ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Արցախ՝ Պատմական Հայաստանի՝ Մեծ Հայքի, հիւսիս արեւելակողմը տարածուող նահանգն է զուգահեռ Ուտիք նահանգին, որ Կուր գետով սահմանակից է Աղուանից աշխարհին:
Հարաւէն՝ կÿեզերէ Երասխ (Արաքս) գետը.
Հարաւ արեւելքէն՝ Փայտակարան նահանգը.
Հիւսիս արեւմուտքէն՝ Գուգարաց աշխարհը.
Արցախը Ուտիք նահանգին հետ միաձոյլ, բնորոշ տարածք է, որ կ՛իյնայ հիւսիսէն Կուր եւ հարաւէն՝ Արաքս գետերուն միջեւ:
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Արցախը, քաջարի ու խրոխտ իր բնակչութեամբ, յիշատակուած է հնագոյն ժամանակներէն:
Միջազգայնօրէն յայտնի յոյն պատմագիրներ Ստրաբոն (ք.ա. 64-63/23-24), Պլուտարքոս (46-127), յիշատակած են զայն իբրեւ յայտնի եւ նկատառելի հեծելազօր ուժաբանակ ունեցող շրջան՝ Արխիստենէ, Արդախ, Ուրդեխ եւ նման անուններով:
Չորրորդ դարուն, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատման եւ տարածման ժամանակաշրջանին, Արցախի մէջ յաջող առաքելութիւն եւ աշխատանք տարած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի թոռ՝ Գրիգորիս եպիսկոպոսը:
Հինգերորդ դարու սկիզբը, հայ գրերու գիւտէն ետք, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց անձամբ մեկնած է Արցախ, իր աշակերտներուն հետ հայ գիրն ու դպրութիւնը հիմնադրելու տարածաշրջանին մէջ:
Հայ գրի դարաշրջաններուն, հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններուն հետ կապուած՝ զայն յիշատակած են մեր գրեթէ բոլոր պատմագիրները. Պատմահայր Մովսէս Խորենացին, Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ եւ այլք:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹ
Արցախի մէջ քաղաքական տագնապը կը սկսի, երբ Արշակունեաց հարստութեան թագաւորութիւնը 428 թուին վերջ կը գտնէ:
Պարսից Սասանեան իշխանութիւնը, որ 387 թուականէն սկսեալ կը տիրէր Հայաստանի Արեւելեան հատուածին, 428 թուին, հայոց թագաւորը պաշտօնազրկելէ ետք, վարչական նոր սահմանագծումներ կատարելով, Արցախը կը տեղադրէ Աղուանից մարզպանութեան մէջ:
Այսուհանդերձ հոգեկան, մշակութային եւ ազգային անքակտելի կապերով, ժողովուրդը կը մնայ հայրենիքին եւ հայրենի ժողովուրդին հետ: Անոր գործնական արտայայտութիւնը կը տեսնենք 451 թուին, երբ Առանշահիկ Բակ իշխանի առաջնորդութեամբ, Արցախ կը մասնակցի Վարդանանց պատերազմին:
Առանշահիկ տոհմի ազդեցութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի: Վաչական Գ. բարեպաշտ իշխանը, Ե. դարու վերջաւորութեան օգտուելով պարսից բարեացակամ վերաբերումէն, կը հիմնէ տեղական թագաւորութիւն, որուն մէջ կը ներգրաւուի Ուտիք նահանգը, ապա նաեւ անդրկուրեան զուտ հայաբնակ Կամբեճան գաւառը:
ԱՒԵՐԻՉ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐ
Է. դարուն, կը սկսին արաբական յարձակումները:
Առանշահիկներու ժառանգորդները երկու ճիւղերով՝ խաչենցիներ եւ դիզակցիներ, աշխոյժ կերպով կը պայքարին արշաւող նոր ուժերուն դէմ, թէեւ, ի վերջոյ կ՛ենթարկուին անոնց. արաբական տիրոյթին:
Խաչէնի իշխաններու հեղինակութիւնը, վարկը կը մնան զգալի: Շրջան մը անոնք այնքան ժողովրդական կը դառնան, որ տարածաշրջանը կը սկսի կոչուիլ Խաչէն, փոխանակ՝ Արցախի: Իսկ իշխանները կը կոչուին թագաւոր:
Արաբները կը դառնան աւելի տիրական ուժ:
Է. դարու 40ական թուականներուն, Պարսկաստան տկարացած՝ վերջ կը գտնէ Սասանեան հարստութիւնը:
Ը. դարուն սկիզբը, արաբական իշխանութիւնը կ՛առաջացնէ վարչական նոր միաւորներ:
Հայկական շրջանները կ՛անուանուին Արմենիա, բաղկացած՝ Արցախի, Ուտիքի եւ Աղուանքի տարածաշրջաններէն. կեդրոնը՝ Դուին:
Թ. դարու կէսերուն, Առանշահիկ Տունը կը սկսի պայքարիլ՝ Արցախն ու Ուտիքը դուրս բերելու արաբական տիրոյթէն: (Այդ պայքարներուն մէջ, ծանօթ է Սահլ Սմբատեանի եւ Եսայի Աբու Մուսէ իշխաններուն սխրագործութիւնները՝ բռնակալ իշխան Բուղային դէմ):
Նոյն ժամանակամիջոցին, Արցախի ուժերը մեծապէս կ՛օգնեն նաեւ Բագրատունիներուն, որոնք կը ճակատէին Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու:
Ծանօթ է արդէն, որ 870 թուին, Բագրատունիները կը յաջողին իրենց պայքարին մէջ եւ կը հաստատեն Բագրատունեաց հարստութիւնը:
Արցախ՝ նորահաստատ Բագրատունեաց թագաւորութեան եթնակայութեամբ, կը պահէ ներքին անկախութիւն մը, իր երկու փոքր թագաւորութիւններով, Խաչենի եւ Դիզակի մէջ: Աւելի ուշ՝ Ուտիք, Կամբեճան, Սիւնիք տարածաշրջաններուն մէջ եւս կÿառաջանան ինքնավար իշխանութիւններ (թագաւորութիւններ):
Արցախ կ՛ապրի մասնակի խաղաղ եւ շինարարական ժամանակաշրջան մը: Կը հիմնուին նոր վանք-դպրոցներ. Գանձասար, Դադի, Ս. Աստուածածին: Զարկ կը տրուի գրչագրական, ստեղծագործական աշխատանքներու:
ՆՈՐ ԱՐՇԱՒԱՆՔՆԵՐ
ԺԱ. դարուն կը սկսի սելճուք-թուրքերու յարձակումներու ու նոր աւերածութիւններու պատմաշրջանը:
1047էն 1072, կը նուաճուի Հայաստանը:
Բացառաբար որոշ շրջաններ, ինչպէս Սիւնիքի թագաւորութիւնը, Խաչենի իշխանութիւնը, Սասունի իշխանութիւնը, կը յաջողին պահպանել ներքին անկախութիւն մը, մինչեւ 1170ական թուականները:
ԹՈՒՐՔ-ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ
ԿՌԻՒՆԵՐ ԵՒ ԱՐՑԱԽ
ԺԶ. դարու սկիզբը, յատկապէս՝ 1555էն մինչեւ 1639 (ԺԷ. դարու կէսերը) թուրք-պարսկական կռիւներու շրջան է. անոնց արդիւնքով՝ կը կնքուի պայմանագիր եւ Արցախը, Ուտիքը, Փայտակարանը, Պարսկահայքը ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւ Այրարատի, Գուգարքի եւ Վասպուրականի արեւելեան գաւառները կը մտնեն պարսկական Սեֆեաններու գերիշխանութեան տակ:
ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն, Արցախ ոչ թէ իր սոսկական տարածաշրջանին համար, այլեւ ամբողջ Հայաստանի հայութեան ազատագրութիւնը նպատակ դարձնելով, կը դիմէ միջոցառումներու. պարբերաբար կը կազմակերպէ գաղտնի ժողովներ, կÿորոնէ միջոցներ ազատագրուելու համար այլացեղ վայրագ տիրոյթներէն:
Դժբախտաբար թափուած ճիգերը դրական արդիւնքի չեն յանգիր. Եւրոպան, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանը կը մնան անտարբեր, տառապող հայ ժողովուրդի կացութեան եւ դիմումներուն նկատմամբ:
(Այս ժամանակաշրջանին մէջ, շահեկան են, հայ ժողովուրդի ազատագրման համար Յակոբ æուղայեցի կաթողիկոսին նախաձեռնութիւնները, Իսրայէլ Օրիի աշխատանքները, Դաւիթ Բէկի մարտնչումները, եւայլն):
Բոլոր տեսակի դժուարութեանց մէջ, շրջանը՝ բաժնուած հինգ մելիքութիւններու՝ Խաչէն, Դիզակ, Գիւլիստան, æրաբերդ, Վարանդա, կը ջանայ պահել ներքին որոշ ինքնավարութիւն մը, մինչեւ ԺԸ. դարու վերջը:
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾՕՆԸ
ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն, Ռուսաստան դէպի հարաւ եւ արեւելք տարածուելու քաղաքական ձգտումներ կը դրսեւորէ: Կը սկսի զօրաւոր բախումներ ունենալ մէկ կողմէ Օսմանեան թուքերուն, միւս կողմէ՝ Պարսկաստանի դէմ:
1768-1774 թուականներուն, Օսմանցիներուն դէմ յաղթական պատերազմով, Ռուսաստան իր դիրքերը կÿամրապնդէ Սեւ Ծովը եզերող ցամաքամասերուն վրայ:
Կը սկսին ռուս-պարսկական բախումները: Ժողովուրդին մէջ կը սկսի բարձրանալ յոյսը Ռուսաստանի միջոցով ազատագրուելու վայրագ ցեղերու տիրապետութենէն:
Ռուսաստան, յատկապէս Եկատերինէ կայսրուհիի ղեկավարութեան տակ, լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ:
Ռուս բանակային պատասխանատուներ մօտէն կապ կը պահեն Ղարաբաղի մելիքներուն հետ: Բնակչութեան ընդհանուր վիճակին կապակցութեամբ, զօրավար Սուվորով, 1780 Յունուար 10ին, հետեւեալ զեկուցագիրը կը փոխանցէ Եկատերինէ կայսրուհիի խորհրդական՝ Գ. Պոտեոմկինին.
«Հայաստանը մի քանի դար է ինչ զրկուել է իր թագաւորից եւ առանձին կառավարութիւնից. շատ տեղերի տիրել են թուրքերը եւ պարսիկները, իսկ փոքրիկ մասը, այսինքն Ղարաբաղը, այժմ էլ մնում է անկախութեան մէջ»: (Լէօ, «Երկերի Ժողովածու», հ. 3, Երեւան, 1973, էջ 339):
Գ. Պոտեոմկին ռուսական բանակին արշաւանքի պարտականութիւնը կը յանձնէ իր ազգական՝ Պ. Պոտեոմկինին, հետեւեալ յանձնարարական գրութեամբ.
«Շուշու Իպրահիմ խանին պէտք է պաշտօնանկ անել, որովհետեւ Ղարաբաղն այսուհետեւ կը կազմէ անկախ, բացի Ռուսաստանից ոչ ոքի չենթարկուած մի երկիր: Ամէն ջանք ի գործ դրէք, որ այս նոր երկիրը կազմակերպուի ժողովրդի համար ամենաշահաւէտ կերպով: Այս միջոցով ուժեղ հայկական նահանգները կը հետեւին այս օրինակին»: (Լէօ, նոյն, էջ 345):
Նոյն իշխանը Եկատերինէ կայսրուհիին կը յղէ նաեւ հետեւեալ տեղեկագիրը.
«Այսպիսով, Ասիայում կը վերանորոգուի մի քրիստոնէական պետութիւն՝ համաձայն ձեր կայսերական մեծութեան խոստումներին, որոնք իմ միջոցով հաղորդուած են հայոց մելիքներին» (Լէօ, նոյն տեղը):
Պարսկաստան գահակալութեան ժառանգութեան եւ ներքին դժուարութիւններուն պատճառով տկարացած կը թուի:
Ռուսաստան օգտուելով ստեղծուած կացութենէն, գրեթէ առանց պատերազմի հաւանականութիւն կÿունենայ տիրապետելու Կովկասեան ընդարձակ տարածաշրջաններուն:
Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորը, եւ Շաքիի, Խոյի, Թալիշի, Ղարաբաղի, Երեւանի խանութիւնները իրենք՝ կը դիմեն Ռուսաստանին, բերելու իր տիրապետութիւնը: Նոյն ինքն պարսկական գահին ժառանգորդ՝ Ալի Մուրատ խանը աջակցութիւն կը խնդրէ Ռուսաստանէն, որպէսզի կարենայ պայքարիլ Օսմանեան կայսրութեան եւ կեդրոնախոյս խանութիւններուն դէմ եւ կը խոստանայ Կասպից ծովուն արեւմտեան ափերը զիջիլ Ռուսաստանին:
Տրուած պայմաններուն մէջ, բնական է, որ տարածաշրջանին մէջ, ներառեալ Արցախ-Հայաստանի ազատագրութեան յոյսերը ապահով նկաուին: Սակայն, անակնկալ կերպով յանկարծ կացութիւնը կը յեղաշրջուի:
Պարսկաստանի մէջ գահին տիրացած Աղա Մուհամմատ խանը իշխանութեան տիրացած, շուրջ 50 հազար զօրքով յարձակումի կÿանցնի, պատժելու համար Վրաստանի թագաւորը եւ անջատողական նկատուող խաները, որոնց կարգին Ղարաբաղի մելիքները:
Դաժան դատաստան կը տեսնուի բոլորին հետ: Անգամ մը եւս արիւնի եւ աւերի կը մատնուի ամբողջ շրջանը:
Չարադէպ զուգադիպութեամբ, նոյն ժամանակաշրջանին կը պատահի նաեւ ճակատագրական այլ դէպք մը. լուր կը հասնի, որ Ռուսաստանի կայսրուհին՝ Եկատերինէ Բ., մահացած է:
1796ին, Ռուսական զօրաբանակը, որուն մէկ թեւը կը ղեկավարէր Յովսէփ արք. Արղութեան, արդէն գրաւած է Դերբենտը, Գանձակը: Երբ կը մօտենայ Ղարաբաղին, հրահանգ կը ստանայ դադրեցնելու առաջխաղացքը եւ վերադառնալու Ռուսաստան:
Մեծ յուսախաբութիւն կÿապրի Յովսէփ արք. Արղութեան, որ մտերիմ բարեկամութիւն ունեցած էր Եկատերինէ Բ. թագուհիին եւ անոր խորհրդական Գ. Ա. Պոտեոմկինի հետ եւ որոնք երաշխիքներ տուած էին ստեղծելու հայկական ինքնուրոյն պետականութիւն մը:
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ՝ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍ
1804ին, Ռուսաստան անգամ մը եւս կը վերադառնայ տարածաշրջան: Երկարատեւ բախումներ կÿըլլան: Հայեր զգալի ուժ եւ օգնութիւն ցոյց կու տան: Ի վերջոյ ռուսական բանակը յաղթական դուրս կու գայ:
1813 թուին (Հոկտ. 24-Նոյ. 5), հայկական Գիւլիստան գիւղին մէջ կը կնքուի հաշտութեան պայմանագիր: (Գիւլիստանը՝ մելիքութեան նստավայր բերդ մըն էր Խաչէն գաւառի համանուն գիւղին հարաւը):
Ռուսաստան կը տիրանայ՝ Տաղստանին, Վրաստանին, Աբխազիային, հայկական Լոռիին, Գանձակին, Ղարաբաղին, Իջեւանին, Զանգեզուրին եւ յարակից այլ տարածքներու:
Ռուս-պարսկական պատերազմը սակայն, հաշտութեան յիշեալ պայմանագրով չի վերջանար: 1826էն 1828 ժամանակաշրջանին, անգամ մը եւս կը սկսին բախումները եւ Ռուսաստան կը յաջողի նոր տարածքներ եւս գրաւելու:
Չեղեալ յայտարարելով Գիւլիստանի դաշնագիրը, հաշտութեան նոր պայմանագիր կը կնքուի 1828 Փետրուար 10-29ին, Թաւրիզի մօտիկ Թիւրքմենչա գիւղին մէջ:
Այս վերջին պայմանագրով, Արաքս գետը կը դառնայ սահմանագիծ երկու պետութեանց միջեւ: Հայկական Նախիջեւանի, ինչպէս նաեւ Երեւանի խանութիւններուն տիրոյթը կը փոխանցուի Ռուսաստանին:
ՌՈՒՍ-ՑԱՐԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄՆԵՐ
Թիւրքմենչայի պայմանագրէն ետք, Ռուսերը, գրաւուած ընդարձակ տարածքները, առանց նկատի ունենալու անոնց բնակչութեան պատմա-ազգային եւ կրօնական յատկանիշներն ու տարբերութիւնները, զինուորական կառավարման իրենց հայեցողութեամբ, պարբերաբար կը բաժնեն աշխարհագրական տարբեր միաւորներու:
Տարիներու ընթացքին, կÿըլլան հետեւեալ Վարչական Բաժանումները.
Ա. Տնօրինում. 1840, Ապրիլին.
Անդրկովկասը կը բաժնուի վարչատարածքային երկու միաւորներու.
1.- Վրացա-իմերեթական նահանգ, որուն մէջ կը տեղադրուի նախկին հայկական մարզը:
2.- Կասպեան մարզ, որուն մէջ կը մտնեն՝ Արցախն ու Զանգեզուրը:
Բ. Տնօրինում. 1846ին.
Նոյն տարածաշրջանները կը բաժնուին 4 նահանգներու.
1.- Թիֆլիսի նահանգ, որուն մէջ կը մտնեն նախկին հայկական մարզի՝ Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի, Նախիջեւանի գաւառները:
2.- Շամախի նահանգ, որուն մէջ կը մտնեն Արցախն ու Զանգեզուրը:
3.- Քութայիսի նահանգ:
4.- Դերբենտի նահանգ:
Գ. Տնօրինում. 1849ին.-
Թիֆլիսի նահանգէն դուրս կը բերուին շարք մը գաւառներ եւ կը ստեղծուի Երեւանի նահանգը:
Դ. Տնօրինում. 1867 Դեկտեմբերին.
Անդրկովկասի մէջ կը ստեղծուին Ելիզավետպոլի (Գանձակ, որուն մէջ կը մտնէին Ղարաբաղը) եւ Բաքուի նահանգները:
Բաժանումներու այս վերջին՝ 1867ի տնօրինումն է, որ կը շարունակու մինչեւ 1917 թուականը, երբ Հոկտեմբերեան Կարմիր յեղափոխութիւնը վերջ կը դնէ ցարական վարչաձեւին:
ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷæ
ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ
Համայնավար յեղափոխութեան պատճառով, 1917-ին, ռուս բանակը անակնկալօրէն կը լքէ տարածաշրջանը եւ կը մեկնի:
Շրջանը պահ մը կÿապրի անիշխանութեան վտանգը: Այդ առիթով գլխաւոր երեք ժողովուրդներու ղեկավարները վրացի, հայ, թաթար կը յառաջացնեն Անդրկովկասեան նոր պետութիւն, որ կը կոչուի Սէյմ:
Շուտով, կը ստեղծուին ներքին, գործակցութեան դժուարութիւններ: Յստակ կը դառնար, որ Սէյմը ժամանակաւոր բնոյթ պիտի ունենար, եւ իսկապէս, ան քանի մը ամսուան կեանք կÿապրի. 1918ի Փետրուարէն ՝մինչեւ նոյն տարուան Մայիսի վերջերը:
1918 Մայիս 26ին, վրացիները կը բաժնուին Սէյմէն եւ կը յայտարարեն Վրաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը:
Մայիս 27ին, թաթարները կը բաժնուին Սէյմէն եւ կը յայտարարեն Ատրպէյճանի Անկախ Հանրապետութիւն:
Երրորդ օրը՝ 1918ի Մայիսի 28ին, հայերը եւս (Հայոց Ազգային Խորհուրդի որոշումով), լքելով քայքայուած Սէյմը, կը յայտարարեն Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւն:
Երեք նոր հանրապետութիւններու կազմութեամբ, մէջտեղ կու գան նոր խնդիրներ, այլ մանաւանդ՝ տարածքներու իրաւատիրութեան հարցեր, որոնք առիթ կու տան միջպետական տարակարծութիւններու:
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Նորաստեղծ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր տարածքին մէջ կÿուզէ ունենալ ցարական իշխանութեան՝ 1867 թուի Էլիզավեթպոլի լրիւ մարզը, որուն մէջ տեղակայուած էր Ղարաբաղը:
Ղարաբաղցիներ հրապարակ կÿիջնեն վճռապէս միանալու Հայաստանի Հանրապետութեան:
Ատրպէյճան կը սկսի բռնակցումի բրտութիւններուն: Թուրքիա կը զօրակցի:
Հայաստան, իր անկախութեան սկզբնական օրերուն մէջ, մանաւանդ Թուրքիոյ հետ իր կնքած Բաթումի պայմանագրէն անմիջապէս ետք, չափազանց նեղ դրութեան մատնուած՝ չի կրնար օգնութիւն ցոյց տալ Ղարաբաղին:
Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը, դիմագրաւելու համար ստեղծուած կացութիւնները, երկու տարուան ընթացքին 10 առիթներով կը հրաւիրէ ամբողջ Ղարաբաղի Հայոց Համագումար:
Առաջին Հայոց Համագումարը տեղի կ՛ունենայ 1918 Յուլիսի 22ին, Շուշիի մէջ:
Համագումարը կ՛որոշէ.
«Ղարաբաղը անկախ վարչաքաղաքային միաւոր է եւ ոչ մէկ կապ ունի Ատրպէյճանի հետ»:
Համագումարը կÿընտրէ Ազգային Խորհուրդ, կը կազմէ ժողովրդային կառավարութիւն եւ այդ բոլորը՝ կը հրապարակէ 1918, Յուլիս 24 թուակիր հռչակագրով:
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը հակազդէ: Կը սպառնայ զինուորական միջոցառումներու դիմել: Նոյնպիսի սպառնալիք կը կատարէ նաեւ թրքական բանակը:
1918, Սեպտեմբեր 6ին, տեղի կÿունենայ Ղարաբաղի երկրորդ Հայոց Համագումարը, որ ետ կը մղէ իրեն ուղղուած սպառնալիքները եւ կը վերահաստատէ Հայաստանի հետ միանալու հիմնական իր սկզբունքը:
Սեպտեմբեր 15ին, թուրք բանակը կը գրաւէ Բաքուն: Կը կոտորէ 40,000 հայ եւ անգամ մը եւս վերջնագիր կը յղէ Ղարաբաղին:
Անգամ մը եւս կը գումարուի Հայոց Համագումարը (Երրորդը. Սեպտեմբեր 17ին), եւ անգամ մը եւս Ղարաբաղ ետ կը մղէ իրեն ուղղուած սպառնալիքները:
Տրուած այս վտանգաւոր ժամանակամիջոցին, աշխարհի ընդհանուր քաղաքական վիճակին մէջ, տեղի կÿունենայ կարեւոր փոփոխութիւն.
– Վերջ կը գտնէ համաշխարհային պատերազմը։
– Հոկտ. 18ին կը կնքուի Մուտրոսի զինադադարը. պարտեալ Թուրքիան հարկադրաբար կը հեռանայ Անդրկովկասէն:
– Անգլիական բանակը կը մտնէ տարածաշրջան եւ Նոյեմբեր 17ին՝ Բագու:
Պահ մը կը կարծուի, որ անգլիացիները, որոնց դաշնակից էր հայ ժողովուրդը պատերազմի ընթացքին, Ղարաբաղի հարցին մէջ արդար կողմնորոշում ցոյց կու տան:
Բայց այդպէս չ՛ըլլար:
Անգլիան սիրաշահելու համար հարուստ նաւթահորերով Ատրպէյճանը եւ մոռնալով իր փոքր դաշնակիցին բոլոր զոհողութիւնները, կ՛որդեգրէ ատրպէյճանամէտ քաղաքականութիւն: Ուղղակի եւ անուղղակի իր միջոցներով, կ՛օգնէ Ատրպէյճանին, որ իր գերիշխանութիւնը հաստատէ Ղարաբաղի մէջ:
Ղարաբաղը միշտ կÿընդդիմանայ:
Սակայն, անհաւասար պատերազմի մը սպառնալիքին տակ, նկատի առնելով նաեւ Անգլիոյ այն հաւաստիքը, որ Ղարաբաղի ինքնորոշման հարցը քննութեան նիւթ պիտի դառնայ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին մէջ, պատասխանատու մարմինը (Հայոց Համագումար՝ 7րդ ժողով), ժամանակ շահելու նպատակով, առանց զէնքերը վար դնելու պայմանով, կÿորոշէ առժամաբար ընդունիլ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, մինչեւ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին կայացումը:
Ղարաբաղի 8րդ Հայոց Համագումարը կը հաստատէ, որ Ղարաբաղ տակաւին կը պահէ իր ինքնուրոյն քաղաքական միաւոր ըլլալու իրավիճակը եւ կրկին կը մերժէ Ատրպէյճանի մաս կազմելու կոչերը:
ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԽԺԴԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ատրպէյճան հետապնդելով իր նպատակը, 1920ի Մարտին, մեծ զինուժով, անակնկալօրէն կը մտնէ Ղարաբաղ. կը հասնի Շուշի, կը հրդեհէ քաղաքը եւ 20,000 հայ կը կոտորէ:
Կը գումարուի (1920 Ապրիլին) 9րդ Հայոց Համագումարը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ, թէ՝ Ղարաբաղ անբաժան մասն է Հայաստանի Հանրապետութեան:
Խիստ զգայուն այս կացութեան մէջ, միջազգային քաղաքական կեանքին մէջ անգամ մը եւս կը դրսեւորուին այնպիսի կարեւոր դէպքեր, որոնք շրջանին համար կը դառնան ճակատագրական:
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ԲԱՆԱԿԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷæ
Կարմիր յեղափոխութիւնը՝ իր դիրքերը ամրապնդած Ռուսաստանի մէջ, ռուս բանակը անգամ մը եւս կը վերադառնայ տարածաշրջան եւ 1920ի Ապրիլի 28ին, Բաքու մտնելով, կը յայտարարէ Ատրպէյճանի Խորհրդայնացումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը Զօրավար Դրաստամատ Կանայեանի (Դրոյի) ղեկավարութեամբ՝ պատրաստուած էր պատասխան տալ Ատրպէյճանի վայրագութիւններուն, երբ Կարմիր Բանակին կողմէ ազդարարութիւն կը ստանայ, որ դադրեցնէ ամէն տեսակի գործողութիւն. հակառակ պարագային՝ սպառնալով, որ Ատրպէյճանի միացած պատերազմ կը յայտարարուի Հայաստանի դէմ:
Այս ծանր կացութեան մէջ, Ղարաբաղի 10րդ Հայոց Համագումարը (1920, Մայիսի 26ին), յարմար կը նկատէ որոշում առնել, ընդունելու Սովետական իշխանութիւնը Ղարաբաղի մէջ:
Յատկանշական է, որ Կարմիր Բանակը Ղարաբաղը չի բռնակցեր Ատրպէյճանին: Իսկ Օգոստոսի 10ին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ կը ստորագրուի համաձայնագիր, որուն համաձայն հայկական տարածքներուն (Ղարաբաղ, Զանգեզուր, Նախիջեւան) Սովետական կարգեր ընդունիլը, չի նշանակեր, որ անոնք կը նկատուին Խորհրդային Ատրպէյճանի տարածք, կամ իրաւունք:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՍ
Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ
ԿԱՐԳԵՐԸ
Ատրպէյճանի եւ Ղարաբաղի մէջ Սովետկան կարգեր հաստատուելէ ետք, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պարտադրուի ենթարկուելու Կարմիր Բանակին եւ ընդունելու Սովետական կարգը, 1920ի Նոյեմբեր 29ին: Դեկտեմբեր 2ին, Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը կատարէ իշխանութեան փոխանցում:
Այս կարեւոր հանգրուանին տեղի կÿունենայ պատմական եւ շատ նշանակալից իրողութիւն մը, կապուած հայկական այն բոլոր հողատարածքներուն, որոնք վիճարկելի էին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ:
Երբ Հայաստան պաշտօնապէս կÿընդունի Սովետական կարգերը, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, շնորհաւորելով «եղբայրական» Հայաստանը, կը յայտարարէ, որ այսօրուընէ սկսեալ լուծուած են արդէն երկու պետութիւններու միջեւ հողային տարակարծութիւնները եւ Ատրպէյճան կÿընդունի, որ Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը այսուհետեւ բնականաբար եւ արդարօրէն մաս կը կազմեն Հայաստանի Հանրապետութեան:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գ. Կ. Օրջոնիկիձէ (Հիւս. Կովկասեան Յեղկոմի նախագահ, Հիւս. Կովկասի մէջ Սովետական իշխանութեան վերականգնման Բիւրոյի նախագահ եւ 1920ի Ապրիլէն սկսեալ, Ռ.Կ.Կ.ի Կովկասեան Բիւրոյի նախագահ), 2 Դեկտ. 1920ին, հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղած է Լենինին եւ Ստալինին, մասնակից դարձած ըլլալով Բաքուի Խորհուրդի 1 Դեկտ. 1920ի նիստին.
«Ատրպէյճանը երէկ արդէն Տեկլարացիա է ընդունել Նախիջեւանը, Զանգեզուրը եւ Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին յանձնելու մասին»:
Այդ առիթով, 4 Դեկտ. 1920ին, «Բրաւտա» պաշտօնաթերթը կը տպագրէ Ստալինի յօդուածը՝ «Կեցցէ՛ Խորհրդային Հայաստանը» վերնագրով:
Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, որ Դեկտ. 1ին, Խորհրդային Ատրպէյճանը յօժարակամ կը հրաժարի վիճելի գաւառներէն եւ կը յայտարարէ, թէ Զանգեզուրը, Նախիջեւանը, Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին փոխանցուած են, յօժարակամ:
Ծանօթ.- Այս փաստաթուղթը վերատպուած է «Երեկոյեան Երեւան» օրաթերթին մէջ, 1989, Օգոստոս 24ի թիւով:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Կոմունիստ» պաշտօնաթերթ, թիւ 2, 7 Դեկտեմբեր 1920 թուակիր:
«Ատրպէյճանի բանուորա-գիւղացիական կառավարութիւնը, ստանալով ապստամբ գիւղացիների անունից Հայաստանը Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութիւն յայտարարելու ուրախալի լուրը, ողջունում է եղբայրական ժողովուրդի յաղթութիւնը: Այսօրուանից Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ եղած սահմանավէճերը յայտարարւում են վերացած: Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրը եւ Նախիջեւանը համարւում են Հայաստանի Սոցիալիստական Հանրապետութեան մաս:
«Կեցցէ՛ Խորհրդային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանուորների եւ գիւղացիների եղբայրութիւնն ու միութիւնը:
«Ատրպէյճանի Խորհրդային Յեղկոմի նախագահ՝ Նարիմանով:
«Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար՝ Հիւսէյնով»:
Ծանօթ.- Այս փաստաթուղթը եւս վերատպուած է 1989ին, Օգոստոս 24ի թիւով՝ «Երեկոյեան Երեւան» օրաթերթին մէջ:
ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ
ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ
ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ
ՔԱՅՔԱՅՈՒՄԸ
Ռուսաստանի եւ Սովետական կարգերու ամրակայումէն ետք, 1920 թուի ամրան կը սկսին թուրք եւ Խորհրդային Միութեան բանակցութիւնները, որոնք կը վերջանան 1921ի Մարտի 16ին, Մոսկուայի մէջ՝ «Բարեկամութեան եւ Եղբայրութեան Մասին Պայմանագիր» խորագրով:
Պայմանագրի գաղտնի որոշումները՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի հանրապետութեանց հողային տարածքներուն եւ սահմանային եւ իրաւական ներքին ծալքերու մասին կը դրսեւորուին, երբ Մոսկուան եւ թուրք կառավարութիւնը միատեղ ժողով կը գումարեն այս անգամ Կարսի մէջ, 1921, Սեպտ. 26էն Հոկտ. 19, մասնակցութեամբ նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի:
Յայտնի կը դառնայ, որ Մոսկուայի մէջ ժողովը քննած է հողային տարածքներու հարցեր, ուր մեծագոյն զոհը դարձած է Հայաստան, որուն իրաւունքները՝ թէ՛ Ղարաբաղի, թէ՛ Նախիջեւանի, ինչպէս նաեւ թէ՛ Կարսի եւ Սուրմալուի տարածքները զոհուած են, դրացի Թուրքիան սիրաշահելու, հետագային Կարմիր յեղափոխութիւն մը հոն եւս յաջողցնելու հեռանկարներով:
Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերով՝ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հողատարածքներուն արդար լուծումը կը բեկանուի եւ սովետական երկաթեայ թաթը կը պարտադրուի:
ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ
1917ին, Ռուսաստանի մէջ Հոկտեմբերեան (Համայնավար) Յեղափոխութեան հետեւանքով Անդրկովկասի մէջ կը յառաջանան երեք գլխաւոր հանրապետութիւններ.
– Հայկական, Վրացական, Ատրպէյճանական:
Ղարաբաղ՝ առաջին իսկ օրէն կը յայտարարէ, որ իր տարածքը անբաժանելի մէկ մասն է Հայաստանի Հանրապետութեան, կամ՝ ինքնուրոյն վարչաքաղաքական միաւոր է Անդրկովկասի մէջ:
Ղարաբաղ երբեւիցէ մաս չի կազմեր Ատրպէյճանի Անկախ Հանրապետութեան, հակառակ թուրք-բոլշեւիկ բոլոր տեսակի սադրանքներուն եւ ճնշումներուն: Ընդհակառակը,
Ղարաբաղ մինչեւ 1921ի Յունիս-Յուլիս ամիսները ժողովրդային կամքով մաս կը կազմէ Սովետական Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Սովետ. Հանրապետութեան կողմէ ընդունուած պաշտօնական որոշումներով, Կոմունիստական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթերու մէջ կատարուած օրինական հաղորդագրութիւններով եւ Ստալինի կողմէ պետական պաշտօնաթերթին՝ «Փրաւտա»ի մէջ ստորագրած համապատասխան յօդուածով:
Ղարաբաղի ժողովուրդին Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կազմելու վճռակամութիւնը կը շարունակուի նաեւ Սովետական բռնատիրութեան տեւողութեան:
Հակառակ բոլոր տեսակի անտեսումներուն եւ ճնշումներուն, ղեկավարութիւնը պարբերաբար ինքնուրոյն ձեւով կը դրսեւորէ իր ազգային ձգտումն ու հիմնաւորումները մինչեւ 1988ի համաժողովրդային ըմբոստութիւնն ու Անկախութեան տիրացումը, որուն կարեւոր հանգրուանները հետեւեալներն են.
ԲՈՂՈՔՆԵՐ-
ՀԱՆՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ղարաբաղ պատմութեան իր ուղեգիծին հաւատարիմ, աննահանջ ոգիով եւ օրինական միջոցառումներով կը հետապնդէ Ատրպէյճանի բռնակցումէն դուրս գալու իր կամքը:
Պայքարը շեշտակի բնոյթ կը ստանայ յետ պատերազմեան տարիներուն: Մոսկուա կը ղրկուին բազմաթիւ նամակներ եւ հանրագրութիւններ:
Հայաստանի Կենտկոմին կողմէ՝ (Գր. Յարութիւնեան) երկու անգամ, 1945ին եւ 1947ին:
Դիմումը կը յիշեցուի, 1960ին:
1965ԻՆ՝ ՀԱՆՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
45 հազար ստորագրութիւններով, 1965ին հանրագրութիւն կը ղրկուի Մոսկուա:
1966ին, Խորհրդային Միութեան Կ.Կ.ի քարտուղարութիւնը կը յանձնարարէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Կոմկուսները համատեղ պատրաստեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին քննարկումը:
Նման հանդիպումը կը ձախողեցուի Ատրպէյճանի կողմէ, գործակցութեամբ Խորհրդային Միութեան Կեդրոնի ազդեցիկ անձնաւորութիւններու:
Ատրպէյճան ոչ միայն կը ձախողեցնէ բանակցութիւնները, այլեւ ընդհակառակը, կը հրահրէ ազգամիջեան կռիւներ: Տեղի կÿունենան կազմակերպուած առեւանգումներ, սպանութիւններ, դատավարութիւններ, գնդակահարումներ, մեծաթիւ քաղաքայիններու բանտարկութիւններ եւայլն, որոնք պատճառ կը դառնան զգալի թիւով ընտանիքներու, մտաւորականներու ակամայ արտագաղթին:
1977ԻՆ՝ ՍՈՎԵՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐ
Սովետական Միութեան նոր Սահմանադրութեան կազմութեան առիթով, Ղարաբաղեան հարցը բարձր մակարդակի վրայ քննարկումի հաւաստիքներ կը տրուին: Սակայն ձգձգումներով լաւատեսութիւնները կը չքանան:
Ոչ մէկ նախաձեռնութիւն եւ դրական որոշում:
1980. «ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ
Վերակառուցումի ընդհ. կարգախօսը առիթ կը սեպուի Ղարաբաղի հարցը քննարկութեան բերելու:
ժողովուրդը կÿուզէ լաւատես ըլլալ: Պատուիրակներ կը մեկնին Մոսկուա: Պատասխանատուներ ժողովրդային բողոքագիրներ կը ներկայացնեն անարդարութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներու մասին: Փաստերը կը յանձնուին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի մարմիններուն (ԽՄԿԿ-ի, Կ.Կ.ի):
Գործնական ոչ մէկ անդրադարձ:
1987. ՄԵԾԱԹԻՒ
ՀԱՆՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Աւելի քան 80 հազար քաղաքայիններու ստորագրութեամբ, Ղարաբաղ կը պահանջէ միաւորում Հայաստանի հետ:
1988. ՓԵՏՐՈՒԱՐ 13. ՑՈՅՑ
Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՛ունենայ ժողովրդային մեծ ցոյց: Կը պահանջուի, որ Մարզի Կուսակցական եւ Խորհրդային մարմինները դիմեն երկրի Գերագոյն Իշխանութեան, Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերուելու եւ միանալու Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան:
Դիմուները կը մնան անարձագանգ:
1988. ՓԵՏՐՈՒԱՐ 20.
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԵՒ ՑՈՅՑ
Ժողովրդային պատգամաւորներու մարզխորհուրդը արտակարգ ժողով գումարելով, կը բանաձեւէ հետեւեալ որոշումը.
Թէ՝ ընդառաջելով Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի աշխատաւորներու ցանկութեան, կը խնդրուի, Սովետ. Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդէն եւ Սովետ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդէն, խորն ըմբռնման զգացում դրսեւորել Լեռն. Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իղձերուն նկատմամբ եւ լուծել Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանական Խորհրդ. Հանրապետութեան կազմէն՝ Հայկական Խորհրդ. Հանրապետութեան յանձնելու հարցը: Միաժամանակ՝ միջնորդել Խ. Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի առջեւ, Լեռն. Ղարաբաղը Ատրպէյճանական Հանրապետութեան կազմէն՝ Հայկական Խորհրդ. Հանրապետութեան կազմ յանձնելու հարցին դրական լուծման համար:
Ցոյցերը կը ստանան համաժողովրդական մեծ տարողութիւն:
1988. ՓԵՏՐՈՒԱՐ 21.
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԾԱՒԱԼՈՎ ՑՈՅՑԵՐ
Աննախընթաց երեւոյթ կը պարզուի Սովետական Միութեան պատմութեան մէջ: Աւելի քան միլիոն ցուցարարներ հրապարակ կÿիջնեն Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ:
Մոսկուան՝ երեւոյթը կ՛որակէ «ծայրայեղականներու» եւ «ազգայնականներու» սադրանք:
Ժողովուրդը իր վրդովումը յայտնելով կը դիմէ գործադուլի: Ազգային ազատագրական պայքարը գլխաւորելու համար, Արցախի մէջ կը ստեղծուի «Կռունկ» Կոմիտէն, իսկ Հայաստանի մէջ՝ «Ղարաբաղ» Կոմիտէն:
1988. ՓԵՏՐ. 26.
ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Մոսկուայի մէջ, Խորհրդ. Միութեան գլխ. քարտուղար Մ. Գորբաչով կոչ կ՛ընէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն, հանդարտելու եւ հասարակական կարգը պահպանելու:
Հայութիւնը Փետր. 27ին վերջ տալով գործադուլին, կը վերադառնայ աշխատանքի բնականոն կեանքին:
Ատրպէյճան՝ նոյն օրը կը կազմակերպէ հայ բնակչութեան ջարդ, Սումկայիթի մէջ:
Կոտորած եւ ահաւոր վայրագութիւններ՝ նաեւ ամէնուրեք:
Կը ստեղծուի սարսափի մթնոլորտ եւ ատրպէյճանաբնակ ամբողջ հայութիւնը խուճապահար, տուն, գործ եւ ամէն հարստութիւն լքած՝ կարճ միջոցի մը մէջ խոյս կու տայ երկրէն: Շուրջ կէս միլիոն հայեր կը դառնան գաղթական եւ կ՛ապաստանին Ռուսաստան, Հայաստան եւ այլուր:
Ահաւոր կացութեան մէջ պատասխանատու մարմիններ կու տան հետեւեալ որոշումները.
– Մոսկուան պիտի օգնէ, բարելաւելու Ղարաբաղի տնտեսական վիճակը, 1988-1995 տարիներուն:
– Հայաստան կ՛որոշէ Ղարաբաղը առնել իր տարածքին մէջ:
– Ատրպէյճան կը մերժէ Ղարաբաղի բաժանումը իր հանրապետութենէն:
ՂԱՐԱԲԱՂ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ
ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
Ատրպէյճան ցեղասպանական ոճրագործութիւնները չի սահմանափակեր իր քաղաքներուն մէջ: Բանակը ամէն կողմէ կը խուժէ Լեռնային Ղարաբաղ. կը հրդեհէ գիւղեր, կը գործադրէ անասելի վայրագութիւններ եւ կը ստեղծէ սարսափի մթնոլորտ:
Իբրեւ բնական անդրադարձ, կը սկսին ինքնապաշտպանութեան կռիւները:
Հայաստան եւ Սփիւռք կը սկսին մարդկային եւ նիւթական շօշափելի օժանդակութիւն հասցնել շրջանը:
Ինքնապաշտպանութեան կռիւները կը վերափոխուին իրաւ պատերազմի: Կը գործէ ծանր հրետանին:
– 1991ի Ապրիլէն Օգոստոս, ատրպէյճանական ջոկատներ Սովետ. Միութեան ներքին գործոց զօրքերուն աջակցութեամբ, կը կազմակերպեն «Օղակ» ռազմական գործողութիւնը, եւ կը յաջողին հայաթափել Շահումեանի շրջանը, Գետաշէնի եւ Բերդաշէնի ենթաշրջանները եւ Հադրութի հարաւային հատուածին գիւղերը:
– 1991ի Օգոստոսին, տեղատարափ ռմբակոծում կը կատարուի Շուշիէն՝ Ստեփանակերտի վրայ: Կը գործեն աւերիչ հրթիռներ, արձակուած՝ «Ալազան» եւ «Գրատ» կայանքներէ:
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
Ղարաբաղեան ինքնապաշտպանութեան ուժերը հետզհետէ խտացնելով իրենց շարքերը եւ ապահովելով բարձր որակի զինուորական կազմածներ 1992ի Ապրիլէն սկսեալ կը սկսին արժանի հակահարուած տալ թշնամիին:
1992ի Ապրիլին եւ Մայիսին պատմականօրէն բացառիկ յաջող գործողութիւններ կը կատարուին: Կÿազատագրուին Շուշին, Խոջալուն. կը բացուի «Մարդասիրական Միջանցք» նկատուող Լաչինի միջանցքը: Տակաւին. աւելի բարձրացնելով պաշտպանութեան ուժերու կարողականութիւնը, 1993ի ամրան կ՛ազատագրուի ամբողջ Քելբաջարը: Շատ ծանր հարուած կը տրուի թշնամի ուժերուն. կը բացայայտուին Ատրպէյճանի բանակին մէջ այլազգի մեծաթիւ վարձկաններ. աֆղան, արաբ, չեչեն, թուրք, եւայլն:
1993ին յայտնի կը դառնայ, որ Ղարաբաղ արդէն յաղթական կողմ է:
Ատրպէյճանական բանակը կը ճնշուի բոլոր ճակատներուն վրայ: Ազատագրական բանակը կը յաջողի պատմական Արցախի ընդարձակ տարածքներէն բաժին մը եւս ազատագրել:
Միջազգային մամուլը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ դէպքերու ընթացքին: Ռուսաստանի դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարը՝ Զօրավար Պ. Գրաչով, կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու կռիւները: Կողմերը կ՛ընդունին զէնքերը վար դնել:
1994ի Մայիսին կը կնքուի զինադուլ, որ մինչեւ այսօր (2009) կը մնայ ի զօրու:
«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ
ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶԸ»
ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՂԱՐԱԲԱՂԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Սովետական վարչաձեւին եւ համայնավար կուսակցութեան քայքայումը առիթ եղաւ, որ զայն բաղկացնող բազմաթիւ հանրապետութիւններ ինչպէս Ռուսաստան, Ուքրանիա, Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան եւ ուրիշներ համաձայն Սովետական Միութեան Սահմանադրութեան՝ բաժնուին եւ դառնան անկախ հանրապետութիւններ:
Նոյն Սահմանադրութեան, մանաւանդ՝ մարդու իրաւունքներու մասին օրէնքներուն պահանջները գործադրելով, Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը բաժնուին Ատրպէյճանէն եւ կը յայտարարեն Ղարաբաղի Անկախ Հանրապետութիւն, 2 Սեպտ.ի 1991ին:
Ծանօթ.
Կարեւոր է այս մասին հաստատել, որ յիշեալ օրինագիծը վաւերացուած է ՄԱԿի մէջ, անոր 7րդ նստաշրջանին, 1957, Դեկտ. 16ի ժողովի թիւ 697 բանաձեւով:
Ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրուած է նաեւ Խորհրդային Միութեան Սահմանադրութեան մէջ, 3 Ապրիլի 1991ին, «ԽՍՀՄ կազմից Միութենական հանրապետութիւնների դուրս գալու կարգի մասին» օրէնքով:
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՏԱՐԱԾՔ,
ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ, ՔԱՂԱՔՆԵՐ
Ներկայիս, Ղարաբաղի Անկախ Հանրապետութիւնը պատմական Արցախի մէկ մասն է միայն:
Ունի 12.047 քառ. քլմ. տարածութիւն (կամ՝ 4651 քառ. մղոն):
Սահմանակից է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ՝ Հայաստանի:
Բնակչութիւնը՝ 2003ի տուեալներով՝ 144 հազար է:
Մայրաքաղաքն է՝ Ստեփանակերտ:
Հանրապետութիւնը բաժնուած է եօթը վարչական շրջաններու.
– Ասկերան, Հադրութ, Մարտակերտ, Մարտունի, Շուշի, Շահումեան ու Քաշաթաղ (վերջին երկուքը կազմուած են քաղաքային եւ գիւղական համայնքներէ (2004ին):
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Բնական է հաստատել երեւոյթը, որ ամբողջ հայութիւնը բացառիկ սէր եւ հոգածութիւն կը տածէ նորաստեղծ հանրապետութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ:
Դժուար ու տաժանելի եղաւ Ղարաբաղի ժողովուրդին կեանքն ու պատմութեան ճանապարհը մինչեւ Անկախութեան նուաճումը:
Պատմութիւնը վկայ է այդ բոլորին:
2004ին, Հայաստանի մէջ Հայկական Հանրագիտարանի Գիտահրատարակչական Խորհուրդին կողմէ «Ղարաբաղեան Ազատագրական Պատերազմ 1988-1994», 864 մեծադիր էջերով պատկառելի հանրագիտարանին մէջ, 60 մեծադիր էջեր յատկացուած են միայն արձանագրելու համար անունները այն բոլոր հերոսներուն, որոնք «իմացեալ մահով» նուիրագործեցին անկախութեան երազը: 5892 նահատակներ:
Պատկառելի նոյն հրատարակութեան մնացեալ գրեթէ բոլոր էջերուն մէջ կարճ կենսագրութիւններով անդրադարձ կայ նաեւ քանի մը հազար այլ նահատակներու եւ վերապրողներու, որոնք ուսանելի կեանքի եւ հայրենասիրութեան օրինակներ են:
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութները մեծ ճիգ կը թափեն, հերոսական Արցախին եւ անոր սքանչելի ժողովուրդին ապահովելու կեանքի բնական պայմաններ:
Պետական, սփիւռքեան, եկեղեցական, բարեսիրական, կուսակցական եւ անհատական բազմաթիւ միջոցառումներ եւ ծրագիրներ կը նպատակադրեն նպաստ մը բերելու անոր կեանքի որեւէ մէկ ոլորտին մէջ. դպրոց, առողջապահութիւն, գործարարութիւն, ճանապարհներու շինարարութիւն, հիւրանոցներու ցանց եւայլն:
Ծանօթ է արդէն, որ ամէն տարի, ի նպաստ Արցախին «Թելեթոն»ով համահայկական հանգանակային ձեռնարկ տեղի կ՛ունենայ աւանդաբար Գոհաբանութեան օրը, (Նոյեմբերի վերջին Հինգշաբթի օրը):
Ծանօթ է դարձեալ Ղարաբաղի համար ողնասիւն նկատուող կենսական այն ազատուղիին շինարարութիւնը, որ պիտի երկարի հիւսիսէն-հարաւ:
Արցախի Օրուան առիթով ամէն ոք անպայման պիտի մտածէ, թէ կարելի ի՞նչ միջոցներով մասնակցութիւն պիտի բերէ հայրենասիրական այս գործին: