ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա», «Ժինուա».- Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին մասին արտայայտուելով՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին յայտարարեց, թէ ստորագրուելիք արձանագրութիւններով, Հայաստան ու Թուրքիա պէտք է ճանչնան իրարու ներկայ սահմանները, այսինքն, այս կերպով Հայաստան ընդունած պիտի ըլլայ 1920ի Կարսի պայմանագիրը ու պիտի չկարենայ հողային որեւէ հարց ներկայացնել Թուրքիոյ։
Հետաքրքրական է, որ հակառակ այն իրողութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կամ Ատրպէյճանի մասին ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ մշակուած արձանագրութիւններուն մէջ, Էրտողան, արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլուի նման, պնդեց, որ անուղղակի կապ մը կար այս փաստաթուղթերուն ու Ղարաբաղի տագնապը լուծելու գործընթացին միջեւ։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ վեց շաբաթներու ընթացքին յառաջխաղացք մը պիտի արձանագրուի Ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցութիւններուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ արձանագրութիւններու վաւերացման համար յարմար գետին մը ապահովել խորհրդարանին մէջ:
Վարչապետ Էրտողան նշեց, որ ասիկա քաղաքական գործընթաց մըն է, որ տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ բանալի դերակատարութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ։ «Տարածաշրջանային կայունութեան համար պայման է, որ բնականոն յարաբերութիւններ գոյութիւն ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ», ըսաւ ան՝ յոյս յայտնելով, որ Թուրքիա-Հայաստան կապերու բարելաւումը նպաստաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կրկին դատապարտեցին իշխանութիւններու այս քայլը՝ նշելով, որ ամէն ինչ Ամերիկայի թելադրութեամբ կը կատարուի։ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը յայտարարեց, թէ Թուրքիա, հակառակ մեծ ու կարեւոր երկիր մը ըլլալուն, Ամերիկայի կամ Եւրոմիութեան գերին դարձած է, ու անոնց թելադրութեամբ կը մշակէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը:
«Սահմանները փակուած էին ատրպեճանական հողերու գրաւման պատճառով, ուրեմն, պայման է, որ այդ գրաւեալ հողերը ետ վերադարձուին՝ սահմանները վերաբանալու համար», յայտնեց կուսակցութեան փոխնախագահ Օնուր Օյմէն:
Ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ քաղաքագէտներ եւս դիտել տուին, որ Թուրքիա վերածուած է պետութեան մը, որուն ամէն կողմէ կը զարնեն։ Անոնք յիշեցուցին Մայիսին Ատրպէյճանի խորհրդարանէն ներս Էրտողանի ունեցած յայտարարութիւնները՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի ազգային շահերուն պէտք է միշտ նախապատուութիւն տրուի:
Ընդդիմադիրները պնդեցին, որ Թուրքիա միակ կողմն է, որ զիջումներ խոստացած է, իսկ Հայաստան, անոնց փոխարէն, ոչ մէկ զիջում ընելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուած է:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացին սկսելու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը՝ զայն «դրական» քայլ մը համարելով:
«Հայաստանը եւ Թուրքիան մեզի բարեկամ երկիրներ են: Ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ խորհրդակցութիւնները, որոնք այդ երկիրներու զուտ ներքին հարցերն են, աւարտին էական համաձայնութիւններու ձեռքբերումով», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.