ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նորագոյն բանաձեւը ներկայացուցած քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար առնուող քայլերը, որոնք կրնան դիւանագիտական ու առեւտրական կապերու հաստատման առաջնորդել:
Սակայն, քոնկրէսականը միաժամանակ շեշտեց, թէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ, «իսկական հաշտութիւնը» տեղի պիտի ունենայ միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը, 1915-1923 թուականներուն: Ըստ Շիֆի, Հայկական Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որուն զոհ գացած են 1.5 միլիոն հայ տղամարդիկ, կիներ, երեխաներ. հայ սիրտերուն մէջ Ցեղասպանութեան հետ կապուած ցաւը կարելի չէ դարմանել միայն դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.