ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1 թուակիր նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի անդամներուն փոխանեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով եւ գաղտնի բանակցութեանց արդիւնք հանդիսացող համաձայնութեան նախագիծերուն նկատմամբ՝ իր վերապահութիւններն ու մտավախութիւնները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանի խմբագրած նամակին մէջ յատկապէս կը շեշտուի, թէ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակուած Հայաստանը ներկայիս կը գտնուի տնտեսական եւ դիւանագիտական ծանր ճնշումներու տակ, եւ այդ պատճառով է, որ պարտադրաբար ընդունած է այնպիսի պայմաններ, որոնք վտանգ կը սպառնան իր շահերուն, իրաւունքներուն, ապահովութեան եւ նոյնիսկ ապագային: Ան կ՛աւելցնէ, թէ յատկապէս մտահոգիչ է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը «Պատմագէտներու յանձնաժողով»ի մը յանձնելու Թուրքիոյ փորձերը, որոնք մաս կը կազմեն պատմական այդ իրողութիւնը ուրանալու Անգարայի երկարամեայ քաղաքականութեան:
Համբարեան կը շեշտէ, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու նման փորձ մը երկարատեւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ չէ հիմնուած Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան վրայ:
Նամակին մէջ նաեւ կը մատնանշուի, որ երկկողմանի յարաբերութեանց առնչուող արձանագրութիւններուն մասին տեղեկութիւններու հրապարակումէն մէկ օր ետք իսկ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները արդէն կը խախտէին առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ վերահաստատելու կապակցութեամբ իրենց խոստումը, երբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն բացայայտօրէն կը վստահեցնէին, թէ անկարելի է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանները բանալ, առանց լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:
Այս բոլորէն ետք, Համբարեան կոչ կ՛ընէ դիմելու հետեւեալ չորս հիմնական միջոցառումներուն.
– Համոզել Միացեալ Նահանգներու նախագահը, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը:
– Երաշխիքներ ստանալ Ուաշինկթընէն, թէ՝ որեւէ պայմանի տակ պիտի չընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը «պատմագէտներու յանձնաժողով»ի մը յանձնելու առաջարկ, որովհետեւ նման քայլ մը հարցականի տակ պիտի առնէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է պարտադրէ Թուրքիոյ, որ յարգէ իր խոստումները:
– Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը պէտք է արագօրէն վաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող բանաձեւը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.