Որքանո՞վ Կը Բացայայտէք Ձեր Զգացումները
Շատեր կը դժուարանան բացայայտելու զիրենք յուզող կամ տխուր զգացումները, մինչ ուրիշներու աչքերուն մէջ իսկ կարելի է կարդալ, թէ ի՛նչ կը զգան այդ պահուն։ Իսկ դուք ո՞ր խումբին կը պատկանիք. իմանալու համար, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն՝ ընտրելով հաւանական պատասխաններէն յարմարագոյնը, ապա կարդացէք արդիւնքը։
1- Երբ կը խօսիք,
ա.- Կը նայիք ձեր խօսակիցին աչքերուն։
բ.- Ձեռքի շարժումներու կը դիմէք, ձեր միտքը աւելի լաւ արտա-յայտելու համար։
գ.- Կը նայիք պարապութեան մէջ։
2- Ձեր տան յարդարանքը՝
ա.- Ծանր եւ ճնշիչ է։
բ.- Տեւաբար կը փոխուի։
գ.- Խորհրդաւոր է։
3- Երբ անսպասելի նեղութիւն մը հարուածէ ձեզ,
ա.- Զայն կը բաժնէք ձեր մտերիմ բարեկամուհիին հետ։
բ.- Կու լաք՝ հանգստանալու համար:
գ.- Կ՛երթաք վայր մը, ուր դուք ձեզ հանգիստ կը զգաք։
4- Երբ դէպք մը յուզէ ձեզ,
ա.- Ձեր յուզումը բոլորին կը յայտնէք։
բ.- Ձեր դէմքը կը բացայայտէ ձեր յուզումը։
գ.- Ոչ ոք կ՛իմանայ այդ մասին։
5- Անձնական հարց մը լուծելու համար,
ա.- Ձեր մօտիկները կը կանչէք՝ անոնց աջակցութիւնը ապահովելու համար։
բ.- Հոգեբանի կը դիմէք։
գ.- Ծովափ կ՛երթաք՝ առանձնանալու եւ այդ մասին մտածելու հա-մար։
6- Ի՞նչն է ձեր նախասիրած հաղորդակցութեան միջոցը.
ա.- Խօսակցութիւնը։
բ.- Գծագրութիւնը։
գ.- Համացանցը։
7- Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեր կողակիցը տեւաբար կը հա-կաճառէ ձեզի,
ա.- Յարձակողական ձեւով կը հակադարձէք։
բ.- Կը սպասէք, որ առանձին ըլլաք, որպէսզի դիտողութիւն ընէք։
գ.- Ձեր պաղարիւնութիւնը կը պահէք, բայց ներքնապէս վիրա-ւորուած կը զգաք։
ԱՐԴԻՒՆՔ
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, անկեղծ եւ ինքնաբուխ անձ մըն էք եւ բնականաբար ձեր ապրումներն ու զգացումները շատ դիւրին կը բացայայտէք եւ զանոնք կը բաժնէք ձեր շուրջիններուն հետ։ Ձեր շրջապատին մեծ կարեւորութիւն կու տաք, նոյնպէս ալ՝ անոնց զօրակցութեան։ Սակայն իմացէք, որ երբեմն առանձին մնալը եւ ուրախ թէ տխուր ապրումներու մասին խոկալը եւ եզրակացութիւններու յանգիլը ե՛ւս իրենց առաւելութիւնները ունին։
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, հաւասարակշռուած եւ պաղարիւն անձ էք. ձեր բարեկամներուն վրայ վստահութիւն ունենալով հանդերձ, ձեր զգացումները անոնց սեփականութիւնը դարձնելու կարիքը չէք զգար։ Գիտէք ձեր դժուարութիւնները հարթել ձեր ուժերով եւ զանոնք խթան համարելով՝ մարտահրաւէր կարդալ աւելի մեծ դժուարութիւններու։
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, խառնուածքով ինքնամփոփ եւ զուսպ էք, ձեր տխուր եւ ուրախ զգացումները կը պահէք ձեզի։ Մնայուն առանձնութեան պէտք ունիք դուք ձեզ վերլուծելու եւ հասկնալու համար։ Միւս կողմէ, ձեզի համար անհասկնալի է, թէ ոմանք իրենց զգացումները դարձնեն ուրիշներու սեփականութիւնը եւ առիթ տան այլազան մեկնաբանութիւններու։
=================================================================================
Մանթին Կը Հրամցնէ Համեղ Ճաշեր Մտերմիկ Մթնոլորտի Մէջ
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ
Եթէ կը կարծէիք, թէ Մանթին, Սուպօրէկը կամ լիցքը (տոլման) հայկական ճաշատեսակներ են, որոնք այլեւս ընդհանրապէս կը պատրաստուին հին սերունդի պատկանող խոհանոցներուն մէջ, պէտք է ձեզի տեղեկացնեմ, թէ այս մեր յարգի աւանդական ճաշերը այսուհանդերձ կարելի է ճաշակել նաեւ «Սթուտիոյ Սիթի»ի մէջ գտնուող նորաբաց «Մանթի» ճաշարանին մէջ: Ամէնէն հետաքրքրական երեւոյթը այն է, որ այս ճաշերը կը պատրաստուին երեսունամեայ երիտասարդ հայ խոհարարի մը կողմէ: Խոհարարն է Հրակ (Ճանըթըն) Տարագճեանը, որ միաժամանակ իր ծնողքին՝ Սիլվա եւ Րաֆֆի Գաբրիէլեաններուն հետ, սեփականատէրն է այս ախորժաբեր ճաշարանին:
Վերջին քանի մը տարիներուն, Տարագճեան փափաքը ունեցած է նմանօրինակ ճաշարանի մը ստեղծումին: Ի վերջոյ, այս տարուան Յունիս ամսուն, ան իր երազը իրականացուցած է:
«Մանթի» ճաշարանին մէջ, շարք մը միջին արեւելեան եւ հայկական ճաշերու կողքին, ոչ միայն կարելի է ճաշակել միսով մեր աւանդական մանթին, այլեւ՝ շոմինով մանթին. անշուշտ լաւ լուր մը՝ բոլոր անոնց համար, որոնք հեռու կը փորձեն մնալ մսեղէններէ:
Սակայն միսով թէ առանց միսի, երկու տեսակ մանթիները առատ մածունով հրամցուած՝ կը գոհացնեն նոյնիսկ ամենաբծախնդիր քիմքը:
Նշանաւոր է նաեւ Մանթիի խոռովածը՝ պատրաստուած բալով (Ֆիշնէ) ինչպէս նաեւ Տարագճեանի իւրայատուկ պատրաստութիւնները հայկական երշիկով կամ ապուխտով:
«Մանթի» ճաշարանին մէջ ոչ միայն կարելի է գրաւուիլ համեղ ուտելիքներով, սուրճով եւ անուշեղէնով, այլ նաեւ ճաշարանին հրամցուցած մտերմիկ մթնոլորտով:
Պատերու զարդարանքները, օգտագործուած պնակեղէնները, անոնց պահարանները, կանաչաւէտ փոքրիկ պարտէզը, հնչող երաժշտութիւնը, խոհարարի կամ տիրոջ մտերմիկ վերաբերմունքը յաճախորդին հանդէպ, կը ստեղծեն ջերմ մթնոլորտ մը, զոր դժուար է գտնել այլ ճաշարաններու մէջ:
Հակառակ անոր, որ «Մանթի»ն կը տրամադրէ ե՛ւ ներս, ե՛ւ բացօդեայ նստելու յարմարութիւն, ան ունի սահմանափակ թիւով սեղաններ, տեղի փոքր տարածքին պատճառով: Ուստի, Տարագճեան կը յանձնարարէ նախօրօք ապահովել տեղերը, մանաւանդ, երբ նկատի ունենանք «Մանթի»ի համբաւը, որ արդէն տարածուած է թէ՛ հայ գաղութին, եւ թէ՛ օտար շրջանակներու մէջ:
Սիլվա Գաբրիէլեան, հպարտօրէն կ՛ընդգծէ, թէ «Մանթի»ն քոյր ճաշարանն է Լիբանանի մէջ գտնուող «Ալ Մայասին» ճաշարանին, որ արժանացած է միջազգային մեծ մրցանակներու, որոնցմէ է հռչակաւոր Food and Wine-ի մրցանակը:
Ճաշացուցակին նայելով կարելի է ըսել, թէ հրամցուած ճաշերուն սակերը բաւական մատչելի են: Օրինակի համար պնակ մը մանթին կ՛արժէ մօտաւորապէս 9 տոլար. խոռովածի տեսակները միջին հաշուով կ՛արժեն 13 տոլար:
«Մանթի»ին խոհանոցը բաց կը մնայ Երեքշաբթիէն Հինգշաբթի օրերը, ժամը 11-էն 9:30, իսկ Ուրբաթէն Կիրակի՝ ժամը 11-էն 10:
«Մանթի» ճաշարանին մէջ ճաշակելով մեր հայկական մանթին, սուպօրէկը կամ խոռովածը՝ որոշ հպարտանք կարելի է զգալ, տեսնելով ժպտուն եւ իրիտասարդ, օտար ափերու մէջ մեծցած հայ խոհարարը, որ հակառակ ներկայ տնտեսական տագնապին, չէ վարանած մեծ քայլ մը առնելու՝ նախ իրագործելու համար ի երազը, եւ մանաւանդ հայուն թէ օտարին հրամցնելու մեր հայկական աւանդական ճաշերը:
«Մանթի»ի հասցէն է՝ 10962 Ventura Boulevard, Studio City, CA 91604.
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել 818-761-6565 թիւին:
Ձեռքերը դալար խոհարարին եւ բարի ախորժակ ձեր բոլորին: