաւեն, մէկ խօսքով՝ բազմաթիւ պարտականութիւններ կատարելու կարողութիւն ունին, հակառակ անոր որ անգործածելի հեղուկի կաթիլներ են:
Կեանքի յուզական տարբեր կացութեանց մէջ թափուող արցունքներէն կարելի է զանազանել հրաժեշտի պահուն թափուող արցունքները, որոնք մելամաղձոտ դէմքի մը վրայ ուրուագծուած ժամանակաւոր ակօսներուն մէջէն կայլակ առ կայլակ կը գլորուին՝ բաժնուող անձին հետ զգացական կապը աւելի ու աւելի սերտացնելով: Այդ արցունքներով հանգուցուած սրտի կապը, «աչքէ հեռու՝ սրտէ հեռու» սովորական դարձած ասոյթը չէզոքացնելու կարողութեամբ օժտուած է նաեւ: Այդ սրտի կապն է, որ նոյնիսկ բաժանումէն ետք, հոգեկան արթուն վիճակով իրարու քով ներկայ կ՛ընէ այն անձերը, որոնք պարագաներու բերմամբ աշխարհագրական տարբեր վայրեր կ՛իյնան, կը բաժնուին ու կը հեռանան:
Ճամբորդութենէ անմիջապէս առաջ հրաժեշտ տալու պահուն, յաճախ տեսնուած է, թէ ոմանք երջանկութիւնը կ՛ունենան կարենալ լալու, մինչ ուրիշներ թէեւ յուզուին, սակայն չեն կրնար արցունք հոսեցնել իրենց աչքերէն: Մղկտացող ստամոքսը ու գալարուող աղիքները թերեւս իրենք վկայեն, թէ նման անձերու աչքերէն ինչքա՛ն արցունքի կաթիլներ կը հոսին, սակայն հակառակ ուղղութեամբ՝ դէպի ներս՝ հոգիին աւազանին մէջ թափուելով:
Բաժանումներու մէջ եւս կան տարբերութիւններ եւ անոնց աստիճանական սաստկութիւնը կը բարձրանայ մինչեւ վերջնական, այսինքն՝ մահուան բաժանումը, որ կեանքին տրուած հրաժեշտ ըլլալով՝ մեր լեզուին մէջ ծանօթ է մահ անունով:
Ամէնէն արժէքաւոր, բայց ամէնէն անիմաստ արցունքները կը թափուին մահուան առիթով: Արժէքաւոր՝ անոր համար, որ անոնցմով միշտ կը յիշենք մեր սիրելիներէն մէկուն կամ միւսին մահուան առիթով մեր ապրած ցաւը: Իսկ անիմաստ՝ քրիստոնէական ըմբռնումով, որովհետեւ մահը վերջակէտ մըն է միայն ֆիզիքական կեանքին, ու իշխանութիւն չունի հոգեղէն կեանքին վրայ: Սակայն, քրիստոնէական մեր հաւատքին համաձայն, կայ վերջնական հրաժեշտի պահ մը, մահէն անդին եղող՝ երկրորդ մահուան իրականութիւն մը, յաւիտենական բաժանումի օր մը, երբ Աւետարանին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, մեծ անդունդ մը պիտի գոյանայ արդարներուն ու մեղաւորներուն միջեւ, եւ մէկ կողմէն միւսը անցնիլը անհնար պիտի ըլլայ երկուստեք (Հմմտ Ղկ 16.26):
Բնականաբար բաժանումի արցունքները շատ աւելի իմաստալից ու խորհրդաւոր կը դառնան, երբ մարդիկ իմանան, թէ շուտով մահը պիտի դիմաւորեն: Այսպէս, իմացեալ մահուամբ հայրենիքը պատշպանելու համար ռազմի դաշտ իջնող զինուորին հրաժեշտ տալու պահուն, անոր հարազատները, երբ արցունք թափեն, զինուորին քաջութիւնը, հաւատարմութիւնը, հնազանդութիւնը եւ հայրենիքի հանդէպ սէրը գովերգած կ՛ըլլան: Միաժամանակ, այդ իմաստալից արցունքները կը քաջալերեն զինուորը, եւ ոչ թէ կը բարոյալքեն զայն: Արցունքի իւրաքանչիւր կաթիլին մէջ, լացողներուն զօրակցութիւնը կ՛ըլլայ ամփոփուած, որ զինք կը մղէ իր նպատակին՝ յաղթանակի:
Նոր Կտակարանի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ այսպիսի բաժանումի մը պատկերը գոյութիւն ունի, երբ Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի եկեղեցւոյ երէցները կանչելով՝ հրաժեշտ կու տայ անոնց, նախքան վերջնականապէս Երուսաղէմ մեկնիլը: Գիրքին հեղինակը՝ Ղուկաս, կը գրէ թէ Պօղոս լուր կը ղրկէ բոլորին, եւ սրտբաց կերպով անոնց կ՛ըսէ, թէ ինչպիսի՛ նեղութիւններ կրելով զիրենք Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատքին բերած էր: Կ՛ըսէ, թէ նոյնիսկ նիւթական իր կարիքները, իր ձեռքի աշխատանքով՝ վրանագործութեամբ բաւարարած էր, առանց ոեւէ մէկուն բեռ ըլլալու: Աւելին, ան կ՛ըսէ, թէ իր աշխատանքի արդար վաստակէն նաեւ բաժին հանած էր կարիքաւորներուն: Կը զգուշացնէ զանոնք հետեւելէ սխալ ուսուցումներու, որոնց քարոզիչները, կ՛ըսէ, «ձեր մէջէն պիտի ելլեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար» (Հմմտ Գրծ 20.30):
Ի վերջոյ Պօղոս առաքեալ անոնց կը յայտնէ, թէ այնուհետեւ պիտի չտեսնեն զինք: Որովհետեւ Երուսաղէմ պիտի երթայ ու չի գիտեր, թէ հոն ի՛նչ կը սպասէ իրեն: Կ՛ըսէ, թէ Սուրբ Հոգին իրեն յայտնած է, որ բանտարկութիւն ու նեղութիւն ամէն քաղաքի մէջ կրնայ պատահիլ իրեն: Այս լսելով՝ ներկաները կը սկսին լալու եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելու ու համբուրելու զինք: Անոնք յայտնապէս կը յուզուին ու կը մորմոքին մանաւանդ անոր համար, որ ան կ՛ըսէր, թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն: Ապա, անոր կ՛ընկերակցին մինչեւ նաւ՝ երթաս բարով ըսելու (Հմմտ Գրծ 20.37):
Հեթանոսաց առաքեալին կեանքէն քաղուած այս յուզիչ պատկերը, սովորական կեանքի մէջ ինչքա՜ն յաճախականութեամբ տեղի կ՛ունենայ: Հակառակ անոր, որ աշխարհը փոքրիկ բնակավայր մը դարձած է մարդկութեան համար, եւ անոր ամէնէն հեռաւոր անկիւնը կարելի է հասնիլ քսանչորս ժամուան ընթացքին, սակայն եւ այնպէս, հրաժեշտի պահուն դարձեալ արցունքները կը հոսին մարդոց այտերէն, սիրոյ, գուրգուրանքի, կարեկցութեան ու օրէ օր ծանրակշիռ դառնալիք կարօտի զգացումներով:
Նոյն կեանքին մէջ ապրելով, երբ յանկարծ կը հարկադրուինք աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ գտնուիլ, ու մեր բաժանումը նուիրագործելու համար արցունքի օծանելիքը կ՛օգտագործենք, ի՞նչ միջոցի պիտի դիմենք արդեօք, երբ մահուամբ այս աշխարհէն հրաժեշտ առնելէ ետք, երկրորդ մահուան դէմ յանդիման գտնենք մենք մեզ…: Պէտք չէ մոռնալ անշուշտ, որ երկրորդ մահուան պարագային, արցունքները ամբողջութեամբ անիմաստ պիտի դառնան: Նախ աչքերուն ետին գտնուող գեղձերը արցունք պիտի չարտադրեն այլեւս, նիւթեղէն աշխարհին մէջ թողած ըլլալով այդ ունակութիւնը:
Պօղոս առաքեալ, հրաժեշտի իր խօսքերը աւարտելէ ետք, իր մեկնումէն առաջ բոլորին հետ ծունկի կու գայ ու կ՛աղօթէ (Հմմտ Գրծ 20.36): Շատ մը հաւատացեալներ ունին այս սովորութիւնը, երբ նոյնիսկ կարճ տեղափոխութիւններէ առաջ, կամ պարզապէս տունէն դուրս ելլելէ առաջ կ՛աղօթեն՝ ապահով զգալու համար: Ինչքա՛ն պէտք է աղօթել ուրեմն, վերջնական հրաժեշտի ճանապարհորդութեան սկսելէ առաջ: Իսկ այդ ճանապարհորդութիւնը ազդանշան չունի: Ուստի, միշտ պէտք է աղօթել՝ ապահով ճամբորդութեան խնդրանքով, որովհետեւ բաժանումի արցունքները չեն կրնար օգտակար ըլլալ մեզի այլեւս, այլ՝ միայն աղօթքը: