Միջազգային լրատու աղբիւրներ անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման արձանագրութիւններուն՝ ընդհանրապէս լրատու գործակալութիւններու կողմէ հաղորդուած լրատուութիւնը վերատպելով եւ երբեմն ալ ինքնուրոյն տեսակէտներ փոխանցելով։
Թրքական գրեթէ բոլոր օրաթերթերը անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման արձանագրութիւններու ստորագրութեան։ «Հիւրրիյէթ» թերթը իր խորագիրին մէջ զայն կոչեց «Հայաստանի հետ մրցումի արձանագրութիւն», «Միլլիյէթ»ը՝ «Երեւանի հետ պատմական քայլ մը», «Սապահ»ը՝ «Երեւանի հետ ճամբու քարտէս», «Վաթան»ը ակնարկելով երկու երկիրներու միջեւ սահմանի դարպասի բացման՝ «Հայաստանի հետ դուռի քայլ», «Ճիւմհիւրիյէթ»ը՝ «Երեւանի հետ նոր քայլ», «Ռատիքալ»ը անուղղակի կերպով քրտական հարցով թրքական կառավարութեան «ժողովրդավարական քայլ»ին ակնարկելով՝ «Եւ ահա հայկական քայլ մը», «Ենի Շաֆաք»ը՝ «Հայկական հարցին մէջ հաշտութեան քայլ», իսկ «Զաման»ը՝ «Անգարա-Երեւան գիծին վրայ նոր ժամանակաշրջան»։
«Թուտէյզ Զաման» իր «Թուրքիա, Հայաստան դիւանագիտական կապերու պիտի նախաձեռնեն» խորագրեալ լրատուութեան մէջ կը յայտնէ, թէ երկու երկիրները «ամերիկեան ու եւրոպական ճնշումներու ենթարկուեցան»։ «Երկու երկիրներու խորհրդարանները պէտք է վաւերացնեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն մը, իսկ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական զգացումն ու Հայաստանի մտադրութեանց հանդէպ կասկածները նկատառելի կերպով բարձր են։ Նաեւ, հակառակ գործընթացը առանց նախապայմաններու յառաջ մղելու համաձայնութեան մը, Թուրքիոյ վարչապետը զայն կապած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Հայաստանի հետ մերձեցումը կը զուգադիպի քիւրտ քաղաքացիներու հետ երկարատեւ վէճը լուծելու ջանքերուն: Երկու հարցերն ալ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը ապահովելու թրքական ջանքերուն համար կենսական են», կ՛աւելցնէ «Թուտէյզ Զաման»։
«Հիւրրիյէթ» կը յայտնէ, որ «Սարգսեան, որ իր երկրին մէջ ծայրայեղ աջակողմեան ընդդիմութեան կողմէ Թուրքիոյ հետ կապի որեւէ բարելաւում դադրեցնելու ճնշումին կ՛ենթարկուի, շաբաթավերջին յայտնեց, որ Հոկտեմբերին Թուրքիա պիտի գայ միայն եթէ սահմանը բացուած ըլլայ։ Կը նախատեսուի, որ միացեալ յայտարարութիւնը, որ կը խոստանայ կապերու հաստատումը, Սարգսեանի մտահոգութիւնները փարատէ»։
«Ռոյթըրզ», «Ա.Էֆ.Փէ.» եւ «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնները, «Պի.Պի.Սի.», «Նիւ Եորք Թայմզ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Այրիշ Թայմզ» եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթերը իրենց կարգին անդրադարձան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման արձանագրութիւններու ստորագրութեան։
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը գրած է, թէ «Երկու երկիրներն ալ կը յուսան, որ սահմանին բացումը նպաստէ դժուարութեան մատնուած իրենց տնտեսութիւններուն։ Թուրքիոյ համար Հայաստանի հետ աւելի լաւ յարաբերութիւնները կրնան բարելաւել Եւրոպական միութեան անդամակցելու հաւանականութեան, ուր Ցեղասպանութեան հարցը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր արգելքներէն մէկը: Այս քայլը կրնայ նպաստել նաեւ հայկական մեծ համայնք մը ունեցող Միացեալ Նահանգներու հետ նոյն հարցով վէճերը փարատելու»։ Կը նշուի, որ երկու երկիրներուն միջեւ «վէճի կեդրոնական նիւթը Ցեղասպանութիւնն է»:
Յատկանշական է, որ օրաթերթը առաջին էջի վրայ նշում մը ունի այս մասին, իսկ լուրը ամբողջութեամբ տրուած էր չորրորդ էջին վրայ, մինչ «Լոս Անճելըս Թայմզ» այս լուրին անդրադարձած էր 22րդ էջով, միջազգային ամփոփ լուրերու բաժինին մէջ կարճ լրատուութեամբ մը:
Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, «Սահմանը բանալը եւ Հայաստանի հետ յարաբերութեան հաստատումը պիտի նպաստեն շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան բարելաւման եւ օժանդակեն Եւրոպական միութեան անդամակցութեան անոր ձգտումին։ Ատիկա նաեւ ծովու վրայ ելք չունեցող եւ համաշխարհային տնտեսական տագնապէն տառապող Հայաստանի թրքական եւ եւրոպական շուկաներու մուտք պիտի ապահովէ։ Սակայն համաձայնութիւնը կը դիմագրաւէ Արեւմուտքին համար քարիւղի եւ կազի մատակարար եւ Եւրոպայի ծրագրած «Նապուքօ» խողովակաշարին կազի մատակարարման բանալի Ատրպէյճանը զայրացնելու վտանգը»։
Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Բանակցութիւնները դեռ շարք մը վտանգներու առջեւ են։ Անոնց շարքին են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ Հայաստանի ջանքերը։ Թէեւ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ ատիկա յարաբերութեանց կարգաւորումը պիտի չխանգարէ, սակայն Թուրքիոյ մէջ այս հարցին հետ կապուած ազգայնական տրամադրութիւնները տակաւին զգալի են։ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորելով՝ Թուրքիա կը բարելաւէ Եւրոպական միութիւն մուտք գործելու հաւանականութիւնը»:
Զուիցերիական «Թրիպիւն տը Ժընեւ» օրաթերթը կը գրէ. «Հայաստանն ու Թուրքիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու եւ սահմանները բանալու ուղղութեամբ հասան համաձայնութեան։ Տասնեակ տարիներ տեւած անվստահութեան եւ փոխադարձ մեղադրանքներէն ետք, ասիկա երկու հարեւանները հաշտեցնող կարեւոր քայլ մըն էր»։
«Պի.Պի.Սի.»ի մէջ կը կարդանք. «Թուրքիա եւ հարեւան Հայաստանը տասնեակ տարիներ տեւած ցաւալի անվստահութենէն ետք աւելի մօտեցան դիւանագիտական յարաբերութիւններու ստեղծման»։
Սպանական «Էլ Փայիս»ը կը գրէ. «Հայաստան եւ Թուրքիա մօտ են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման։ Շուրջ հարիւր տարի շարունակուող թշնամութենէ ետք, երկու երկիրները սահմանները բանալու ճամբուն վրայ կը գտնուին»։
«ԵուրօՆիւզ» կայքը կը յայտնէ. «Թշնամի հարեւաններու միջեւ յարաբերութիւնները կը լաւանան։ Հարիւրամեայ անվստահութենէ ետք, կամաց-կամաց բարելաւուող յարաբերութիւններու սկիզբը եղաւ անցեալ տարի Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ հանդիպումը՝ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ»։
Գերմանական «Տէօչը Վելէ»ն կը յայտնէ, թէ «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը կ՛ապահովէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ նոր զարգացումներ։ 14 Հոկտեմբերի ֆութպոլի խաղը դիտելու նպատակով Սերժ Սարգսեանի Թուրքիա գալը ապահովելու համար, Անգարան անակնկալ քայլեր առաւ»։
Իր կարգին, ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը գրէ. «Թուրքիա եւ Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու ստեղծման ճամբուն վրայ են։ 1991էն ի վեր Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի»։
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Երկուշաբթի ուշ գիշերին ողջունեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ծրագիրը՝ յայտնելով, որ պատրաստ են սերտօրէն աշխատակցելու երկու կողմերուն հետ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իան Քէլի յայտնած է, թէ «Բնականոնացումը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու եւ խելամիտ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին։ Կը շարունակենք զօրակցիլ յարաբերութեանց բնականոնացման պատմական այս գործընթացին, որ պիտի նպաստէ ամբողջ շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան»։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ողջունեց Հայաստան-Թուրքիա յայտարարութիւնը։ Ան յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումը՝ «պատմական կարեւորութիւն ունեցող դէպք մը պիտի ըլլայ եւ պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան»։ Սարքոզիի գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ յայտնելով, որ Ֆրանսա Թուրքիան եւ Հայաստանը կը քաջալերէ «կրկնապատկելու իրենց ջանքերը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.